Արխիւ
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Այնքա՜ն հարուստ, հաւասարակշռուած, պարփակ իր գիտութեամբ, հնչիւնով, գիրով եւ խօսքով, որ դարձած է ազգերու նախանձի առարկայ:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին Սրբոց Թարգամանչաց արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ յայտնի գործարար Րաֆֆի Քալփաքճըօղլու, որու կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ բարեկամական շրջանակին։ Րաֆֆի Քալփաքճըօղլուի մահը անժամանակ է որոշ չափով։ Ճիշդ է, որ ան շատ երիտասարդ տարիքի մէջ չէր, սակայն միւս կողմէ 70 տարեկանին ալ չէր հասած։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը եւ Քարէն Թերզեանը։ Այս Կիրակի տեղի պիտի ունենայ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Մանուկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանրային դասախօսութիւն մը՝ «Հայ Երուսաղէմը» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր բանասէր, հայագէտ, աստուածաբանական գիտնական եւ համալսարանի դասախօս Աբրահամ Տէրեան, որ ծնած է 1942 թուականին, Եաֆա (ներկայիս՝ Թել Աւիւի մօտ, Իսրայէլ), աւարտած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, իսկ 1970 թուականին՝ Միչիկընի համալսարանը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ), եւ վերջապէս 1981 թուականին՝ Պազելի համալսարանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առանձնասենեակին մէջ փիլիսոփայ, եկեղեցիին մէջ եկեղեցական ապրեցէ՛ք»։ Այս խօսքը իր մէջ կը բարացուցէ բո՛ւն իսկ հոգեւորականը։ Ուստի Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի համար կրօնքը ո՛րքան «աստուածային յայտնութիւն» մըն է, ա՛յնքան ալ «ընդունակութիւն»՝ մարդուն կողմէ այդ յայտնութիւնը ըմբռնելու եւ իւրացնելու։
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան ժողովներ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Հիւսիսային Իրաքի իրադարձութիւնները։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս, ուր ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, որոնք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը:
Սերժ Սարգսեան. «Պայմանաւորուեցանք՝ միջոցներու ձեռնարկելու լարուածութիւնը ա՛լ աւելի թուլացնելու համար, որպէսզի առաջնագծի վրայ չունենանք զոհեր։ Պէտք է ըսեմ՝ թէ՛ Իլհամ Ալիեւ եւ թէ ես խորապէս շահագրգռուած ենք այս ուղղութեամբ։ Տայ Աստուած, որ միշտ ունենայ այդ համոզումը»:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը վերջին օրերուն ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն՝ գլխաւորութեամբ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի։ Նոր եղանակի բացման առթիւ երգչախումբի անդամները համախմբուեցան Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առթիւ շաբաթավերջին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ Ս. Պատարագին մասնակցեցան համայնքային վարժարաններէ տնօրէններ, կրթական մշակները, ինչպէս նաեւ աշակերտներ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր մեկնեցաւ Գերմանիա։ Յառաջիկայ օրերուն Պերլինի մէջ պիտի նշուի Լուտերական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 500-ամեակը։
Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած առաջին ձեռնարկը պսակուեցաւ շատ փայլուն յաջողութեամբ:
«Քատանս» արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը՝ խորապէս տպաւորելով ունկնդիրները:
Երեկոյթի գլխաւոր հովանաւորն էր Պետրոս Շիրինօղլու, որու յուշանուէրը յանձնեց Էօզտէմ Սանպերկ: «Ֆուլիա» գեղարուեստի կեդրոնի դահլիճը լեցուած էր ընտրանի բազմութեան մը կողմէ: Սիլվա Կոմիկեան ասմունքեց երանաշնորհ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի «Պատգամ»ը: Համերգին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլորը բաժակ բարձրացուցին խաղաղութեան մաղթանքով:
Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին ձօնուած «Քատանս»ի համերգի կարգադիր յանձնախումբը գլխաւորեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած ուղերձը։
Ռուսահայ աշխարհահռչակ դերասանը փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ բժիշկներու հսկողութեան տակ է:
Արմէն Ճիկարխանեան վերջին օրերուն լարուածութիւններ ապրած է՝ կնոջ եւ անմիջական գործակիցներուն հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին թափ տալու համար որոնումները կը շարունակուին միջնորդներու ջանքերով:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը տեսակցին շուրջ երկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ, սակայն լուրջ սպասումներ չկան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակի տօնը, այս տարի կը տօնուի 14 Հոկտեմբերին, որուն կը յաջորդէ «Մշակոյթի Շաբաթ»ը։ Ուստի բարեպատեհ առիթ մըն է, որ ամբողջ շաբաթ մը վերյիշենք եւ վերապրինք մշակոյթի արժէքները, անդրադառնանք լեզուի, գիրի, գրականութեան արուեստի կարեւորութեան՝ որոնց ամբողջը կը կազմէ «մշակոյթ»ը։
Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի Մանկական ստեղծագործութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է ազգային տօներուն նուիրուած Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 7-րդ մրցոյթ-փառատօնի շրջանակին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուեցաւ Ռուբէն Նաճարեանի մատիտանկար աշխատանքներու ցուցահանդէսը, որու մէջ ընդգրկուած են արուեստագէտին 1990-2015 թուականներու ընթացքին ստեղծագործած աշխատանքները։
«Ես իրապէս կը հաւատամ, որ արեւմտահայերէնի զարգացումն ու ամրապնդումը Սփիւռքի հարցն է»:
Ռազմիկ Փանոսեան. «Երիտասարդին պէտք է առիթը տալ հայերէնով ապրելու։ Ձեւով մը լեզուն կեթթոյի վերածած ենք, այսինքն՝ հայերէնով Հայոց պատմութիւն, գրականութիւն, լեզու կը սորվեցնենք առանց աշխարհի հետ հայերէնով առընչուելու»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ապահով եմ, որ այս շաբաթավերջին պոլսահայութիւնը իր ամբողջական ներկայութեամբ գեղեցկագոյն առիթ մը պիտի ունենայ նշելու Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տարեդարձը: