Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ ժողովին, որ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։
Ծաւալուն աշխատանքը պիտի գլխաւորեն Սարգիս Քիւլէկէչ եւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու՝ որպէս ատենապետ ու փոխ-ատենապետ։ Դիւանի ատենադպիրները եղան Խաչիկ Ճանէլ եւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Գանձապետ ընտրուեցաւ Սարվէն Սէրթշիմշէք, իսկ բանբեր՝ իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ
Անուանացանկը շուտով պաշտօնապէս կը ներկայացուի Իսթանպուլի կուսակալութեան։ 20 Յուլիսին Պատրիարքարանի երդիքին տակ նախատեսուած է մեր եկեղեցիներու մատակարար
մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման հարցերը քննարկելու համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղոււթեամբ շարք մը միջոցառումներու կը ձեռնարկուին՝ իրականացնելով թուային շուկայականութեան (մարքեթինկ) եւ ձեւաւորելով զբօսաշրջային արդիւնք։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Արցախի ճակատին վրայ երէկ հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդիպում մը ունեցան Իսթանպուլի մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, Հայաստանի Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիշնեւ՝ մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ հանդիպման։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Գլխաւոր ընդդիմութեան կուսակցապետը երէկ հոծ բազմութեան խօսք ուղղեց՝ ներկայացնելով 10 պահանջ:
Քըլըչտարօղլու Մալթեփէի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքին ընթացքին արձակեց սպիտակ աղաւնիներ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Հանրապետութեան նախագահը տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Էրտողան-Թիլըրսըն երէկուան հանդիպումը զուգադիպեցաւ Մուսուլի ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչներէն ազատագրման օրուան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Երեւանի մէջ աւանդական փառատօնի երէկուան հանդիսաւոր բացումը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ զետեղուեցան Ֆրունզէ Տովլաթեանի, Եուրի Երզնկեանի եւ Սէրկէյ Իսրայէլեանի աստղերը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Եւ ոս­կե­փայլ պա­տի­ւը ա­նար­ժա­նին զուր տրուած». Շէյքս­փիր։
Ար­դա­րու­թեան սի­րա­հար­նե­րը ան­պայ­ման պի­տի յու­սա­խա­փուին այս աշ­խար­հի մէջ: Ի սկզբա­նէ այդ­պէս է. միշտ ալ ու­ժե­ղը  «ար­դար» է: Այլ խօս­քով՝ «մեծ ձու­կը կը կլլէ պզտիկ ձու­կը»: Դա­րուս վեր­ջին «ձուկ»ե­րէն է ՄԵ­ՏԻԱն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Է­փը­լ-ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Սթիվ Ճոպս ա­ռա­ջին այ­Ֆո­նը հրա­պա­րա­կեց Սան Ֆրան­սիս­քո­յի մէջ, 2007-ին:
Տա­սը տա­րի ա­ռաջ Յու­նի­սի վեր­ջին շա­բա­թը այ­Ֆոն-ը տա­րա­ծուե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու վա­ճա­ռա­տու­նե­րուն մէջ

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Նելսոն Փալոյեանը ծնած է Սանթիակօ, Չիլի: Ան երկրաչափ է եւ մասնագիտացած՝ համակարգիչներու մէջ: Ան մեծ եղեռնէն ճողոպրած երրորդ սերունդի հայ է: Կը խօսի եւ կը կարդայ հայերէն եւ ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն՝ իր հայ ծնողքէն:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեանի կարծիքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը վախնան «Սասնայ ծռեր»էն: Ազգագրագէտը այս կարծիքը յայտնած է Երեւանի մէջ գործող լրատուական ծառայութեան մը՝ նշելով նաեւ, որ հակառակ անոր, որ ինք ամբողջապէս համաձայն չէ «Սասնայ ծռեր»ու տարի մը առաջ կատարած գործողութիւններուն, որոշ դրական վերաբերում մը ունի զինեալներու գաղափարական մօտեցումին վերաբերեալ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ստիպուի ապրիլ զանազան դժբախտութիւններ՝ ցաւեր, վիշտեր, տառապանքներ. բնական երեւոյթ մըն է ասիկա, քանի որ սովորական եւ ընդհանուր է եւ չկայ մէկը, որ այդ ապրումները ապրած չըլլայ իր կեանքին մէջ՝ կարճ ժամանակ մը եւ կամ տեւապէս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Լեւատա-կեդրոն» ռուսական հետազօտական կազմակերպութեան կատարած հարցախոյզին համաձայն, Ռուսաստանի 5 բնակիչներէն մէկը (21 առ հարիւրը) կը կարծէ, որ վերջին շրջանին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մէջ դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017

Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քուէներ կը կորսնցնէ, երբ Անկելա Մերքէլի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը եւ նոյնիսկ կրնայ Ազատ-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն ակնկալել:

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017

Մայրիկէն նուէր ստացած ջութակին հետ, արդէն ութ տարիէ ի վեր, 20-ամեայ Շուշանիկ Մուրատխանեան անբաժան է։ Ջութակը իր հետ միասին շրջած է Հայաստանով եւ աշխարհով մէկ՝ մասնակցելով տարբեր մրցոյթներու եւ փառատօններու:

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017

​«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանէն ներս բացուած է «Ծնաւ մահկանացու, իր մասին թողեց անմահ յիշատակ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին։ Ներկայացուած են ծովանկարիչի յայտնի կտաւներու, լուսանկարներու արտատպումները՝ «Իններորդ ալիք», «Սեւ ծովը», «Նաւաբեկութիւն», «Ծովափ» եւ այլն։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017

Ատրպէյճան դիտումնաւոր ձեւով լարուածութիւնները կը հրահրէ Արցախի հետ շփման գծին վրայ:
Երէկ եւս շարունակուեցան հրադադարի խախտումները, որոնց հետեւանքով վիրաւորուեցան երեք հայ զինուորներ:

Էջեր