Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Կիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը 152-րդ թատերաշրջանի բացումը կ՚ազդարարէ Սեպտեմբերի 23-ին՝ Վեպերի «Առնէտները» ներկայացմամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին բացատրութիւններ տուած են թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Լուտվիկ Յարութիւնեան եւ տնօրէն Տիգրան Վիրաբեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով:
Սարգսեան. «Համոզուած եմ, որ կարելի էր ընել աւելին, բայց մեր ընթացքը եղած է ճիշդ, այսօր ալ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Հանրապետութեան նախագար Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 72-րդ նստաշրջանի բացման աշխատանքներուն առթիւ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնը, որ այս տարի նուիրուած է Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեայ յոբելեանին, կը սկսի Հոկտեմբերի 11-ին։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբէն՝ աւելցնելով. «Ուղիղ երկու ամիս՝ մինչեւ Դեկտեմբերի 11-ը, դասական երաժշտութեան սիրահարները Խաչատրեանի միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս կ՚ունկնդրեն բազմաթիւ սիմֆոնիկ եւ քամերային համերգներու, որոնց ընթացքին կը հնչեն նաեւ առաջնաունկնդրութիւններ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազին՝ Սիւլէյմանիյէի պաշտօնատան մէջ։ Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ դիւանապետ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդուս մէջ սէրը, ընդոծին զգացում մըն է, եւ հետզհետէ կ՚աճի եւ զօրանալով կը շարունակուի։ Սէրը Աստուծոյ գոյութեան մէկ ապացո՛յցն է մարդուս մէջ, եւ կը շարունակուի մինչեւ վերջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Գրադարանիս մէջ տեղ գտած անլեզու բայց մշտաբարբառ ոսկեղնիկ գիրքեր զիս անդադրում կը կանչեն ըսելով. «Կարդա՛ մեզ։ Ըմբոշխնէ՛ մեր աստուածապարգեւ հայ լեզուն։ Հարստացո՛ւր հոգեիմացական աշխարհդ անանց արժէքներով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հռչակաւոր ֆրանսացի գծագրիչ Jean-François Millet (1814-1875), իր «Անժէլիւս» կոչուած նկարին մէջ կը նկարագրէ դեռահաս եւ գեղջուկ ընտանիք մը իրենց արտին մէջ՝ ուր միասին կ՚աշխատին։ Իրենց քով կ՚երեւին երկրագործի պարզ գործիքներ, նաեւ ձեռնասայլ մը՝ ուր դրուած են հունձով լեցուն պարկեր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

Երէկ, Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալած է «Նոր ալիք 2017» մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած եւ յաղթանակներով վերադարձած երգչուհիներ Էռնա Միրզոեանը (Էռնա Միր) եւ Սուզաննա Մելքոնեանը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Դէպի Գորիս ճանապարհին էր, որ Մհերը իր հայեացքը սարերուն ուղղելով հարց պիտի տար.

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

Խաչվերացի տօնին առթիւ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ապրուեցաւ արտասովոր ոգեւորութիւն։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ, շաբաթավերջին Սկիւտարի բարձունքի մեր այս պատմական եկեղեցին դարձաւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ժամադրավայրը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ խորհրդակցութիւն՝ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
«Յովակիմ 1461» հիմնարկը աստիճանաբար դադրեցնել կը նախատեսէ՝ Պէյքոզի մասին գործարքներուն իր մասնակցութիւնը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Բարեւ Ենովք, ես Հայաստան կ՚իջնեմ: Յուսամ հոն կը հանդիպինք: Բաւական տուներ գտած եմ, ցոյց կու տամ քեզի. իմ տանս մօտ են, ընդարձակ տարածութիւններ ունին, կառոյցը փլատակ է, աւելի լաւ, գոնէ դուն կը նորոգես ուզածիդ պէս, OK՞:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հրաշագեղ Արաքս Մանսուրեանը կրկին յայտնուեցաւ հայաստանեան բեմին վրայ: Հանդիսատեսը երկար սպասած էր երգչուհիի այս ելոյթին, որ նուիրուած է հայ օփերային երգչուհիի համերգային գործունէութեան 50-ամեակին եւ տեղի ունեցաւ 18 Սեպտեմբերին՝ Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնին մէջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քաթար-Սէուտական Արաբիա տագնապը կը շարունակուի: Հակառակ անոր, որ տագնապի սկիզբէն ի վեր կատարուեցան հաշտեցման մի քանի միջնորդութիւններ, սակայն երեւելի է, որ կողմերէն ոչ մէկը կը պատրաստուի զիջումներու:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017

Երեւանի մէջ Համահայկական 6-րդ համաժողովը այսօր կ՚եզրափակէ իր աշխատանքները:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Հայերը իրաւունք չունին իրարմէ նեղանալու»:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման:
Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները մինչեւ յառաջիկայ գարուն Երեւանի կողմէ պիտի յայտարարուին առ ոչինչ: Սերժ Սարգսեան բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին անպայման կանգ կ՚առնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017

Հանրապետութեան նախագահը երէկ Նիւ Եորքի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Էրտողան. «Հարաւային Կովկասէ ներս պէտք է վերականգնուի Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017

Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազնուութիւն կամ ազնուականութիւն՝ առաքինութիւններ են, որ մարդս նկարագրով կը զօրացնեն եւ կատարելութեան կը հասցնեն ենթական։ Ազնուութիւնը կամ ազնուականութիւնը «ազնիւ» ըլլալու այն վիճակն է, որ կը նշանակէ՝ պատուական ըլլալ, շնորհալի՛ց ըլլալ։

Էջեր