Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդ­հան­րա­պէս կեն­ցա­ղա­վա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ՝ հրա­ւէ­րը ըն­դու­նիլ եւ ըն­դա­ռա­ջել ա­նոր։ Ար­դա­րեւ հրա­ւէ­րը մեր­ժել, հրա­ւի­րո­ղին բա­րե­կա­մու­թիւ­նը մեր­ժել կը նշա­նա­կէ, ան­շուշտ ե­թէ շատ բա­նա­ւոր եւ ար­դա­րա­ցու­ցիչ պատ­ճառ մը գո­յու­թիւն չու­նի մեր­ժու­մը։ Այս ի­մաս­տով, հրա­ւէ­րի մը ըն­դա­ռա­ջել կամ մեր­ժել չա­փա­նիշ մըն է եր­կու կող­մին բա­րե­կա­մու­թեան, մտեր­մու­թեան եւ ա­նոնց փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան ան­կեղ­ծու­թեա­նը, ա­ռող­ջու­թեա­նը։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

«Նա­րե­կա­ցի» ա­րուես­տի միու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ կեան­քի կո­չել ազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող նոր կրթա­կան ծրագ­րեր: Այս­պէս, միու­թիւ­նը պի­տի սկսի «Նա­րե­կա­ցի եր­գա­րան» խո­րագ­րեալ դա­սըն­թաց­նե­րու շար­քի մը, ո­րու ըն­թաց­քին, իւ­րա­քան­չիւր ամ­սուան ա­ռա­ջին Ուր­բաթ օ­րը, ներ­կա­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան սոր­վե­լու եւ միա­սին եր­գե­լու հայ­կա­կան եր­գեր՝ ժո­ղովր­դա­կան, գու­սա­նա­կան, հո­գե­ւոր, եր­գա­հա­նա­կան, ման­կա­կան եւ այլն:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

Լոն­տո­նաբ­նակ պատ­մա­բան Տէյ­վիտ Կրանտ կը պնդէ, որ տասն տա­րի փնտռտուք­նե­րէ ետք յայտ­նա­բե­րած է Աղեք­սանդր Մա­կե­դո­նա­ցիի կտա­կը: The Daily Mail պար­­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կած է կտա­կին լու­սան­կա­րը, որ գրուած է գրա­բա­րով:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

Գա­լի­ֆոր­նիոյ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, «Ապ­րիլ» գրա­խա­նու­թին մէջ  տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­նաս­տեղծ Գրիշ Դաւ­թեա­նի նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղո­վա­ծո­յին՝ «Օ­րա­ւուր» գիր­քին շնոր­հա­հան­դէ­սը:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

Մոս­կուա­յի «Չայ­քովս­քի» պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը վեր­ջերս նուէր ստա­ցաւ աշ­խար­հահռ­չակ յօ­րի­նող Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի կի­սանդ­րին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այդ քան­դա­կը պի­տի տե­ղադ­րուի ե­րաժշ­տա­նո­ցի մեծ դահ­լի­ճի մուտ­քաս­րա­հին մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան ա­ւար­տե­լով իր պաշ­տօ­նա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Թեհ­րան՝ վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին փու­լին Վի­գէն Սարգ­սեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Խա­մա­նէ­յի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով խորհր­դա­կա­նին՝ Ա­լի Էք­պէր Վե­լա­յէ­թիի հետ։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

Մինչ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ գե­րե­վա­րուած ա­զէ­րի զի­նուոր Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէի հար­ցը կը մնայ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Թա­լի­շի մէջ նա­խըն­թաց օր Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը կա­տա­րած էին ներ­թա­փանց­ման փորձ մը, ո­րու ձա­խող­ման զու­գա­հեռ գե­րի ին­կած էր Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

Երեւանի մէջ երէկ կազմակերպուեցաւ եզակի հաւաք մը, որ մէկտեղեց բազմաթիւ հայերնադարձներ:
Հրանոյշ Յակոբեան. «Սուրիահայերը վերջին տարիներուն իրենց հետ բերին նոր մշակոյթ ու նոր մօտեցումներ»:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

Թուրքիա եւ Գերմանիա կը քննարկեն պաշտպանական արդիւնաբերութեան գետնի վրայ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Էրտողան բարձր գնահատեց Անկելա Մերքէլի նպաստը՝ Եգէականի մէջ գաղթականաց մահերու կասեցման ուղղութեամբ՝ ԵՄ-ի հետ համաձայնութեան զուգահեռ:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բաժ­նէն լոյս տե­սաւ «Տօ­նա­պատ­ճառ» ժո­ղո­վա­ծո­յի (Վար­դան Հաղ­բա­տե­ցիի, Վար­դան Ա­րե­ւել­ցիի եւ Յով­հան­նէս Գան­ձա­կե­ցիի խմբագ­րում­նե­րը) ա­ռա­ջին մա­սը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած գիր­քի մե­կե­նասն է «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

ՄՈՎ­ՍԷՍ ԾԻ­ՐԱ­ՆԻ

Գե­ղան­կար­չա­կան բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նու­թիւ­նը կ՚առըն­չուի ա­ւե­լի գու­նե­րանգ­նե­րու ու կեր­պե­րու, քան՝ բո­վան­դա­կու­թեան հետ: Ե­րաժշ­տա­կա­նու­թիւ­նը, ա­ռանց գու­նե­րանգ­նե­րու կշռոյ­թին, դժուար թէ կա­րո­ղա­նայ բա­ցա­յայ­տել կտա­ւի բա­նաս­տեղ­ծա­կան հէն­քը: Իսկ երփ­նե­րանգ բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նու­թիւ­նը, ա­ռանց գու­նա­ծին լոյ­սի, կը դառ­նայ ինքնան­պա­տակ ու կը մնայ լու­սանց­քի վրայ:

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խա­տան­քը՝ աշ­խար­հի սկիզ­բէն ի վեր ան­փո­փոխ եւ կեն­սա­կան սկզբունք մը ե­ղած է ա­մէն կեն­դա­նի էա­կի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­մա­նը հա­մար։ Եւ բո­լոր կեն­դա­նի էակ­նե­րու ա­մե­նէն կա­տա­րեա­լը՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ ե՛ւ բա­նա­կա­նու­թեամբ օժ­տուա­ծը՝ մար­դը աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ է որ կրցած է ա­պա­հո­վել իր էու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը երէկ Թալիշի մէջ գերեվարեց Ատրպէյճանի բանակէն զինուոր մը՝ Էլնուր Հիւսէյինզատէն:
Իր զօրքերու ներթափանցման ձախող փորձէն վերջ, Պաքուի ղեկավարութիւնը կը ջանայ նաեւ հրաժարիլ գերի ինկած զինուորականէն, որ անվտանգ է:

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

Յայտնի շարականագէտը ծննդեան 80-ամեակի յոբելենական շրջանին թուղթին յանձնեց իր վկայութիւնները:
Երաժշտապետ Նշան Չալկըճեանի յուշերը լոյս տեսան՝ մեկենասութեամբ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ե­րի­տա­սար­դը կը պրպտէ տան գզրոց­նե­րը, պրպտում­նե­րուն մի­ջո­ցին ա­մէն ինչ դուրս կը թա­փէ, ներք­նազ­գեստ­ներ, հա­գուե­լիք­ներ, թուղ­թեր կը լե­ցուին սե­նեա­կին ա­մէն կող­մը: Խառ­նաշ­փոթ վի­ճակ մը ու­նի ան: Ի՞նչ է փնտռա­ծը ար­դեօք: Ձեռ­քին մէջ դրա­մա­պա­նակ­ներ կան, մէ­կիկ-մէ­կիկ կը զննէ զա­նոնք, կը շրջէ ու կը թօ­թուէ, թե­րեւս կո­պեկ մը իյ­նայ, յոյ­սի նշոյ­լի մը պէս լու­սա­ւո­րէ զինք: Սա­կայն ի զուր, դրա­մա­պա­նակ­նե­րուն մէջ ոչ կո­պեկ­ներ կան, ոչ ալ թղթադ­րամ­ներ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր արուեստա­գիտուհի, երգ­չու­հի, «Շո­ղակն» խում­բի հիմ­նա­դիր, մեր մա­քուր հայ­կա­կան եր­գե­րու, խա­ղիկ­նե­րու, օ­րօ­րո­ցա­յին­նե­րու լա­ւա­գոյն կա­տա­րող­նե­րէն՝ Յաս­միկ Յա­րու­թիւ­նեան այն հա­զուա­գիւտ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէն է, ո­րոնք եր­բեք ա­ժան ու շու­կա­յա­կան ճա­շակ ա­պա­հո­վե­լու ճամ­բան չեն բռներ: Քսան տա­րիէն ա­ւե­լի ան նոյն ժան­րի, նոյն ո­ճի մէջ հայ ազ­գա­յին, ժո­ղովր­դա­կան եր­գը ան­խառն կը մա­տու­ցէ մե­զի ու աշ­խար­հին

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կին­քէն մա­ղուող ա­նա­րատ ձիւ­նը, մա­քուր սպի­տակ ձիւ­նը ո՜ր­քան կը նմա­նի նո­րա­ծին ան­մեղ մա­նու­կի մը։
Տա­կա­ւին երբ եր­կինքն է եւ հա­զիւ թէ կու գայ պա­տել աշ­խարհ, ձիւ­նը՝ սպի­տակ, մա­քուր, ան­բիծ, ի­րա­պէս կը նմա­նի մա­նու­կի մը՝ որ դեռ չէ՛ «աղ­տո­տած» աշ­խար­հով, մարդ­կա­յին այն էա­կը, որ կը ծնի մա­քուր եւ ա­նա­րատ եւ սա­կայն հա­զիւ թէ կը ծա­նօ­թա­նայ «աշ­խարհ»ին, ար­դէն աշ­խար­հը կը սկսի զինք պա­տել, գրա­ւել եւ կաշ­կան­դել։

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

Գրիչ­նե­րու եւ գրե­նա­կան պի­տոյք­նե­րու ար­տադ­րու­թեամբ զբա­ղող National Pen ըն­կե­րու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րը վեր­լու­ծած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի ձե­ռա­գի­րը ու մի քա­նի ու­շագ­րաւ փաստ պար­զած՝ ա­նոր մա­սին:
Ըստ The Daily Mail-ի, ձե­ռագ­րի վեր­լու­ծու­թիւ­նը (grafolo­ji), հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ տուեալ ան­ձի բնա­ւո­րու­թեան ու ա­ռող­ջու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­ւե­լի քան հինգ հա­զար ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ե­րե­ւան հա­նել:
­

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

Լի­բա­նա­նի նո­րըն­տիր ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն գու­մա­րեց իր անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վը՝ ներ­կա­յու­թեամբ իր բո­լոր ան­դամ­նե­րուն:
Նիս­տին ըն­թաց­քին Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն կա­տա­րեց կարգ մը նշա­նա­կում­ներ եւ յա­ռա­ջա­ցուց իր մնա­յուն յանձ­նա­խում­բե­րը՝ զա­նա­զան մար­զե­րու մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017

Հա­յաս­տան երկ­րորդ կար­գի վրայ կը գտնուի 2017 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հան­գիս­տի հա­մար ա­մե­նա­մատ­չե­լի ուղ­ղու­թիւն­նե­րու ցան­կին մէջ:

Էջեր