Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Էտուարտ Ճէրէճեան։ Այս անունը առաջին անգամ լսած եմ 80-ականներու վերջերուն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերն էին: Հօրս՝ Աբրահամ Ղազարեանի քրոջ՝ Ովսաննայի որդին՝ Սարգիսը մասնակցած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ քանի մը անգամներ փրկուած էր ստոյգ մահէ:

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

«Տա­րիք մը կայ, ուր կ­­՚ու­րա­նանք մենք մեզ ու այդ քան­դու­մո­վը կը խոր­հինք ը­նել ա­մե­նէն ար­դար ու շքեղ կեր­տու­մը»:

Ն. Սա­րա­ֆեան, «Վեն­սե­նի Ան­տա­ռը»

 

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017

Պատրիարքական Աթոռի կողմէ երանաշնորհ Շնորհք Գալուստեան Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք - 100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Եօթը պատգամներ եօթը եկեղեցիներու»։ Այս գործը պատրաստուած է Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժանմունքին կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Իրաւունք» եւ «ազատութիւն»՝ մարդկային կեանքին նուիրական արժէքներն են, կեանքին սնունդը եւ աւիշը։ Բայց, որպէսզի անոնք իրենց այս կարեւոր ու կենսական դերը կարենան կատարել՝ պէ՛տք է պարփակուին գլխաւոր երկու սահմանի միջեւ։ Այս երկու սահմաններն են՝ «չափաւորութիւն» եւ «օրինաւորութի՛ւն»։ Արդարեւ, չկա՛յ իրաւունք առանց օրինաւորութեան եւ չկա՛յ նաեւ ազատութիւն առանց չափ ու սահմանի։

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը, որ կը ներկայացնէր կարեւոր նշանակութիւն։ Այսպէս, բնիկ սամաթիացի Մարանճեան գերդաստանի հանգուցեալ անդամներուն համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017

Այսու կը ծանուցանենք թէ 28 Յունիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի։

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017

Պատրիարքական ընտրութիւնը թիւրիմացութիւններէ զերծ ու երաշխաւորեալ ձեւով կազմակերպելու նպատակով կ՚առնուին հեռատես ու նրբանկատ քայլեր, որոնք յաչս պետութեան ամուր ենթագետին մը պիտի ստեղծեն յառաջիկայ ճակատագրական գործընթացին համար:
Եկեղեցականաց համագումար ժողովը ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վերջ տուաւ ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին եւ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեանի համապատասխան իրաւասութիւններուն:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեանի գլխաւորութեամբ կ՚ընթանան նաեւ նախաձեռնարկ մարմին մը կազմելու ուղղեալ աշխատանքները: Ընդունուած բանաձեւը այսօր կը ներկայացուի Իսթանպուլի կուսակալութեան:

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017

​Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ թրքահայ համայնքին տեսակէտէ յատկանշական հարսանիք մը։ Այսպէս, երկրի հարաւի պատմական վանքերէն Նորավանքի մէջ ամուսնացան մեր համայնքէն Լենա Քաթըքէօյ եւ Շանթ Չաքմաքճը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017

Տեղապահ սրբազան հայրը այս առաւօտ նախագահեց Եկեղեցականաց համագումարի ժողովին:
Գումգաբուի մէջ ուշադիր աշխատանք կը տարուի՝ յաչս պետութեան բանաձեւելու եւ հիմնաւորելու համար ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին վերջ գտած ըլլալը: Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիպում մը ունեցան վերջին օրերու արձակուրդէն առաջ:
Նորին Սրբազնութիւնը կը շարունակէ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնները՝ նախաձեռնարկ մարմնի մը ձեւաւորման սեմին:

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ հայ մը, որ կը մեղադրուի իր հնգամեայ որդին սպաննած ըլլալով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր ընտանիքի անդամները, կամաւորներն ու իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները կը փորձէին գտնել պատասխանը այն հարցին, թէ ո՞ւր է հնգամեայ Արամազդը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017

