Արխիւ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով ու խանդավառութեամբ նշեց Ս. Աստուածածնի տօնը:
Խաղողօրհնէքը կատարուեցաւ համայն աշխարհի խաղաղութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան մաղթանքներով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամառ է: Որոշեցինք «արձակուրդ»ի երթալ: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը փախուստ մըն է առօրեայէն: Վերանորոգուելու արդար փորձ մը: Այսինքն՝ օրերդ տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով ակնկալութիւն մը:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար արհեստագիտական գլխապտոյտ պատճառող նորութիւնները, իրենց օգուտներուն կողքին, ունին նոյնպէս անխուսափելի վտանգներ, որոնք առաջին հերթին կը հարուածեն ամենէն անպաշտպան հաւաքականութիւնները, որոնց շարքին՝ երեխաները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շահան Շահնուր գրողէն բացի գոյութիւն ունի այլ Շահնուր մը, որուն արեան եւ երակներուն մէջ մէջ հաւասարաչափ կիրքով կը վազէ հրապարակախօս մարդուն տագնապը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գեղեցկանալու կամ գեղեցիկ երեւնալու մարմաջը իւրաքանչիւր մարդ արարածի ձգտումն է։ Եթէ գեղեցիկ ես, ուրեմն բոլոր դռները քու դիմացդ բաց են, իսկ մերժուելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը կարողութիւն մըն է, որ մարդ գործելու կամ չգործելու, ընելու կամ չընելու, մէկ խօսքով՝ ինքնակամ շարժելու առիթը կ՚ունենայ։ Այս իմաստով, մարդկային ազատութիւնը՝ արարքներու բնորոշի՛չն է։
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տնօրինութեամբ Պատրիարքարանէն ներս կատարուած են կարգ մը նշանակումներ։
Պետրոս Շիրինօղլուի նախաձեռնութեամբ կարեւոր ժամադրութիւն Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շուրջ մէկուկէս ժամ տեսակցեցաւ Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Ազիզ Մերճանի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան:
Նորին սրբազնութիւնը խնդրեց՝ որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ կարգադրութիւնները արագացուին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Ալ Նուսրա» ճակատը, անցեալ տարուան Օգոստոսին ազատ կ՚արձակէր լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի հինգ զինեալներ, որոնք գերեվարուած էին Սուրիոյ մէջ: Անոնց ազատ արձակումը կը կատարուէր նախօրօք եղած համաձայնութեամբ, որուն գլխաւոր կէտերէն մին էր «Ալ Նուսրա»ի զինեալներուն, անոնց ընտանիքներուն ու համակիրներուն Արսէլէն տարհանումը դէպի Իտլիպ:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ժողովուրդի լայն զանգուած մը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարը կ՚ընկալէ որպէս «Խաղողի օրհնութեան» տօն։ Այս մէկը այն աստիճան ընդհանրացած է, որ մեր հարեւանները նոյնիսկ այս օրը կը կոչեն «Խաղողի տօն»։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Մի՛ վախնար Մարիամ,
որովհետեւ Աստուծմէ շնորհք գտար»
(Ղուկ. 1. 30)
Այս տարի եւս ուրախութեամբ կ՚առաջնորդուինք Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի խորհուրդին ընդմէջէն անգամ մը եւս մտածելու Տիրամօր մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ս. Մարիամ Աստուածածնի ննջման եւ վերափոխման յիշատակի տօնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ «տաղաւար» կոչուած հինգ մեծ տօներէն մէկն է՝ որ կը կատարուի Օգոստոս 15-ի մերձակայ, այսինքն՝ Օգոստոս 12-էն մինչեւ 18 հանդիպող Կիրակին։ Այս տարի Վերափոխման յիշատակի տօնը կը կատար-ւի 13 Օգոստոսին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2017-2018 կրթական շրջանին առաջին անգամ պոլսահայ երիտասարդ մը լիսէի ուսում պիտի ստանայ Հայաստանի մէջ. զուտ մեր համայնքային վարժարաններուն մէջ ստացած գիտելիքներուն շնորհիւ:
Սարին Թաշհան յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսի յաճախել UWC Դիլիջանի գոլէճը՝ նոր ապագայի մը սպասումներով:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մաքսանենգութիւնը դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ապօրինի միջոց մըն է՝ որ կը գործածուի արագ ձեւով հարստանալու համար։ Մաքսանենգները ընդհանրապէս ճարպիկ մարդիկ են, որոնք յաճախ կ՚օգտագործեն պարզամիտ, անմեղ անհատներ՝ որովհետեւ անոնք աչքի չեն զարներ, մաքսատուներու գործողութեանց ընթացքին։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Վերջերս, Իրաքի մէջ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) կրած շարք մը պարտութիւններէ ետք, տեսանիւթ մը վիրուսային կերպով շրջագայեց համացանցի էջերուն վրայ: Մարմնաքօղով կին մը, կուրծքին սեղմած երեխայով դէպի իրաքեան զօրքերը կը վազէր, որպէս թէ կը փախչէր ԻՇԻՊ-ի ժանիքներէն, իրաքեան զօրքերու մօտ ապահով ապաստանարան գտնելու ջանքով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող գործընթացներուն կապակցութեամբ վերլուծաբանները մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն Եգիպտոսին:
Նախագահ Սիսի, որուն իշխանութեան գլուխ հասնելէն անցած է երեք տարի, կանգնած է բաւական բարդ խնդիրներու առջեւ:
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, վաղը տեղի կ՚ունենայ «Երիտասարդ Երեւան» տիճէյներու մրցոյթ-փառատօնը։
Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը նախընթաց օր գումարուեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, շատ բնական է որ կը ձգտի լաւին եւ բարիին, բայց նոյն չափով ու եռանդով կը ձգտի՞ արդեօք օգտակարին։
Արդարեւ, հարց է, թէ՝ ամէն լաւ եւ ամէն բարի, օգտակա՞ր է նաեւ։
Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Եսայի Տեմիրի։