Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այսօր համալսարանները իրենց դռները լայն բացած կը դիմաւորեն ուսանողները։ Անոնք ըլլան նախկին աշակերտներ կամ նորելուկներ, բոլորը լի են հեւքով. բոլորն ալ ունին յոյսեր, սպասումներ, ակնկալիքներ… Իսկ համալսարաններն ալ համախոհներու, գործին նուիրեալ աշխատակիցներու հետ կրթական ոլորտէն ներս պէտք է ներկայանան միանգամայն նոր ու ժամանակակից կրթական համակարգով, առաջարկուող բարձրորակ ծառայութիւններով ու յուսալի ապագայի երաշխիքով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տ. Ա­ւագ Արք. Ա­սա­տու­րեա­ն այն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն է, որ հա­կա­ռակ դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն մեր­ժեց հե­ռա­նալ Ի­րա­քէն: Եր­կիր մը, որ անց­նող քսան տա­րի­նե­րուն ե­ղաւ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­բեմ: 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ծե­րու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս կը նշա­նա­կէ՝ չոր­նալ եւ չոր­ցած ա­նա­պա­տի մը մէջ ապ­րիլ, ե­թէ կա­րե­լի է «ապ­րիլ» ը­սել, այդ ա­մուլ եւ ան­շարժ կեան­քին։
Ա­նոնք որ չե՛ն ծա­նօ­թա­ցած Կի­կե­ռո­նի «Cato Maior»ին, որ կը կար­ծուի, թէ Ն.Ք. 44 թուա­կա­նին գրած է, երբ 62 տա­րե­կան էր, ան­շուշտ կրնան խոր­հիլ, թէ ծե­րու­թեան շրջա­նը մար­դուս ամ­լու­թեան եւ ան­շար­ժու­թեան շրջանն է, եւ թէ չոր­ցած ա­նա­պա­տի մը մէջ ապ­րի՛լ կը նշա­նա­կէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն դպրոցական եւ կամ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբն է: Մէկ խօսքով՝ վերամուտ, որուն հարազատ արդիւնք, քանի մը ամիսներու վրայ երկարող արձակուրդէ մը ետք, հազարաւոր աշակերտներու դիմաց միօրեայ եւ ամէնօրեայ բոլոր վարժարանները իրենց դռները կը վերաբանան:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017

ՍԵ­ՒԱՆ ՇԱՀ­ՊԱ­ԶԵԱՆ

2016 Դեկտեմբերին, Հալէպի տանջանքը վերջ գտնելով, վերջ գտաւ նաեւ հալէպահայութեան մղձաւանջը: Հինգ տարի շարունակ տիրող անապահովութիւնը, կենցաղային դժուարութիւնները, անմարդկային արարքները, մահուան սարսափազդու պատկերները եւ ամէն տեսակի զրկանքն ու տառապանքը վերացան… Հալէպը ապահով քաղաք յայտարարուեցաւ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017

Գեղանկարիչներու «Համագործակցութեան եւ բարեկամութեան ներկապնակ» միջազգային փառատօն-ցուցահանդէսին ներկայացուեցան աշխարհի տասն երկիրներէ Հայաստան ժամանած ստեղծագործողներու վաթսուն գեղանկարչական աշխատանքներ։ Կտաւորներու մէջ պատկերուած էին հայոց բնաշխարհը, մարդիկ օտարներու ընկալմամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017

Յակոբ Կիւլլիւճեան կը մեկնաբանէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու կրթական ու մշակութային երեսակները:
UCLA-ի Հայագիտական ամպիոնի դասախօսին խօսքերով՝ որեւէ լեզուով ուսանող թեկնածուները ընդհանրապէս պարտաւոր կ՚ըլլան այդ լեզուով ուսումնասիրութիւն մը շարադրելու կամ դասախօսութիւն մը տալու ճարտարութիւնը ունենալ, սակայն հայագիտութեան պարագային սա կ՚առթէ ծիծաղ, երբեմն ալ տեղի կու տայ մեկուսապաշտութեան ակնարկութիւններու:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017

Երէկ, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Ըստ առաջին անպաշտօն արդիւնքներուն՝ վարչապետ Անկելա Մերքելի կողմէ գլխաւորուած Քրիստոնէադեմոկրատական միութեան կուսակութիւնը (CDU) յաղթանակ տարաւ ու նուաճեց առաջին շարքը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017

Շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Անգարա ահազանգ կը հնչեցնէ Հիւսիսային Իրաքի մէջ այսօր կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէին դէմ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017

Անապահով եւ հաշմանդամ երեխաներու ուսումնական եւ վերականգնման ժամանակակից կեդրոն մը:
Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեան ամոլի բարերարութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիրը կ՚ընձեռէ լուրջ հնարաւորութիւններ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

22 Սեպտեմբերին, 222 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհի վրայ արշաւած Աղա Մոհամմէտ խան անունով ասպատակի մը զինուորներուն ձեռամբ, սրախողխող պոկուեցաւ կեանքի թելը հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներէն, այլեւ ընդհանրապէս միջազգային գրականութեան անմահ մեծութիւններէն Սայաթ Նովայի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուած հանրաքուէն սպառնալիք կը նկատէ իր  անվտանգութեան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Այդ տարածքները միային քիւրտերուն չեն պատկանիր»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութիւնը ունի իր եղանակները եւ անոնցմէ մէկն է աշունը։ Եւ ինչպէս բնութիւնը ունի իր եղանակները, մարդիկ ալ իրենց կեանքի ընթացքին ունին իրենց յատուկ եղանակները ե՛ւ աշունը…։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սաղիամահայ բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեանի նոր գրքին շնորհանդէսը։ «Այդ սերմը ես էի» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան, երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Նուպար Կիւզելտեւլեթեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս տարի կատարեց ուշագրաւ պարգեւատրումներ եւ բարձր գնահատանքի արժանացուց բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, որ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն մասնակցեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ողջունեց Կարօ Փայլանը, կարեւորեց համահայկական օրակարգի խնդիրներուն նուիրման ուղղեալ համաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծման իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տասն օրեր առաջ լիբանանցի հանրածանօթ բեմադրիչ Զիատ Տուայրի ձերբակալուեցաւ: Պէյրութի օդակայանին մէջ եղած ձերբակալումէն ետք ապահովական մարմիններ առգրաւեցին անոր երկու՝ ֆրանսական եւ լիբանանեան անցագրերը եւ զինք առին կալանքի տակ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Գատիր Թոփպաշ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Սարաչհանէի քաղաքապետարանին մէջ, երէկ ժամը 18.30-ին ան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն տեղեկացուց, որ կը լքէ իր պաշտօնը։

Էջեր