Արխիւ
«G-20»ի գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ աննախընթաց բողոքի ցոյցերու մթնոլորտին մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Համպուրկի ծրագրի կարեւոր փուլերէն մին էր Տանըլտ Թրամփի հետ երէկուան կարճատեւ զրոյցը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
30 Յունիսի երեկոյեան, լիբանանեան բանակի յատուկ ստորաբաժանումներ նախայարձակ գործողութիւն մը կը կատարէին Արսէլ աւանի սուրիական գաղթականներուն ուղղութեամբ: Գործողութեան արդիւնքով կը ձերբակալուին 300-է աւելի սուրիացիներ, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կը մեղադրուէր ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) եւ «Ալ Նուսրա ճակատ»ի անդամակցութեամբ:
Գնալը կղզիի մէջ սկսան Թաքսիմ մարզակումբի 2017 թուականի ամրան դասընթացքները։ Կղզիի մարզադաշտին վրայ այս առթիւ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան դասընթացքի շուրջ քառասուն սաները։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան անցեալ շաբաթավերջին նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարներու գիւտի տօնին առթիւ Զէքիեան Գերապայծառ մատոյց հանդիսաւոր Ս. Պատարագը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքին համաձայն, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին, 6 Յուլիս, Հինգշաբթի առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Օտարին ջրաղացին մէջ ջուր լեցնելու եւ այդ օտար ջրաղացէն յագենալու երեւոյթը հայուն «հաւատարմագրուած» սովորոյթն է դարձած։ Սակայն այդ ջուրէն օգտուող-զոհը երբեք գիտա՞կցած է եւ ինքնիրեն հարց տուա՞ծ է, թէ այդ «քաղցրահամ» ջուրը զուլա՞լ է, ո՞ւր է անոր ակնաղբիւրը եւ որո՞ւ կը ծառայէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստութիւն է չգիտցածը գիտնալ, առաքինութիւն է՝ իր թերութիւնը ընդունիլ։ Արդարեւ, երբ մէկը կը կարծէ գիտնալ ամէն ինչ, գիտութեան մէջ քայլ մը չի կրնար յառաջանալ, քանի որ «սորվելիք ո՛չինչ ունի» կը կարծէ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
26.2 մղոն (42.2 քմ.) մարաթոնի վազքը սկսած է 1896 թուականի Ողիմպիական խաղերուն։ Ան կը խորհրդանշէ յոյն զինուորի մը վազքը՝ Մարաթոնէն մինչեւ Աթէնք, աւետելու յաղթանակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան ողբերգական երեւոյթ մըն է երկու կամքերու բախումը՝ ուր ողջմտութեան եւ խղճին պարտութիւնը կը տեսնուի քմայքին առջեւ։ Ընկերային եւ ընտանեկան կեանքի մէջ կարելի չէ երեւակայել ասկէ աւելի եղերական պարտութիւն մը։ Արդարեւ, ողբերգական տեսարան մըն է տեսնել չափահաս երիտասարդի մը ինքնահաւանութիւնը, երբ հպարտութեամբ կ՚ըսէ.
Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 1-ին Շուշիի մէջ սկսած է «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքը (symposium):
Եւրոխորհրդարանը կոչ ուղղեց՝ որպէսզի անդամակցութեան բանակցութիւնները կասեցուին Թուրքիոյ հետ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Սթրազպուրկի մէջ առնուած որոշման դէմ:
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի աւարտէ իր առաքելութիւնը եւ իրականութեան մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան հրաժեշտ տալու համար մեկնած էր Երեւան, սակայն քանի որ իր շփումները Արցախի ճակատի հերթական լարուածութեան օրերուն համընկնեցան՝ քննարկումները կեդրոնացան այդ հարցին վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այս շաբաթավերջին պիտի գայ Թուրքիա։ Կիրակի, 9 Յուլիսին, Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային նաւթի համաժողովը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարն ալ պիտի գտնուի այս հաւաքի մասնակիցներու շարքին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամ մը տեսակցեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ:
Անգարա անհանգիստ է ՓՔՔ-ի նկատմամբ որդեգրուած դիրքորոշումէն եւ կ՚ակնկալէ, որ Պերլին քայլ մը առնէ խոյս տուած ՖԵԹԷՕ-ականներու արտայանձնման ուղղութեամբ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան 241-րդ տարեդարձը Իսթանպուլի մէջ նշուեցաւ մեծ շուքով։ 4 Յուլիսի Անկախութեան տօնին առթիւ այս տարուան պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Մեճիտիէգիւղի «Fairmont» պանդոկին մէջ։
San Francisco Chronicle թերթը հրապարակած է յօդուած մը հայ կօշկակարին մասին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚աշխատի 1976 թուականէն ի վեր:
Լիբանանի մէջ արուեստագէտ Հրայր Սարգիսեանի «Հայրենակարօտ» խորագրեալ առաջին անհատական ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի այսօր։ Անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբերի 2-ը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
The Economist հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձաւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն:
Երեւանաբնակ 61-ամեայ Հրայր Ակուլեան համոզուած է, թէ քրիստոնեաները ապագայ չունին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Լոյսը խաւարի մէջ» պատկերագրքի շնորհանդէսը։ Այս գիրքին մէջ տեղ գտած են լիբանանահայ փորձառու լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներէն Մերի Պատալեանի եւ Գայիանէ Թադէոսեանի ստեղծագործութիւնները։
Արցախի ճակատին վրայ կը շարունակուին մտահոգիչ իրադարձութիւնները։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ վերջին օրերուն դարձեալ լարուածութիւնը բարձրացած է աննախընթացօրէն։