Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի ընդառաջ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ժան-Պաթիստ Լըմուան աչքէ անցուցին բոլոր մանրամասնութիւնները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկնեց, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ Սուրիայէն։ Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ աշխատանք կը տարուի այս ուղղութեամբ ծրագրի մը վրայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը 2015 թուականին կազմակերպած էր քառօրեայ գիտաժողով մը, որու նիւթն էր Սուրիոյ հայերը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Այս տա­րի, Ար­ցա­խի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ, պի­տի կազ­մա­կեր­պուին ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան դա­սըն­թացք­ներ:
Artsakhpress.am-ի հա­ղորդ­մամբ, Ար­ցա­խի մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­կան ա­րուեստ­նե­րու բաժ­նի վա­րիչ Ե­րա­զիկ Դա­նիէ­լեան՝ նշած է, որ դա­սըն­թացք­նե­րուն կրնան մաս­նակ­ցիլ բո­լոր փա­փա­քող­նե­րը՝ ա­ռանց տա­րի­քա­յին սահ­մա­փակ­ման:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Միջազգային համալսարաններու 2018-ի մարզական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերելու նպատակով, Լիբանանի Հայկազեան համալսարանէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Աթէնք, ուր պիտի մասնակցի քանի մը տեսակի մարզախաղերու:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Հովանաւորութեամբ «Արմենիա Էյր Քամփընի»ի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Համազգայինի 90-ամեակին առիթով Հայաստանի «Մուշ» պարային համոյթը եւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը պիտի ունենան միացեալ ելոյթներ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծիրէն ներս հարցազրոյց մը տուաւ «Աթլանթիք» հանդէսին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Իսրայէլ ունի իր տարածքին տէր ըլլալու իրաւունքը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ վերջերս ստորագրուած հրամանագրերով կատարուեցան նոր դեսպաններու նշանակումներ։ Այսպէս, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան ազատուեցաւ իր պաշտօնէն։ Չիտէճեան հայկական դիւանագիտութեան տուայէն դէմքերէն մին է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ պատահեցաւ մեծ պայթում մը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ Հիւսիսային պողոտայի մէջ։ Burger King ճաշարանէն ներս պատահեցաւ պայթումը, որու հետեւանքով ութ հոգի վիրաւորուեցան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահները կը քննարկեն տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրները:
Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդհանուր կացութիւնը կ՚ենթարկուի արժեւորման:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ անցեալ տարուընէ սկսած է արտադրուիլ աշխարհի մէջ առաջին խելացի եւ գերհզօր դրամապանակը: Volterman անունով այդ կաշիէ դրամապանակը հինգ գերհնարաւորութիւն ունի:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Գալիֆորնիա նահանգը ճանչուած է որպէս երկրաշարժերու եւ հրդեհներու հակամէտ շրջան: Վարժուած ենք:
Ամրան տաք եղանակին, երբ օդի ջերմաստիճանը բնականէն շատ աւելի բարձրանայ, հեռատեսիլի առաջնահերթ լուրերուն մէջ տեղ կը գրաւեն անտառային հրդեհները: Բլուրներու վրայ գտնուող թանկարժէք բնակարանները առաջին զոհերը կը դառնան այդ անզուսպ կրակներուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անսպասելի եւ ծայրայեղ քաղաքական դիրքորոշումներու կողքին վճռած է իր շրջապատը «մաքրել» ու ձեւաւորել բոլորովին «նոր» տեսակի խորհրդատուներու եւ օգնականներու ցանցով մը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։ Չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանի սաները դեր ստանձնած էին հանդէսի յայտագրին մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան յիշատակը մշտադալար եւ օծուն ձիթենիի շիւղերով եւ արմաւենիի ոստերուն հիւսքերով վերակենդանացուց Եկեղեցին։ Երբ կը վկայենք այս ոգեւորութեան, կը վերյիշենք նաեւ Քրիստոսի արդար վրդովումը եւ նախանձախնդրութիւնը Տաճարին մաքրագործութեան գործին նկատմամբ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018

Վերջերս լոյս ընծայուեցաւ մոնթրէալաբնակ Ներկիզեան գիտնական եղբայրներու ֆրանսերէն լեզուով պատրաստած դասագիրքը, որ թէ՛ համալսարանական ուսանողներու եւ թէ հետազօտութիւններ կատարող մասնագէտներու կը հայթայթէ համակարգչային օժանդակութեամբ հիմնական գիտելիքներ եւ ելեկտրականութեան ճարտարարուեստի նորագոյն կիրարկումներու մանրամասն տեղեկութիւններ, բարդութիւններ կանխելու եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու միջոցներ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 2, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով, հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն տաղաւարի Ս. Պատարագի ընթացքին իր աշխարհացրիւ հօտին փոխանցեց Ս. Զատկի կենարար աւետիսը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 2, 2018

Պատրիարքարանի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի այցելել մայրաքաղաք Անգարա՝ տեսակցելու համար Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Պետրոս Շիրինօղլու խօսեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին վերաբերեալ՝ վերջերս համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած զանազան ժխտական լսումներու շուրջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 2, 2018

Թրքահայութիւնը աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը. «Քրիստոս յարեաւ» աւետիսը հնչեց՝ առիթ դառնալով ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան: Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Տօնական աւանդական ընդունելութեան առթիւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ համախմբուեցան համայնքային շրջանակներէն ներկայացուցիչներ: Գումգաբու այցելեց նաեւ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարներէն Մեհտի Էքէր, որ յղեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 2, 2018

 ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պատանեկան տարիներուս Հիւսիսային Իրլանտան միշտ ալ եղած  էր մտքիս մէջ շփոթ, բայց նաեւ հետաքրքրութիւն ստեղծող երկիր մը: Նախ, որ կային երկու Իրլանտաներ, եւ միշտ չէ, որ կրնայինք այդ տարիներուն զանազանել մէկը միւսէն:

Էջեր