Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Անծայրածիր թուացող հնձուած եւ հերկուող արտերը գծուած երկրաչափական բերրիութեան պատկերներ են մինչեւ հորիզոն, արեւուն հետ խաղ ընող ամպերու յաջորդական ստուերներով զանոնք փոփոխող:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միջինարեւելեան դէպքերուն հետեւող վերլուծաբաններուն համար Իսրայէլ-Լիբանան սահմանային գօտին կը համարուի «մարած հրաբուխ»ի նմանող գործօն մը, որ կրնայ որեւէ պահու բռնկիլ եւ տուն տալ նոր պատերազմի մը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Հանգրուանէ այլ հանգրուան անցնելու ընթացքին միշտ պարտաւոր ես կա՛մ որոշում կայացնելու, կա՛մ նոր կեանքի մը սկսելու առաջադրանքով՝ տարբեր քայլեր որոնելու ու կեանքդ այլտեղ շարունակելու, եւ կամ «ձեռքերդ լուալ»ով ու հնամաշ զգեստներդ հանելով՝ ձգել միջավայրդ, անշուշտ չմոռնալով նախքան ուղեւորուիլդ «կօշիկիդ փոշին թօթուել», որպէսզի այդ ալ հաշիւ չընեն…։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Թէեւ հաճելի չէ՛ խօսիլ մահուան մասին, բայց քանի որ կեանքի ամենէն ճշմարիտ, ամենէն ստոյգ եւ անխուսափելի իրողութիւնն է ան, եւ տպաւորուած կը մնայ միշտ մարդկային գիտակցութեան մէջ, որքան ալ ան հեռու պահել փորձուի, մոռացութեան մատնելու աշխատուի, մի՛շտ կայ կեանքին որպէս անկորնչելի երեւոյթ մա՛հը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

Այսօր մենք՝ ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու հոգեւոր առաջնորդներս, կրկին հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ, Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի հրաւէրով քննարկելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիները, առանց որոնց հնարաւոր չէ հասնիլ Կովկասէ ներս հաշտութեան եւ անվտանգութեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

Ռուսաց պատրիարքին միջնորդութեամբ տեսակցեցան Վեհ. Հայրապետը եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մեր տարածքաշրջանէն ներս այլընտրանք չունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը՝ բացառապէս բանակցութիւններու միջոցաւ։ Այլընտրանք չունի նաեւ Արցախի մեր հաւատաւոր ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքը։ Իւրաքանչիւր փամփուշտ, որ կ՚արձակուի Աստուծոյ արարածի դէմ, նաեւ Աստուծոյ դէմ է»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Աշխարհը կ՚եռեւեփի։
Չկայ ցամաքամաս մը, տարածաշրջան մը, ուր անապահովութիւնն եւ անհանդարտութիւնը տիրապետող գործօններ չըլլան, առաւել կամ նուազ չափերով ու տարողութիւններով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

Շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան հրաժարեցաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի տնօրէնի պաշտօնէն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

ADAMI մրցանակաբաշխութիւնը գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ Երեւանի մէջ:
Սէյրանեան. «Սա բացառիկ հնարաւորութիւն է արհեստավարժ մարդոց հետ աշխատելու համար»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բացուեցաւ Լազարեաններու յայտնի տոհմին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

Հրանոյշ Յակոբեան մամլոյ ասուլիս մը սարքելով մեկնաբանեց ապագայ Համահայկական խորհուրդի բնոյթը:
Նախարարը Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին ընդառաջ զրուցեց զանգուծային լրատուական միջոցներու հետ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Էսթոնիա։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ

Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ուսումնասիրուելիք գլխաւոր նիւթերն են «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ռուս Ուղղափառ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին միջնորդութեամբ կը տեսակցի Ատրպէյճանի կրօնապետին հետ:
Տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու երկխօսութիւնը այսօր Մոսկուայի մէջ կը շարունակուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լոյսին տակ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս եռեւեփը չի դադրիր։ Վերջերս, իսլամական աշխարհի տօնին առթիւ երկիրը երկարատեւ արձակուրդի մը մթնոլորտին մէջ էր։ Բայց եւ այնպէս, այդ օրերը հանգիստ չբերին մեր համայնքին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յայտնի առած մըն է՝ «շատ գիտցողը շատ կը սխալի՛»։ Ժողովրդական այս հասարակաց իմաստութեան արտայայտութիւնը, իրականին ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ արդեօք։ Սա յստակ է, թէ նպատակը գիտութիւնը եւ գիտունը վարկաբեկել չէ՛, քանի որ իմաստութիւնը միշտ կը գնահատէ գիտութիւնը եւ գիտունը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արցախը Հայաստանին կապող երկրորդ ճամբան կը գործէ… Հայութիւնը ունեցաւ ապահով ճամբայ մը եւս, որ Հայաստանէն կը հասցնէ Արցախ: Լեռնային Սեւանայ լիճի երկայնքով եզրագծուող ինքնաշարժներու երթեւեկելի գեղեցիկ ճանապարհը իրականութիւն դարձած է համայն հայութեան նուիրատուութեամբ եւ կամքով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տարբեր առիթներով շարունակեց միջօրեայ Ս. Գրային սերտողութիւնները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը ունեցած է մեծ կորուստ մը։ Հայ կաթողիկէ կղերը կը սգայ իր երիցագոյն անդամներէն Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի վախճանումը։ Ան ի Տէր հանգած է 89 տարեկան հասակին, քահանայագործութեան 58-րդ տարուան մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ կան եւ մեծամեծ յորջորջուածներուն մէջ, երբ առիթ մը ներկայանայ անոնց մասին արտայայտուելու, սրտի եւ հոգիի բարեմասնութիւն մը գտնելու համար մարդ երկա՜ր փնտռտուքներ ընելու կը ստիպուի։

Էջեր