Արխիւ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ իր երկրին նոր ռազմավարութիւնը:
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Աշուն էր… Քեսապի ոսկի աշունը: Օդը պայծառ էր, եւ արեւի տաքութիւնը՝ նուազած: Ծառերը հետզհետէ սկսած էին թօթափել իրենց տերեւները:
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ծնած են ու կ՚ապրին արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՚անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ՝ «պահուըտած» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին:
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու գիրք։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Ankara Vukuatı», իսկ միւսը «Gelincikler Açarken»։
Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն ներս Արամազդ Անդրէասեան դատապարտուեցաւ 25 տարուան բանտարկութեան՝ իր որդին սպաննած ըլլալու համար։ CNN-ի հաղորդումներով, ան բանտէն վաղաժամ ազատելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ միայն 25 տարի վերջ։
Փարիզի մէջ կազմակերպուած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյենութեան ընթացքին ոսկէ մետայլ նուաճած Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները երէկ վերադարձան Երեւան եւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մարզասէրներու կողմէ դիմաւորուեցան մեծ խանդավառութեամբ։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահները երէկ քննարկեցին երկկողմանի գործակցութեան ընթացքը:
Սերժ Սարգսեան այսօր կը հիւրընկալէ Թիւրքմենիստանի ղեկավարը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան:
Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ լուրջ տարակարծութիւն մը չունին Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուած՝ անկախութեան հանրաքուէին շուրջ:
Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները թափ կու տան ամենաբարձր մակարդակի վրայ դիւանագիտական ջանքերու աշխուժացման:
Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի ամրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Մօտաւոր անցեալի իրերայաջորդ տեղատարափներուն հետեւանքով վնասներ յառաջացած Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները բարեբախտաբար չեն կաղար։
Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Այս ուխտագնացութիւնը պիտի գլխաւորէ Դպրաց դասու նախագահ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հայերէն բառախաղի մրցոյթ մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Անցեալ տարի առաջին անգամ կազմակերպուած այս ձեռնարկը արդէն երկրորդ անգամ կեանքի կոչուեցաւ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ իր նորոգ հանգուցեալ երիցագոյն անդամներէն Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեանին։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, իր մարմինը ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական գերեզմանատան մէջ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հայրենասիրական երգերու համերգէ մը դուրս ելած, սրահին մօտակայ կանգառէն հանրակառք կը բարձրանան խումբ մը զբօսաշրջիկներ, անոնցմէ մէկը լաւատեղեակ ըլալու է քաղաքի ճամբաներուն կամ ալ արդէն իսկ հոս կը բնակի:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Համացանցահէնները, որոնք կոտրած էին HBO ամերիկեան հեռուստաալիքի համակարգը, սպառնացած են հրապարակել աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած «Գահերու խաղը» (Game of Thrones) յաջորդաբար ընթացող հեռատեսիլային խաղի եօթներորդ եթերաշրջանի եզրափակիչ մասը՝ պաշտօնական ցուցադրման տեղի ունենալէն առաջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի, իր «Ոսկեփորիկ» գիրքին մէջ, կը պատասխանէ «անհաւատ»ներու հարցումները, մանաւանդ անոնց՝ որ կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս միայն «սուրբ մարդ» էր։
Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, աշխատակազմի արտաքին կապերու եւ մշակոյթի վարչութիւններուն յանձնարարած է նախապատրաստուիլ այս տարուան Սեպտեմբերի 6-8 թուականներուն միջեւ նախատեսուող «Երեւանի օրերը Սեն Փեթերսպուրկի մէջ» ձեռնարկներու ծրագրի պատշաճ իրականացման:
Իտալիոյ իշխանութիւնները Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն յետոյ պեթոնէ ցանկապատեր տեղադրած են Հռոմի, Միլանոյի, Պոլոնիոյ, Թուրինի եւ այլ քաղաքներու մէջ՝ զբօսաշրջային գլխաւոր հնգագոյն ժառանգութիւններուն մօտ:
Երբ 1977 թուականին Ժորժ Փոմփիտուի անուան «Սանթր Պոպուր» (Centre Beaubourg) ժամանակակից արուեստի կեդրոն-մատենադարանի բացումը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ, բաւական մեծ աղմուկ յարուցեց արուեստի աշխարհէն ներս, թէ՛ կառոյցի իր տարօրինակ լուծումներով եւ թէ իր «արտակեդրոն» ոճի հարստութեամբ ու որակով:
Ծանօթ է թէ Պատրիարքական, ինչպէս նաեւ համայնքային ու թաղային հաստատութեանց վարիչներու ընտրութեանց առթիւ քուէարկողներու ցանկերը երկար ժամանակէ ի վեր չեն այմէականացուած։