Արխիւ
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ, Չորեքշաբթի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ Պաքըրգիւղցի արուեստագէտներու միութեան (Basad) Թրքական դասական երաժշտութեան երգչախումբը հանդէս եկաւ համերգով մը՝ մեկնաբանելով հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ կազմակերպուեցաւ մնայուն բնակիչներու աւանդական սեղանը։ Ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի ջանքերով կազմակերպուած այս հաւաքոյթին ընթացքին Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով մնայուն բնակիչներուն եւ հիւանդանոցի ամբողջ անձնակազմի տաղաւարը։
Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ թատրոնի ոգեւոր կալա մը։ Միութեան թատերախումբը կը ներկայացնէ «Mutlu Noeller» անուն խաղը, որ մէկ արարէ բաղկացեալ զաւեշտ մըն է։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ Արթուր Պետրոսեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երեւանի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ իր հրաժարականը ընդունուած է Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն տեսակցեցաւ արժանթինահայ գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց «Թիէրաս տէ Արմենիա» (Հայաստանի հողեր) ընկերութիւնը։
Հայաստանի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահներուն միջեւ անմիջական տեսակցութիւն:
Սերժ Սարգսեան եւ Սերճիօ Մաթարելլա անդրադարձան հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի ռազմավարական նշանակութեան:
Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը երէկ իր երկրորդ ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։
Խումբը կը ջանայ ստեղծել ամուր ենթագետին մը, որու վրայ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բացատրութիւններ տուաւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին հետ ունեցած տեսակցութեան շուրջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմի սկզբնական շրջանին՝ այդ օրերու Իսրայէլի անվտանգութեան հարցերու նախարար Մոշէ Եահալոն «կը բացայատէր», որ իր երկիրը Սուրիոյ հարցերուն «դիմակայելու» համար ստեղծած է երեք կարմիր գիծեր, որոնց համար ալ անհրաժեշտ պահուն իրենք պատրաստ են յարմար լուծումներ կիրարռել: Այդ «կարմիր գիծեր»ը հետեւեալներն էին.
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ խոստումին։ Այս հարցումը կասկածամտութեան արդիւնք չէ։ Աստուած Աբրահամի ըսաւ. «Ես եմ Տէրը, որ քեզ քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցի՝ այս երկիրը բերի, զայն քեզի իբր ժառանգութիւն տալու համար», Աբրահամ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս պիտի գիտնամ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատկի ութերորդ օրը, այսինքն՝ Զատկի յաջորդող առաջին Կիրակին կը կոչուի «Նոր Կիրակի», եւ կամ «Կրկնազատիկ»։ Ըստ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի, «Կրկնազատիկ» անուանումը ժողովրդական անուն մըն է, որ երբեմն կը տրուի Զատկի ութերորդ օրուան՝ Նոր Կիրակիին, սակայն բնաւ եկեղեցական նշանակութիւն չունի։
Վատիկանի պարտէզներէն ներս երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանը:
Սրբազան Քահանայապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետն ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը:
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ներկայացումով մը։ Մերթ Ասութայի բեմադրութեամբ կը ներկայացուի «Bir Demet Cinayet» անուն խաղը։
Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ քննարկուեցան համայնքային կեանքի օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ու Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանը:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը այս շաբաթավերջին մասնակցութիւն կը բերէ փառատօնի մը, որ խորագրուած է՝ «Երգչախումբերու մարաթոն»։
ARA KOÇUNYAN
Medya, her düzeyi ve yönüyle zor bir alandır. Türkiye Ermeni toplumunun küçücük yapısı içerisinde bile gazetecilik yapmak pek de kolay sayılmaz. Özellikle küçük topluluk koşullarında zorlukların arttığı dahi söylenebilir.
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ինքնաշարժը կը յառաջանայ: Բնութիւնը արագ շարժումներով կարծես կը սուրայ ինքնաշարժին հակառակ ուղղութեամբ: Երկու կողմերէն ծառերուն նորածիլ ճիւղերը, տակաւին մերկ ու անհոգի կը թուին, մինչ լեռնաշղթաները թեւաբաց կը դիմաւորեն ինքնաշարժը գեղեցիկ խճանկարներ գծելով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գրեթէ բոլոր հին մշակոյթներու մէջ, հաւկիթը կեանքի, վերակենդանութեան խորհրդանիշն է եղած եւ կը բովանդակէ «Նոր կեանք»ը։ Հաւանաբար քրիստոնէական շրջաններէն շա՜տ առաջ, գարնանային վերակենդանութեան նուիրուած ծիսակատարութիւններու, տօնախմբութիւններու ընթացքին հաւկիթ կը ներկուէր, կ՚օրհնուէր եւ կը փոխանակուէր, յետոյ մարդիկ կ՚ուտէին զանոնք։
Ա. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան (Երեւանի Բնագիտութեան ուսումնարան) հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը՝ Հայաստանի Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին՝ միաձայն որոշած է հիմնադրամի տնօրէն նշանակել Նոթրը Տամի համալսարանի, Միացեալ Նահանգներ, Ինտիանա, Բնագիտութեան բաժանմունքի փրոֆեսէօր Անի Աբրահամեանը՝ առաջարկելով Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահին, վերջինիս հետ կնքելու աշխատանքային պայմանագիր։
Իտալացի յայտնի ջութակահար ու ալթահար Մարքօ Միշանիայի եւ հանրածանօթ օփերայի երգիչ, «Զուարթնոց» խումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Կոնինեանի՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարին մէջ նկարահանուած «Արեւի երգը՝ Արեւի աստուծոյ տաճարին մէջ» տեսահոլովակը ուղղուած է Իտալիոյ հասարակութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց նահատակ պետական գործիչ Կարէն Տեմիրճեանի տուն-թանգարանը։