Հիմնարկի Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակներու ղեկավարը այցելեց Երեւան:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Լարս Հենզէլ անդրադարձան «Քոնրատ Ատենաուէր»ի Հայաստանի գրասենեակի գործունէութեան:

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Շատերու համար դժուար է Քաթարի տեղը գտնել քարտէսի վրայ: Արաբական թերակղզիէն դէպի Պարսից կամ Արաբական ծոց երկարող աննշան տարածք մըն է, որ տեսքով ճիշդ կոյր աղիքին կը նմանի, անիմաստ ներկայութիւն մը՝ մարմնին մէջ, սակայն երբ բորբոքի, կրնայ մահուան եզրին հասցնել մարդը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, որ նոյն ակէն անուշ եւ լեղի ջուր չի՛ բխիր (Հմմտ. Յկ 3.21), սակայն մարմնիդ փոքրիկ մասնիկէն՝ ճկուն մկանէն՝ լեզուէն կ՚արտաբերուին թէ՛ մեղրածոր խօսքեր եւ թէ չարախինդ ասոյթներ, որոնք հատու սուսեր նման կը խոցոտեն սիրտդ, կեղծանոյշ խօսքերով քեզ կը խաբեն, համոզկեր լեզուով կը փորձեն «ամոքել»  դժուարութիւններդ, ակնթարթի մը մէջ քեզ գեհենի հրաբորբ կրակին մէջ կը նետեն, մելանոյշ խօսքերով քեզ ժահաբոյր գերեզմանի կը վերածեն, միաժամանակ լպրծուն օձերու նման կը սողոսկին քու ներաշխարհդ՝ տրամադրութիւնդ մահաբեր թոյներով քանդելու համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, մարդ էակը կազմուած է մարմինէ եւ հոգիէ՝ որոնցմով ամբողջութիւն մը կը կազմէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2016-2017 ուսումնական տարուայ փակման արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու տեսչական, ուսուցչական անձնակազմը եւ ճեմարանի սաները։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յունիս 21-ին, 17 տարի առաջ, Սիաթըլի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իրաքի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմնի ՄԱԿ-ի գրասենեակի գործադիր տնօրէնը վերջերս կը գտնուէր Երեւանի մէջ: Լիբանանահայ երիտասարդ գործիչը, որ վերջին անգամ կը պաշտօնավարէր Յորդանանի «Ալ Զահթար»ի գաղթակայանին մէջ, այսօր փոխադրուած է Իրաքի Քիւրտիստանի հատուածի կեդրոնատեղի համարուող՝ Էրպիլ:

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ինքնասպանութիւնը միայն սեփական մարմնիդ դէմ ուղղուած վտանգ մը չէ, ոչ ալ մտքիդ մէջ գոյաւորուած տարտամ եւ անկայուն վիճակին յանկարծակի պոռթկման մէկ հետեւանքը։ Ինքնասպանութիւնը ունի իր բազմակի տեսակաւորումներն ու շերտաւորումները. շատ յաճախ հաճոյաձիգ երեւոյթներով՝ կը սպաննես նկարագիրդ եւ բարոյական արժէքներդ, բարոյազուրկ գաղափարներով՝ կը տոչորես շինիչ մտածումներդ, իսկ զազիր մոլութիւններով՝ ընտանիքիդ կեանքի թելը կը կտրես՝ խոր վիհ մը յառաջացնելով քու, տիկնոջդ եւ զաւակներուդ միջեւ։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մտածելը՝ մարդուս ամենէն յատկանշական արարքն է, քանի որ ան միակ էակն է որ բանականութիւն ունի՝ կը խորհի, կը դատէ եւ կ՚որոշէ։ Ամէն մարզի մէջ, եւ մանաւանդ մտային զարգացման համար ալ անհրաժեշտ է վարժութիւնը՝ մտային մարզանքը։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ԵԺԿ-ի գագաթաժողովին:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն:

Էջեր