Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը՝ Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ։ Դպրոցի աշակերտներու ծնողներն ու թաղեցիներ անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ձեռնարկին նկատմամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017

Ոչ-իսլամ համայնքներու աշխարհական վարիչներուն մասնակցութեամբ կարեւոր խորհրդակցութիւն:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութիւններու նոր ներկայացուցիչի թեկնածուին անուան շուրջ փոխըմբռնման հասնելու համար կը տարուին աշխատանքներ: Երէկուան ժողովը տեղի ունեցաւ Թորոս Ալճանի գրասենեակի երդիքին տակ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017

Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան 300-ամեակին առթիւ բազմակողմանի հանդիսութիւններ:
Զէքիեան գերապայծառ երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գործող հայոց մշակոյթի սրբազան վայրերէն մին՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, համալրուեցաւ անգնահատելի գանձով մը: Թանգարանի ձեռագրային բազմահազար նուիրատուութիւններուն աւելցաւ Միսաք Մեծարենցին պատկանող ձեռագիր մը եւս:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Michel de Montaigne կ՚ըսէ, թէ՝ մարդ եթէ նոյնիսկ չգիտնայ, չսորվի, պէ՛տք է որ գիտնալու, սորվելու կորովը եւ կարողութիւնը ունենայ։
Montaigne-ի այս խօսքէն կը հասկցուի, որ չգիտնալը, չսորվիլը որեւէ արդարացում չի կրնար ունենալ, այլ մարդ պէտք է ջանայ, կարողութիւնը եւ կորովը ունենայ գիտնալու եւ սորվելո՛ւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017

Երբ պատրիարքական ընտրութեան հարցին վերաբերեալ անորոշ սպասումը կը շարունակուի, այսօր յետմիջօրէին կարեւոր տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ։ Այսպէս, Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին հիւրընկալեց մեր համայնքին կողմէ պատուիրակութիւն մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մեր երկիրը հայրենիքն է մարդկութեան, բազմամիլիոն անասուններու, բոյսերու եւ այլ շնչաւորներու։ Միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր եղափոխութիւններ տեղի կ՚ունենան երկրի վրայ ու կը շարունակեն միշտ փոխուիլ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լալա Միսկարեան-Մինասեանի անուան ես ծանօթ էի նախքան Հալէպի դէպքերը: Գիտէի, որ Տիկին Լալան հմուտ հայերէնագէտ դասախօս է, որ կը դասաւանդէ «Համազգային»ի տնօրինած Հալէպի «Հայագիտական հիմնարկ»էն ներս:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017

«Խա­ւա­րի մէջ Կո­մի­տաս» խո­րագ­րեալ ե­րաժշ­տա­հան­դէս­նե­րու շղթա­յին վրայ շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ւել­ցաւ հեր­թա­կան օ­ղակ մը։ Չոր­րորդ Լե­ւեն­տի «Քա­րան­լըք իշ­լէր» ե­րաժշ­տու­թեան տան մէջ կազ­մա­կեր­պուած հեր­թա­կան հա­մեր­գով Մեծ Վար­դա­պե­տը ո­գե­կո­չուե­ցաւ՝ իր մա­հուան 82-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017

Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017

Համայնքային շրջանակները շօշափելի աջակցութեամբ հերթական անգամ լուրջ քայլ մը առին՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը խրախուսելու համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը յաջողեցաւ այս տարուան սիրոյ սեղանի արդիւնքին ապահովել որոշ քանակութեամբ հանգանակութիւն, որ թէեւ բաւարար չէ տարեկան պիւտճէն ամբողջութեամբ հաւասարակշռելու համար, սակայն դպրոցի յառաջիկայ կայունութիւնը կը համարուի յամենայնդէպս երաշխաւորուած - Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց աւանդական արարողութիւններուն:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կը լսենք եւ կը կրկնենք, թէ կեանքը ամբողջ պայքա՛ր մըն է՝ անվերջ, մշտնջենաւոր։ Եւ ով որ պարտուի այս պայքարին մէջ, դասալիք կ՚ըլլայ, դուրս կու գայ պայքարէն եւ կեանքը կը կորսնցնէ իր նպատակը, եւ անշուշտ իր իմաստը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017

Մերձաւոր Արեւելքէ ներս խաղաղութեան հաստատման ու քրիստոնեաներուն նուիրուած յատուկ աղօթք:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Երանի բոլոր անոնց, որոնք կ՚աղօթեն կրօնական հանդուրժողութեան ամրապնդման համար»:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017

Ֆրանսայի մշակոյթի նախկին նախարար Օտրի Ազուլէն ընտրուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017

Կիւմրիի Վ. Աճեմեան անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը յառաջիկայ Նոյեմբերի 1-ին եռօրեայ հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքին մէջ իրականացուելիք ելոյթները կը նուիրուին բեմադրիչ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Փրոֆ. Նիքոլայ Ծատուրեանի յոբելեանին (ծննդեան 70-ամեակը լրացած է 2015 թուականին)։ Սոյն հիւրախաղերուն կ՚աջակցի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017

«Գործարար կանայք» յանձնախումբի ջանքերով, երեսուներկու հալէպցի կին գործարարներ մասնակցած են Դամասկոսի Միջազգային ցուցահանդէսին։ Անոնց կարգին էին հայուհիներ Անժէլ Պոշկեզենեան, Թալին Ալեքսանեան, Եուրի Սիլվահեան եւ Ռոզէթ Նազարեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017

Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, Հոկտեմբերի 18-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մեծ բարերարներ, Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան շէնքի նուիրատուներ Ատրիանա եւ Էտուարտօ Սեֆերեաններու անուան սրահի բացման արարողութիւնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017

Երէկ, Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավար Արա Սատոյեանի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած էր հերթական հանդիպումը վարչական շրջանի դպրոնցներու աշակերտներու հետ։ Հանդիպման Արա Սատոյեանի հրաւէրով ներկայ էր նաեւ աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017

«2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակման հեռանկարները տակաւին չեն յաղթահարուած»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Հայկական կողմը մշտապէս հանդէս եկած է՝ ի նպաստ խաղաղ լուծման»:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017

Զարգացող ութ երկիրներու կազմակերպութեան գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կանգ առաւ ռազմաարդիւնաբերական համատեղ ծրագրերու մշակման վրայ:

Էջեր