Արխիւ
«Սուրիահայերը կ՚ապաստանին իրենց նախնիներու հայրենիքը» գրած է The economist պարբերականը։
Քաղաքապետարանի կողմէ քաջալերուած ծրագրի բացման փուլին համերգ մը սարքեց Մարթէն Եորկանց:
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ մանուկներու ուղղեալ տիկնիկներու չորրորդ փառատօնը, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն:
Հայաստանի մէջ «Փրոֆփանէլ» ընկերութիւնը սկսաւ առաջին անգամ արտադրել արեւային վահանակներ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան գործարան այցելելով ծանօթացաւ SolarOn ապրանքանիշով ծաւալուած գործունէութեան:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամէտեարով կրնան տեսակցիլ ներկայ ամսուան տեւողութեան:
«Առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան որեւէ վերջնական համաձայնութեան հասնիլ կարելի պիտի չըլլայ»:
Ճաբոնի խորհրդարանական արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մոթոմէ Թաքիսաւայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, Թաքիսաւա տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։
Փարիզի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայ գործարարներու հանդիպում մը։ Սոյն հաւաքին մասնակցեցան աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ գործարարներ։ Կը հաղորդուի, որ այս հանդիպումը միեւնոյն ժամանակ դարձաւ սկիզբը «Համահայկական տնտեսական համախմբում»ին։
«Հայ եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքը արդէն պատրաստ:
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէնը բացատրութիւններ տուաւ բովանդակութեան շուրջ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց քուէյթաբնակ հալէպահայ գործարար եւ հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեանը։ Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց անոր հայանպաստ, ազգասիրական գործունէութիւնը թէ՛ իր համայնքէն եւ թէ Հայաստանէ ներս։
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք քաղաքական ուժերու՝ «Ազատ հայրենիք», Արցախի ժողովրդավարական եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերը հանդիպում մը ունեցած են նախընթաց օր:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճան վերջին օրերուն ունեցած է ութ զոհ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վիգէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստին:
«Մեր անբարեացակամ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու մէջ որեւէ դրական փոփոխութիւն այժմ տեղի չ՚ունենար»:
Մխիթարեան վարժարանը այս տարի տուաւ իր 192-րդ շրջանաւարտները: Ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը, որ պիտի կատարուէր վարժարանին պարտէզին մէջ, աննպաստ օդի հաւանականութեան պատճառաւ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ:
Եկեղեցական համագումար ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը ներկայացուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան նկատառման։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան. «Հիմա այլեւս կը սպասենք պետութեան արձագանգին։ Պատկան իշխանութիւնները գրութիւն մը կրնան ուղարկել տեղապահ սրբազան հօր եւ կամ զինքը կրնան հրաւիրել նահանգապետարան»:
Յառաջիկայ Երեքշաբթի Գումգաբուի մէջ նախատեսուած է համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին պիտի ստեղծուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը՝ 17 հոգիէ բաղկացեալ ընդարձակ կազմով մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացին եւ իր բարոյախօսութիւնը» ռուսալեզու աշխատութիւնը եւ Սիլվա Պետրոսեանի «Դաւիթ Անյաղթի հոգիի խնամքի իմաստութիւնը եւ արդիականութիւնը» մենագրութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եկեղեցի» բառը կը նշանակէ «հաւաքոյթ»։ Ուստի այս բառը կը գործածուի, ժողովուրդի մը ընդհանրապէս կրօնական բնոյթով համախմբումը ցոյց տալու նպատակով։ «Եկեղեցի» բառը գործածուած է նաեւ Հին Կտակարանի մէջ՝ «ընտրեալ ժողովուրդին Աստուծոյ շուրջ համախմբումի» նշանակութեամբ, այդ հաւաքականութեան իմաստով։
Ֆրանսայի մէջ, այս տարի, առաջին անգամ, տեղի պիտի ունենայ տուտուկի փառատօն, որու շնորհիւ հայկական գործիքին հանդէպ պիտի մեծնայ հետաքրքրութիւնը: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուած է Պ. Ի. Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեան։
Սեւանայ լիճը զբօսաշրջիկներուն ամենայաճախ այցելելի վայրերէն է: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան ըսած է, որ Սեւանը այն գրաւչութիւնն է, զոր իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ կ՚ուզէ անպայման տեսնել՝ անկախ եղանակէն:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ-երաժիշտ Շարլ Ազնաւուր Յուլիսի 15-ին համերգ պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը, որ կը ներկայացնէր կարեւոր նշանակութիւն։ Այսպէս, բնիկ սամաթիացի Մարանճեան գերդաստանի հանգուցեալ անդամներուն համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Այսու կը ծանուցանենք թէ 28 Յունիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի։