Արխիւ
Ֆրանսայի մշակոյթի նախկին նախարար Օտրի Ազուլէն ընտրուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն:
Կիւմրիի Վ. Աճեմեան անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը յառաջիկայ Նոյեմբերի 1-ին եռօրեայ հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքին մէջ իրականացուելիք ելոյթները կը նուիրուին բեմադրիչ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Փրոֆ. Նիքոլայ Ծատուրեանի յոբելեանին (ծննդեան 70-ամեակը լրացած է 2015 թուականին)։ Սոյն հիւրախաղերուն կ՚աջակցի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը։
«Գործարար կանայք» յանձնախումբի ջանքերով, երեսուներկու հալէպցի կին գործարարներ մասնակցած են Դամասկոսի Միջազգային ցուցահանդէսին։ Անոնց կարգին էին հայուհիներ Անժէլ Պոշկեզենեան, Թալին Ալեքսանեան, Եուրի Սիլվահեան եւ Ռոզէթ Նազարեան։
Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, Հոկտեմբերի 18-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մեծ բարերարներ, Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան շէնքի նուիրատուներ Ատրիանա եւ Էտուարտօ Սեֆերեաններու անուան սրահի բացման արարողութիւնը։
Երէկ, Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավար Արա Սատոյեանի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած էր հերթական հանդիպումը վարչական շրջանի դպրոնցներու աշակերտներու հետ։ Հանդիպման Արա Սատոյեանի հրաւէրով ներկայ էր նաեւ աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ։
Հայաստանի մէջ արդէն երրորդ անգամ տեղի կ՚ունենայ «Աշխարհի գոյները» փառատօնը՝ «Խճանկար» խորագրով։ Փառատօնի կազմակերպիչներէն Արման Կարապետեան նախընթաց օր կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ ան պիտի ըլլայ երաժշտական փառատօն։
ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան Նոյեմբերի գագաթաժողովին ընդառաջ:
Նալպանտեան եւ Աւրամոփուլոս քննարկեցին վիզաներու դրութեան դիւրացման մասին հարցեր:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանին հրաւէրին ընդառաջ՝ յառաջիկայ շաբաթ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս վար-չապետին պաշտօնական այցը նախատեսուած է Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբերին։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ դարձեալ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը շուրջ 15.50-ին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ արձակուած կրակին թիրախը դարձաւ զինուոր Տիգրան Խաչատրեան (1998)։
Գործարար Օսման Քավալայի հսկողութեան տակ առնուելուն արձագանգները կը շարունակուին։ «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան վարչութեան ղեկավար Քավալա նախընթաց օր Կազիանթէպէ Իսթանպուլ վերադարձին Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ հսկողութեան տակ առնուելով տարուած էր հարցաքննութեան։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ. «Թուրքիա ՓՔՔ-ի դէմ պայքարի ուղղութեամբ մեծապէս կը կարեւորէ Իրանի հետ համագործակցութիւնը»:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի խօսքերով՝ Անգարա առկայ պայմաններով հարցաքննութեան կրնայ ենթարկել Ուաշինկթընի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը:
Գերմանիոյ նախագահ Շթայնմայէր երէկ հիւրընկալեց Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը գերմանահայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Քալան» երաժշտական հաստատութիւնը վերջերս թողարկած է Ս. Պատարագի սկաւառակ մը։ Մեծանուն երաժիշտ Էտկար Մանասի տարբերակն է այս մէկը, որ «Քալան»ի կողմէ դրուած է երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ։
Կը տեղեկանանք, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յաջողած է դրական ենթագետին մը պատրաստել Իսթանպուլի Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան հետ վերջին տարիներուն ձեռնարկած համատեղ աշխատանքին շնորհիւ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան մեզի յայտնեց, որ մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան հետ ծաւալուն աշխատանք կը տանին՝ ապահովելու համար Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շէնքի վերանորոգութիւնը։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ախպար» թերթը անդրադարձած է Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած «Հարաւի պիենալ»ին, որուն մէջ տեղ գտած են «Արարատ լերան 11 տեսարանները» լուսանկարչական շարքը (Ժիլպէռ Հաժ), ինչպէս նաեւ՝ Սինթիա Զաւէնի գործերը: Յապաւումներով կը ներկայացնենք թերթին յօդուածը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը բոլորենք մշակոյթի շաբաթը եւ ոգեւորութեամբ կ՚ապրինք մշակոյթի բարիքները, կարելի չէ՛ չյիշել Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ հայ գիրը գործածած է կարծես ձայնագրութիւն, լեզուին տուած է երաժշտական նկարագիր եւ իր գործերով, մանաւանդ «Նարեկ» աղօթամատեանով, հայ լեզուն եւ գիրը հասցուցած է իր գագաթնակէտին՝ ցոլացուցած է անոր իսկական գեղեցկութիւնը իր ամբողջ էութեամբը։
«Հայաստան եւ Իրան. հողի յիշողութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանի Պատմութեան եւ Իրանի Ազգային թանգարաններու համաժամանակեայ (Ք. Ա. 4-րդ հազարամեակէն մինչեւ Ք. Ա. առաջին դար) նմոյշներ։ Իրանի Ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 2018 թուականի Յունուարի 17-ը։
Արցախի Պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցուցակին մէջ ներկայիս հաշուառուած է շուրջ չորս հազար յուշարձան։ Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութենէն (ՊՈԱԿ), Արցախի Մշակոյթի նախարարութեան Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան (ՊՈԱԿ) գիտական գծով փոխ-տնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեան կը կարեւորէ Արցախի տարածքէն ներս յուշարձաններու մանրամասն հետազօտութիւնը։
Խրիմի Սեպաստապոլ քաղաքին մէջ իրականացուած է «Խրիմի աստղ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, որու ընթացքին յաջողութութիւններ արձանագրած են նաեւ հայ արուեստագէտները։
Հայ մեծ բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեանի մահուան 60-րդ տարելիցը լրացաւ Հոկտեմբերի 17-ին։