Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Հայաստանի Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեան յայտարարեց, որ 2018 թուականէն սկսեալ երկրէն դէպի Եւրոմիութիւն արտածման ընթացակարգերը պիտի դառնան աւելի պարզ։ Անցեալ տարի Հայաստանէն դէպի ԵՄ արտածումներու եւ արտածման գործարքներու թիւը բարձրացած էր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Մայք Փենս. «Ուաշինկթըն կը պաշտպանէ Թիֆլիզի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին»:
Միացեալ Նահանգներ եւ Վրաստան կը ձգտին ընդլայնել ռազմավարական գործընկերութիւնը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս նորակառոյց երկաթուղիին միջոցաւ արդէն փոխադրուեցան առաջին ուղեւորները։ Այսպէս, Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան ճամբորդութիւն մը իրականացուց՝ Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ Ղազախիստանէն իրաւասուներու հետ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Ամերիկահայ Արամազդ Անդրէասեան, որ կը մեղադրուէր իր հնգամեայ որդւոյն սպանութեամբ, ընդունեց իր մեղքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը գրած է, որ ան կրնայ դատապարտուիլ 25 տարուան բանտարկութեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Փորձագիտութեան աշխարհի հսկայական ընկերութիւններէն Apple-ի եկամուտները աննախընթաց վերելք մը արձանագրած են վերջին ամիսներուն, ինչ որ հասած է համաշխարհային տնտեսութեան ընդհանուր վիճակին վրայ ազդելու մակարդակին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Հայաստանի նախագահը Թեհրանի մէջ պիտի մասնակցի իր պաշտօնակցի երդման արարողութեան:
Սերժ Սարգսեան կը մատնանշէ Հայաստան-Իրան-Ռուսասան եռակողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ներուժը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի երէկուան որոշումները վաւերացուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մատնանշեց տարածքաշրջանային եւ միջազգային այն գործօնները, որոնք կը սպառնան ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Ռէօյթըրզ» կրկին անդրադարձած է Հալէպի «Պարոն» պանդոկին: Նշանաւոր գործակալութիւնը այս օրերուն պատրաստած է հրապարակում մը, ուր Հալէպի «Պարոն» պանդոկը կ՚անուանէ «Խաղաղութեան յիշողութիւն»:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ցա­նե­ցի ծառ մը
տա­րի­ներ ա­ռաջ
չեմ ալ յի­շեր ե՞րբ
բայց կը յի­շեմ խնամքս
շնչա­ւոր այդ ա­րա­րա­ծին
թիզ-թիզ ա­ճու­մը
ծառ մըն է սո­վո­րա­կան
սո­վո­րա­կա՞ն
չէ, չէ, շատ անձ­նա­կան
ա­ճե­ցաւ, ծաղ­կե­ցաւ
ա­մէն ինչ շատ լաւ էր
մին­չեւ...

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այս անգամ մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք երկու թանկագին արժէքներու վրայ՝ որոնք մարդուն յատուկ բարոյական ստացուածքներ են։ Ուստի, գործնական եւ զօրաւոր դատողութիւն մը աստուածային շնորհ մըն է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

Պատ­րաս­տեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

20-րդ դարու վաթսունական թուականներէն սկսեալ, եւրոպական մշակութային աշխարհը յատուկ ուշադրութիւն կը սեւեռէ Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն վրայ: Պատճառը լատին-ամերիկեան գրականութեան ասպարէզէն ներս յայտնուած նոր հեղինակներու աստղաբոյլն էր՝ մէկը միւսին յաջորդող շռնդալից երկերով, որոնց վիճակուած էր համաշխարհային գրականութեան անմահ ռահվիրաները դառնալ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անհատի մը խիղճը, որ ո՛չ թէ միայն մարդուն ուղիղ եւ պատուաւոր կեանքի մը առաջնորդը, այլ նաեւ համայնքին բարձրագոյն օգուտին ծառայող ուժեղ ազդակ մըն է, կրնայ յաճախ քունի կամ թմրութեան վիճակի մը, նոյնիսկ բոլորովին մահացումի ենթարկուիլ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

Արցախի Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղին մէջ կը գործէ «Գիտելիքը ուժ է» երկշաբաթեայ ամառնային դպրոց-ճամբարը, որ համանուն կրթական նախաձեռնութեան մէկ մասն է:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

Արցախի մէջ նուռի այգիները խաղողագործութենէն ետք իրենց ծաւալով երկրորդ տեղը կը գրաւեն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

Աշխարհահռչակ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան վերջերս այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Ան շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

«Առողջապահութեան ֆրանսական օրեր Հայաստանի մէջ» յաջող նախագիծը:
Նախարար Լեւոն Ալթունեան տեսակցեցաւ «Սանոֆի-Աւենթիս» խումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

Թուրքիա երէկ մեծ ցաւ ապրեցաւ Տիարպաքըրէն հասած լուրերուն հետեւանքով։ Այսպէս, Լիճէ գաւառակին մէջ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը նահատակեց երկու զինուոր։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

Զբօսաշրջիկները այլեւս Հայաստան մեկնելէ առաջ պիտի կարենան օգտուիլ հնարաւորութիւններէ:
«Երեւան քարտ»ի շնորհիւ ընձեռուած կարելիութիւնները երկիրը եզակի կը դարձնեն տարածքաշրջանէն ներս:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

​Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայիս օրակարգի վրայ ունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին անհատոյց հողատարածք մը նուիրաբերելու նիւթը։ Այսպէս, քննարկումներ կը ծաւալուին՝ որպէսզի Էջմիածնի մէջ նոր հողատարածք մը նուիրաբերուի եկեղեցւոյ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, համապատասխան որոշման նախագիծը արդէն վերջերս քննարկուած է կառավարութեան ժողովին ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017

​Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյս մէջ, Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի տօնին յաջորդող Կիրակի օրը տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Եկեղեցւոյ գանձատան մէջ կը պահպանուի Ս. Թադէոս առաքեալի սրբազան մասունքը։

Էջեր