Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մութը եւ խաւարը անորոշութիւն եւ անստուգութիւն կը նշանակեն. իսկ լոյսը՝ յստակութիւն եւ հաստատութի՛ւն։ Արդարեւ, մութը վախ կը պատճառէ, քանի որ մարդ մութին մէջ ապահով չէ, անորոշութեան մէջ է եւ անշուշտ վա՛խ կը պատճառէ ասիկա մարդուս։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017

Չեխահայ գործարար Գէորգ Աւետիսեան կարեւոր յաջողութեան հասաւ իրաւական գետնի վրայ:
«Dr. Oetker» ընկերութիւնը երկար բանակցութիւններէ վերջ յանձն առաւ Թուրքիոյ շուկայէն հաւաքել տուփերը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017

Հայաստանի եւ Հնդկաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ շփումները հետզհետէ կը սերտանան:
Սերժ Սարգսեան եւ Նարենտրա Մոտի քննարկեցին երկկողմանին երկկողմանի կապերու տեսակէտէ հեռանկարային ոլորտները:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ, ընդհանրապէս դրական բաներու օգտակարութեան կը հաւատան. զոր օրինակ, գիտնալու, յիշելու, ամէն բանի մասին տեղեկութիւն ունենալու, շահելու, եւ այլն։ Այս պատճառով, կ՚ուզեն միշտ ունենալ, չկորսնցնել եւ պահել, փոխանակ չունենալու, կորսնեցնելու։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բե­րի 31-ին կը լրա­նար Լի­բա­նա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նի ընտ­րու­թեան եւ պաշ­տօ­նի ստանձն­ման ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձը:
Աուն, որ նա­խա­գա­հա­կան ա­թոռ կը հաս­նէր կեր­տե­լէ ետք քա­ղա­քա­կան բա­ւա­կան «թէժ» հա­մա­րուած կեն­սագ­րու­թիւն մը, կու գար լրաց­նել 28 ա­միս նա­խա­գա­հի չգո­յու­թեան հե­տե­ւան­քով ըս-տեղ­ծուած բա­ցը: 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անոր աղջկան՝ Սիլվիա Աճեմեանին մղումով եւ հոգատարութեամբ, կը հրատարակուի գիրք մը՝ նուիրուած քաղաքական ծաղրանկարիչին: Անկասկած, Տիրան եղած է ժողովրդավարութեան ամենէն սուր եւ զուարճալի հրացանակիրներէն մին:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Աղանդաւորական շարժումները քրիստոսահաստատ Եկեղեցւոյ սկբզնաւորման շրջանէն սկսեալ քամիի նման դէսուդէն կը փչեն, քրիստոնէական Եկեղեցիէն աւելի՛ բան մը ըրած ըլլալու յաւակնոտութեամբ։ Լորձնաշուրթն աղանդաւորները կը փորձեն «թերահաւատները Աստուծոյ ճամբուն առաջնորդել, խաւարի մէջ խարխափող մարդիկը լուսաւորել, մեղքի թմբիրի մէջ եղողները զգաստացնել եւ մոլորածները ճամբու բերել»՝ զանոնք առաջնորդելով իրենց նախասիրած ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017

​Էսաեան վարժարանին մէջ խանդավառ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ 8-րդ դասարանի աշակերտները հանդէսի ժամանակ ներկայացուցին մեծ բանաստեղծ Զահրատի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Յօրինող, երաժշտական-հասարակական գործիչ, երաժշտութեան ուսուցիչ, խմբավար Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան օրը՝ Նոյեմբերի 1-ին, անոր գործունէութիւնը գնահատողներն ու ստեղծագործական ժառանգութեան երկրպագուները այցելեցին Սպենդիարեանի շիրիմը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յօրինողի յիշատակին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հնդկաստան։ Ան երէկ մեկնեցաւ Նոր Տելհի՝ Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հրաւէրով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով կը պատրաստուի Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունենալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այդ տեսակցութիւնը նախատեսուած է 16 Նոյեմբերին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին ան պիտի ուղեւորուի Ուաշինկթըն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Նիսի ծուխի պարագային միշտ առկայ են նուրբ հարցականներ ու բարդութիւններ:
Կանոնագրութեան իւրացումը՝ խնդիրներու կիզակէտին:
Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան, Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օքսայեան տրամադրուած են շատ դրական ու կը ձգտին, որ ամուր լուծում մը գտնուի երկարատեւ այս տագնապին: Իրադարձութիւններու ընթացքը կրնան պայմանաւորել նաեւ ներկայ դատավարութիւնները:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ մեր վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ տիկինները երէկ հանդիպում մը ունեցան Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ առկայ փակուղին կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Մեքսիքայի նորահաստատ հայ համայնքին համար անգնահատելի զօրակցութիւն:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մեխիքոյի մէջ հիւրընկալուեցաւ աննախընթաց ջերմութեամբ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

Երեւանի ճազի փառատօնը անմոռանալի պահեր կը պարգեւէ երաժշտասէրներուն՝ որակով, մակարդակով:
Օփերայի համալիրէն ներս Արթօ Թունչպոյաճեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ փայլուն ձեռնարկ մը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 1-ին, 106 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ Լեւոն Թորոսեան անունով հայազգի արժանաւոր մանուկ մը, որ կոչուած էր Անրի Թրուայա գրչանունով իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճելու ֆրանսական գրականութեան աշխարհահռչակ տաղանդներու փաղանգին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գերմանիացի նշանաւոր իմաստասէր Հէկէլ արուեստագէտներէն կը պահանջէ ամենէն առաջ՝ կեանքի խորհուրդներուն արտայայտութիւնը։ Իսկ Զօլա գեղարուեստը սահմանած է որպէս «խառնուածքի մէջէն երեւցող բնութիւն» մը. «la nature à travers un temperament»։

Էջեր