Արխիւ
Մտաւորական ու բառարանագիր Սեւան Նշանեան երէկ խոյս տուաւ Ֆոչայի բանտէն։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկ առաւօտ ան Ֆոչայի բանտէն դուրս եկաւ արտօնեալ ձեւով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելութիւն մը տուաւ Տաւուշի սահմանամերձ մարզը:
Սերժ Սարգսեան. «Մեր բանակը ունի բաւարար զինատեսակներ՝ իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու համար»:
Անխաթար ժողովրդավարութեան երաշխաւորման ճանապարհին լուրջ մարտահրաւէրներ երկրին առջեւ:
Յաղթահարուած պետական հարուածէն տարի մը անց ժողովուրդը կը ձգտի լաւատեսութեան:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Մէկ զաւակ, թէ երկու, երեք կամ չորս, եւ ինչու չէ՝ աւելին: Հազար ու մէկ հաշիւներէ ետք, կ՚որոշուի, նորապսակ տիկնոջ եւ ամուսնոյն միջեւ. «Չէ՛, չորս հատ չենք կրնար, երեքն ալ դժուար է մեծցնելը, երկուքին հազիւ հասնինք, հիմա մէկ հատ բերենք, յետոյ Աստուած ողորմած է»:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Փարիզի «Ակն» ընկերակցութեան կողմէ հրատարակուած է շահեկան գիրք մը՝ հայկական եկեղեցական երաժշտութեան մասին։ Տեղւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարի երաժշտապետ Արամ Քերովբեանի կողմէ հեղինակուած գործը կը կոչուի «Ձայն յանապատի. եկեղեցական երաժշտութեան բարեկարգումը ԺԹ. դարու վերջաւորութեան»։
Լիբանանահայ յայտնի ազգային գործիչ Սարգիս եւ Զուարթ Նաճարեան ամոլը վերջերս պարգեւատրուեցաւ Երեւանի մէջ։ Նաճարեաններուն համար մեծարանքի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս։
Թուրքիա-Ռուսաստան ռազմական համագործակցութիւնը կը զարգանայ օրէ օր:
Արեւմտեան աղբիւրները անակնկալ չեն համարեր՝ յաջորդ շաբաթ համապատասխան փաստաթուղթին ստորագրուիլը երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն կողմէ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը ոչ թէ կ՚իրականացնէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի պաշտպանութիւնը, այլ կը կանխէ Իրաքի ճակատագրի կրկնութիւնը Սուրիոյ պարագային։
«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի տասնչորրորդ միջազգային փառատօնի ծրագիրը յաջող ընթացքի մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ հիւրերուն հետ: Տիգրան Մանսուրեան արժանացաւ «Եղիցի լոյս» մրցանակին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Փարիզի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի կողմէ։ Թրամփ այսօր Փարիզի մէջ կը մասնակցի 14 Յուլիսի՝ Ֆրանսայի Ազգային տօնի արարողութիւններուն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ժողովը բացուեցաւ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի աղօթքով:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդը բարձր կը գնահատուի՝ բոլոր դաւանանքներու հետեւորդներուն վրայ գործած հսկայական ազդեցութեամբ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Առանց մշակոյթի մարդը կը նմանի վագերաձիի, որ իր վրայ գիծեր չունի:
(Ափրիկեան առած)
Եթէ համեստանանք, ափրիկեցիէն սորվելիք ունինք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբեմն կը հանդիպի համեստ խաւերու մէջ այն տեսակ պատուական տիպարներու, որոնց նմանը շատ անգամ կարելի չ՚ըլլար գտնել ընկերային աւելի բարձր շրջանակներու մէջ։
2017-ին Հայաստան առաջին անգամ մասնակցած է Technovation Challenge միջազգային մրցոյթին: Կարբիի դպրոցի One Step Ahead աւագ խումբը «Կրթութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթած է Armenian Sign Language յաւելուածով:
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մեկնարկած է ֆիլմերու յատուկ աշխատարան, որ կը վարէ արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ՝ Դանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Ալեքսանտր Արզումանեան։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին ան պիտի ուղեւորուի Քոփենհակ, ուր պիտի կատարէ իր ծառայութիւնը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:
Միջնորդները վերստին պիտի ուղեւորուին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն ներս նոր գայթակղութիւն՝ վանքապատկան կալուածի մը ապօրէն վարձակալութեան շուրջ:
Տնօրէն ժողովի անվաւեր նիստով ու ծիծաղելի գումարներով կնքուած կասկածայարոյց պայմանագրերը կը թաքցուին Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու կամաւորական ծրագրերու մասնակիցները։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ.-
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս գոյութիւն ունի պարտէզ մը, որուն յիշատակը աւանդուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէն։