Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 6, 2018

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը այս շաբաթավերջին մասնակցութիւն կը բերէ փառատօնի մը, որ խորագրուած է՝ «Երգչախումբերու մարաթոն»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Վալեթայի մէջ, Ապրիլի 15-30 թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մշակոյթի օրեր, որու շրջանակէն ներս կ՚իրականացուի համերգ մը՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի յոբելեանին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Աւանդական դարձած ձեռնարկ. «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ»։
Բարեգործական երկօրեայ նախաձեռնութիւնը գանձատրուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Չհամաձայնեցման շարժման մասնակից երկիրներու նախարարաց միջանկեալ ժողովը՝ Պաքուի մէջ։
«Տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի՝ մինչեւ որ վերջ գտնէ Ատրպէյճանի բռնագրաւումը»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Այսօր Վատիկանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը մասնակցութիւն կը բերէ այս արարողութեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն ներս, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, Զարեհ Սինանեան վերընտրուեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ֆրանսահայ լրագրող Վահէ Տէր-Մինասեան վերջերս հրատարակած է իր անդրանիկ գիրքը։ L'Harmattan յայտնի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է այս գործը, որ կը կոչուի՝ «Հայաստան. երրորդ Հանրապետութեան ժամանակագրութիւն»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներուն եռակողմանի գագաթաժողովի արդիւնքին շեշտուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Վլատիմիր Փութին եւ Հասան Ռուհանի կանգ առին Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը սկսին բարենորոգման աշխատանքները։ Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յետմիջօրէին հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու իր ընկերները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ծաղկաձոր քաղաքին կեդրոնը կայ գողտրիկ թանգարան մը, որուն կից, պզտիկ հրապարակի մը վրայ, տեղադրուած է քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեանի կերտած Օրբէլի եղբայրներու յուշաքանդակը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ յիշատակեցինք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Տօն, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ ամենէն կարեւոր տօնը կը համարուի:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 5, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը խօսուի «Ընթրիք»ի մասին՝ Յիսուսի «Մեծ Խնճոյք»ի առակին առիթով, կը մտաբերուի Կիւրեղ Մեծը, որ կ՚ըսէ. «Մեր երկնաւոր Հայրը Ի՛նքն է, որ մարդոց համար կը պատրաստէ (կը պարգեւէ) այն շնորհները, որ Իր Որդիին միջոցով տրուեցան բոլորին, որոնք են՝ մեղքերու թողութիւն, Սուրբ Հոգիի հաղորդակցութիիւն, որդեգրութիւն եւ երկինքի արքայութիւն, Քրիստոս բոլոր ազգերէն առաջ նախ Իսրայէլը հրաւիրեց իր օրհնութիւններուն՝ Աւետարանի միջոցով»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ­. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց շնորհաւորութիւններ:
Յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ եւ քաղաքապետներ այցելեցին Պատրիարքարան: Նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալեց նաեւ իսթանպուլահայ հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը երէկ երեկոյեան գեղարուեստասէրներուն ներկայացուց «Եոլճուլար» խաղը։ Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացումը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կարգ մը երեւակայածին կամ իրական շրջանակներու մէջ սկսած են փսփսուքով շրջան ընել զրոյցներ, որոնց սուտ կամ ճշմարիտ ըլլալը չէ ստուգուած, սակայն շահեկան ըլլալը կը նկատուի կասկածէ վեր:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ծննդոց գրքի 6-9 գլուխներուն մէջ կը յիշուի, թէ ինչպէս ջրհեղեղէն ետք ժողովուրդը դարձեալ սկսաւ աճիլ։ Ապա Ծննդոց գրքի 11-րդ գլխուն մէջ սերնդաբանական կարգով ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Աբրահամ Սեմի սերունդէն էր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կ՚ը­սեմ ձե­զի, որ ա­ռա­ջին հրա­ւի­րեալ­նե­րէն ո՛չ մէ­կը իմ ընթ­րի­քէս պի­տի ճա­շա­կէ», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։­
Ընթ­րի­քը օ­րուան վեր­ջին ճաշն է, ու­րիշ խօս­քով՝ մարդ ընթ­րի­քէն ետք այ­լեւս չի ճա­շա­կեր, եւ օ­րը կը վեր­ջա­նայ ընթ­րի­քով։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան մակագրուած գիրք մը ստացաւ հարաւայինամերիկացի մեծանուն գրող Փաոլօ Քոէլլոյի մակագրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի ընդառաջ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ժան-Պաթիստ Լըմուան աչքէ անցուցին բոլոր մանրամասնութիւնները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկնեց, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ Սուրիայէն։ Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ աշխատանք կը տարուի այս ուղղութեամբ ծրագրի մը վրայ։

Էջեր