Արխիւ
Երեւանի մէջ բացուեցաւ խորհրդահայ լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի «Ժամանակի ստուերներ» խորագրեալ առաջին յետահայեաց ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան պահպանուած սեւապատկերներու վերականգնուած տարբերակները։ Ցուցահանդէսին, որ բացուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան երդիքին տակ, ներկայացուեցաւ 183 լուսանկար։
Կարծախ գիւղին մէջ, Օգոստոսի 27-ը, նշանաւոր դարձաւ Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացումով: Նախորդ տարի բացուած էր թանգարանին ցուցասրահը, իսկ այս տարի բացուեցաւ յուշային մասը: Տօնական օրը սկսաւ գիւղի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով:
Երեւանի մէջ 77 տարեկանին մահացած է բեմադրիչ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Փրոֆ. Անտոն Աղայեանց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Անտոն Աղայեանցի թաղման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան ոսկէ մետայլներ նուաճած աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետայլակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետայլակիր Արթուր Ալեքսանեանն ու աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան։
«Հայաստանի, Վրաստանի եւ աշխարհի մէջ կրօնի եւ համոզումի ազատութեան հիմնախնդիրները»:
Երեւանի իշխանութիւնները լաւատես պատգամներ կու տան վրացահայութեան խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն շուրջ:
«Տարածքաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ճանապարհը
կ՚անցնի Պաղեստինի անկախ պետականութեան հիմնադրութենէն, Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ՝ համապատասխան լուծման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները խոչընդոտելու»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրին մէջ ընդունեց Մահմուտ Ապպասը:
Կազդուրման կայանի ամրան շրջանը իր աւարտին հասաւ այս շաբաթավերջին։ Աշակերտները եղանակի փակումը տօնեցին մասնսկցութեամբ Գընալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ կայան այցելեց մասնակցելու համար ամավերջի հանդիսութեանց։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աթէնքի Մոնասթիրաքի հրապարակի բոլոր կողմերէն կը նշմարուի մայրաքաղաքին հպարտութիւնն ու զարդը նկատուող Աթէնքի Աքրոփոլիսը: Հրապարակը շրջապատուած է յուշանուէրներու բացօթեայ եւ տանիքի տակ գործող կրպակներով, որոնք լեցուն են զբօսաշրջիկներով: Յունական ամէն տեսակ արտադրանք եւ երկիրը բնորոշող իր կարելի է գտնել այս կրպակներուն մէջ՝ ծովային սպունգէն մինչեւ Հելլատա գրութեամբ հագուստներ եւ թեւնոցներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը, ընդհանրապէս այն ցոյց կու տայ, թէ որեւէ բանի արժէքը կը զգացուի երբ ան կորսուի։ Կան առարկաներ, որոնք միշտ աչքի առջեւ են, բայց մա՛րդ չ՚անդրադառնար անոնց գոյութեան, բայց երբ պակսի կամ կորսուի, կերպով մը հեռանայ աչքէ, անմիջապէ՛ս կը զգացուի անոնց բացակայութիւնը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Կրենթ Թրիպէթ 29 տարեկան երիտասարդ մըն է, որ Միզուրի նահանգի Սէյնթ Լուիզ քաղաքէն փոխադրուելով հաստատուած էր Ինտիանա նահանգի Ուեսթ-ֆիլտ քաղաքը։ Հոն՝ ան ծանօթացած էր 26 տարեկան Քասանտրա Ռեսչըրի, որ ունէր հինգ տարեկան աղջնակ մը՝ Ատրիանա անունով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռաս Պաալպէքի շրջանը ազատագրելու գործողութիւնը սկիզբ կ՚առնէր Ուրբաթ օր, Օգոստոսի 19-ին: Լիբանանեան բանակը այդ շրջանը ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազատագրելու միտուած գործողութիւնը մկրտած էր «Բարձունքներու արշալոյս» անունով եւ շուրջ տասն օր առաջ ընթացք առած գործողութիւններու ժամանակ բանակը կը յաջողէր բաւական արագ եւ հեզասահ յառաջանալ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գնալը կղզիի բարձունքին նախագահեց Վաքըֆլըգիւղին ձօնուած բազմակողմանի ձեռնարկին, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Հարիսայի կաթսաները վերածուեցան խորհրդանշական խարոյկներու - «Ոմանք» խումբը ծափերու արժանացաւ երաժշտական կատարումներով - Գիւղական արտադրանքը ներկայացուեցաւ տաղաւարներու մէջ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գնալը կղզիի բարձունքին նախագահեց Վաքըֆլըգիւղին ձօնուած բազմակողմանի ձեռնարկին, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Հարիսայի կաթսաները վերածուեցան խորհրդանշական խարոյկներու - «Ոմանք» խումբը ծափերու արժանացաւ երաժշտական կատարումներով - Գիւղական արտադրանքը ներկայացուեցաւ տաղաւարներու մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդը» գիրքին հեղինակը Jean Rostand սապէս կ՚ըսէ.
«Ո՛չ իգական սեռի պատկանողներ հարազատ իգական են, ոչ ալ արական սեռի պատկանողներ՝ հարազատ արական»։
Դէպի Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջիկներուն թիւը, 2017-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին, կազմած է 622.381, որ 24.2 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն:
Հայկական խեցեգործ իրերու արտադրութեան 100-ամեակին առիթով, Երուսաղէմի մէջ բացուած է խեցեգործութեան դպրոց, որ դարձած է քաղաքի մշակոյթի անբաժան մասը:
Think tank-ի կառոյց մը՝ ռազմավարական եւ գիտակրթական աշխատանքներու իրագործման համար:
Գագիկ Յարութիւնեան. «Արդի աշխարհի մէջ միաւորուիլ կարելի կ՚ըլլայ, եթէ ունենանք զարգացած հանրութիւն»:
Սպանիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ թագաւորը ժողովուրդին հետ մասնակցեցաւ հանրահաւաքի մը:
Պարսելոնայի ահաբեկչութեան դէմ կազմակերպուած բողոքի երթի հազարւոր մասնակիցներու կարգախօսն էր՝ «Չեմ վախնար»:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Ո՞ւր էք, տունը չէ՞ք նորէն»: Հեռաձայնս կը հնչէ բարեկամի մը տան այցելութեան ժամանակ:
Հոլիվուտեան աշխարհահռչակ դերասան Ճոն Մալքովիչ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի աշխարհահռչակ Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: