Արխիւ
Վրաստանի Պետական ակադեմական «Ռուսթավի» ժողովրդական երգի եւ պարի համոյթը վերջերս ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի յոբելեանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է քահանայ հայրերուն: Կրօնական եւ ծիսական պարտաւորութիւններէն անդին քահանայ հայրերը կարեւոր ընելիք ունին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք խորհրդածել «անհաւատարմութեան» մասին, եւ յատկապէս՝ ամուսնական նուիրական միութեան մէջ ամուսիններու՝ այր-մարդուն կամ կին-մարդուն անհաւատարմութեան մասին։ Անուսնական փոխադարձ խոստումին մէջ աւելի եւս կարեւորութիւն կը ստանայ հաւատարմութիւնը, քանի որ ամուսնական միութիւնը «խորհուրդ» մըն է՝ աստուածային հաստատութի՛ւն մը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մենք, նախապէս, տեղեկացուցած էինք, որ Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն վերջերս համալրուած է արժէքաւոր ձեռագրով մը եւս։ 1471 թուականին Երուսաղէմի մէջ ընդօրինակուած «Հրաշափառ», «Հրաշագործ» անունով Աւետարանը իր պատուաւոր տեղը գրաւած է Մատենադարանի միւս ձեռագիրներուն շարքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատարմութիւնը՝ օրէնքին կիրարկման ամենակարեւոր ազդա՛կն է։ Օրէնք մը, կանոն մը որքան ալ արդար եւ նպաստաւոր ըլլայ, որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ, եթէ հաւատարմութեամբ չգործադրուի։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ստորագրութեան իրաւունքը վերահաստատուեցաւ:
Աթոռի՝ յաչս պաշտօնական մարմիններու եւ դրամատուներու լիազօրութիւններու հարցին շուրջ ուշագրաւ վիճակ:
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել:
Պետրոս Շիրինօղլու. «Պէյքոզի համար փոխանցուած գումարներու պարագային համայնքը ունի լուրջ կորուստներ»:
Նախարար. «Իսրայէլ կը փափաքի բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացնել Հայաստանի հետ»:
Ցախի Հանեկպի Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ իր երկրի անկախութեան 69-րդ տարեդարձին առթիւ սարքուած ընդունելութեան:
Եկեղեցական Համագումար Ժողովը, 26 Յուլիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի։ Ժողովի ատենապետն էր՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, իսկ ատենադպիրը՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը պահուող ցուցանմոյշներուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն այն բազմաթիւ իրերը, որոնք բանաստեղծը տարբեր առիթներով նուէր ստացած է իր ընկերներէն եւ մտերիմներէն: Այդ նուէրներու շարքին կայ հատ մը, որ իր մէջ իւրայատուկ խորհուրդ մը ունի:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ծանր են քայլերս: Կը յառաջանա՞մ: Չեմ գիտեր, ի՞նչ կ՚ընեմ, բայց պէտք է յառաջանամ, ուժերս հաւաքեմ ու քալեմ դէպի հոն, բայց ո՞ւր է «հոն»ը. չե՞ս գիտեր, հո՛ն, հո՛ն, ուր տեսնելու փափաք մը ունէիր անհատնում, փափաք մը, որ կու գայ մանկութենէդ, անունէդ իսկ, զոր կը կրես ծնունդէդ ի վեր:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը նշէ իր ձեռնադրութեան տարեդարձը։ Երէկ նորին սրբազնութեան քահանայական ձեռնադրութեան 52-րդ տարեդարձն էր։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ նախկին գերեզմանատան տարածքին համար պետութեան կողմէ որպէս հատուցում փոխանցուած գումարներու նպատակասլաց արժեւորման նիւթին շուրջ։
VADİP-ի դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը տեղեկացուց, որ մինչեւ շաբաթավերջ ժամադրութիւն մը կը նախատեսուի փաստաբան ալի էլպէյօղլուի հետ: Հրանդ Մոսկոֆեանի համոզմամբ, համայնքային հաստատութիւններուն համար տրամադրուելիք միջոցները պէտք է յստակ չափանիշներ ունենան եւ անպայման պէտք է մշակուի կանոնադրութիւն մը՝ եթէ նոյնիսկ այդ մէկը ըլլայ անպաշտօն։
Մասնագէտ ազգայիններէ բաղկացեալ՝ թաղային խորհուրդի առընթեր ստեղծուելիք յանձնախումբին կորիզը արդէն յստակացած է եւ աստիճանաբար կը բիւրեղանան աշխատանքներու հիմնական առանցքները։
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն քաղաքական երկխօսութեան ժողովը։ Եւրոպական կողմը ներկայացուցին ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման կոմիսար Եոհաննէս Հահն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած է Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի։ Մինչեւ Յուլիսի 27-ը պիտի շարունակուին իր շփումները, որոնց ընթացքին հիւր նախարարը հանդիպումներ կ՚ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Սուտին պոչը կարճ է», բայց սուտը կենդանի, «բանաւոր» էակ մը չէ, որ պոչ ունենայ, բայց «բանաւո» ներկայութեամբ մտքիդ ու լեզուիդ համագոյակցութեան եւ միասնականութեան «արդիւնարար» արարքն է։ Այդ ժամանակաւոր պոչաւոր արարքին մշտակայ ուղեկիցը ճարպիկութիւնն է, որ յաղթական գոյերթով դէսուդէն կը շրջագայի եւ գլուխը բարձր պահելով՝ մարդոց հետ կը նստի, կարծիք կը փոխանակէ եւ նոյնիսկ վճիռներ կ՚արձակէ։
ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ
Բոլորս գիտենք, որ յատկապէս Պէյրութ, Հալէպ, Մոնրէալ, Կլենտէյլ հայահոծ գաղութներ են: Այս քաղաքներուն մէջ ամէն քայլափոխի հայերէն լսելու կամ ոչ ծանօթ հայերու հանդիպիլը բնական երեւոյթ է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուրեմն կը շարունակենք խորհրդածել անհաւատարմութեան մասին, մանաւանդ ընտանեկան սրբազան ու նուիրական միութեան մէջ՝ ուր յատուկ կարեւորութիւն մը կը մտանայ եւ կարեւոր դեր մը կը խաղայ, անոր գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ժողովը յուսադրիչ ազդանշաններու առիթ հանդիսացաւ Պէյքոզի նիւթին տեսակէտէ։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները հերթական անգամ վերահաստատեցին գործնական համագործակցութեան վերաբերեալ իրենց կամքը։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2 Յուլիսը աստուածաշնչական էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Սիտնիի մասնաճիւղի Ա. Մանուկեան մշակութային կեդրոնէն ներս, ուր կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի եւ Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան միասնական ջանքերով դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, մեր օրերու «Պօղոս առաքեալը», որ գործի առաքելութեամբ հասած էր այս հեռաւոր ովկիանոսի ափերը, իր պաշտօնին բերումով, որպէս Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար: