Արխիւ
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն ծիրէն ներս պէտք է արագօրէն ակնկալուած արդիւնքին հասնիլ Էլ Պապի պարագային ու պէտք չէ այլեւս աւելի խորանալ։
Վլատիմիր Քազիմիրով «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ին մէջ յօդուած մը գրի առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին:
Ռուս փորձառու դիւանագէտի դիտարկումներով՝ Պաքուի ղեկավարութիւնը կը ջանայ այս կամ այն ձեւով ձախողեցնել միջնորդներու ջանքերը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Մասիս Քարա իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցութիւն բերելու ՆԱՍԱ-ի ծրագրերէն մէկուն։ Իր այս գերազանց յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն պարգեւած է Ֆէրիգիւղի ընտանիքին։
Ռուսահայ գործարարը Forbes-ի «Կալուածներու թագաւորներու» ցուցակին վրայ երրորդ:
«Տաշիր»ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան կը պատրաստուի մեծ ներդրումներ ընել Հայաստանի մարզերուն մէջ:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հաւանաբար յոռետես նկատուիմ այս գրութեանս պատճառով. սակայն, պահ մը դիտենք մեր շրջապատը եւ ըստ այնմ որոշում կայացնենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ հարցուի, թէ՝ այսօրուան մարդկութեան մեծագոյն հարցը ի՞նչ է, անշուշտ զանազան տեսանկիւններէ դիտելով հարցը, տարբեր պատասխաններ կը ստացուի։
Մոլորակի ամենատաք վայրերէն մէկուն՝ Սահարա անապատին մէջ՝ այդ վայրին համար անբնական երեւոյթ մը տեղի ունեցած է. անապատի շիկացած աւազաթումբերը ծածկուած են ձիւնի ճերմակ շերտով: Ինչպէս կը նշէ The Guardian-ը, ձիւնը տեղացած է Ալժիրի Այն Սեֆրա քաղաքի մօտ, ուր ամրան ամիսներուն օդի ջերմաստիճանը կը գերազանցէ սելսիուսի սանդղակով 40 աստիճանը:
UWC Dilijan Միջազգային դպրոցը, որ հիմնած է գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, յայտնուած է Forbes-ի վարկանիշի լաւագոյն հնգեակի մէջ: Դպրոցը ներառուած է ռուս միլիառատէրներու մասնակցութեամբ ստեղծուած լաւագոյն դպրոցներու վարկանիշին մէջ, որուն կարելի է ծանօթանալ Forbes հրատարակութեան պաշտօնական կայքին մէջ:
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի վեց անդամ, ներառեալ՝ 2016 թուականի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 98 քկ. քաշային Արթուր Ալեքսանեան, Յունուարի 27-29 թուականներուն պիտի մասնակցին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ կայանալիք միջազգային մրցաշարքին:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի դէպի Ռուսաստան պաշտօնական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութիւնները լաւատես կանխատեսումներու ծնունդ տուած են հայ-ռուական համագործակցութեան ապագային տեսակէտէ։
Ժընեւաբնակ գործարար եւ Մարսէյլի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Սրմաքէշի, սփիւռքահայ գործարար Քրիստիան Կերիճիի եւ արթիկցի Վարագեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ, Շիրակի մարզի Վարդագոյն քաղաքին մէջ մօտ ապագային պիտի բացուի երեք հարիւր աշխատատեղի, բայց մինչ այդ գործարանը համապատասխան աշխատուժով ապահովելու համար նախ կարի ուսուցման կեդրոն բացուեցաւ Արթիկի մէջ. կը մնայ գտնել գործարանին շէնքն ու վերանորոգել զայն:
Հայաստանի մէջ կը շարունակուի խստաշունչ ձմեռը։ Ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի պարագային այս տարուան ձմեռը յարաբերաբար աւելի խիստ է ու մանաւանդ՝ ձիւնն ալ առատ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղեալ հանրաքուէն հաւանաբար տեղի ունենայ Ապրիլ ամսուան մէջ։ Ըստ իրեն, Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղեալ առաջարկը ներկայացուած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հաւանութեան։
Ֆրանսայի նախկին հանրապետութեան նախագահներէն Ժագ Շիրաք առաջադրուեցաւ Նոպէլեան խաղաղութեան թեկնածու։ Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, համապատասխան թղթածրարն ու նամակը ներկայ շաբթուան սկիզբին յանձնուած է Նոպէլեան կոմիտէին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն ու քարտուղարութեան գլխաւոր պատասխանատուները։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Մոսկուա։ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս ուղեւորութիւնը, որու շրջագծով Կարէն Կարապետեան երէկ Մոսկուայի կեդրոնին ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի յուշարձանին մօտ։
ԱՄՆ-ի նոր վարչախումբը ի՞նչ դիրքորոշում պիտի որդեգրէ հայկական հարցին շուրջ:
Պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսըն պատրաստակամ է՝ նպաստելու համար Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան:
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ուժանիւթի շաբաթ 2017» խորագրեալ ձեռնարկներու շարքը՝ բազմակողմանի քննարկումներով:
Սերժ Սարգսեան. «Իրանի եւ Վրաստանի հետ ելեկտրահաղորդման գիծերու օգտագործումը նոր մակարդակի պիտի բարձրացնէ Հայաստանի համակարգը»:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին զրոյց՝ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավարին հետ:
Նարեկ Գալստեան. «Մեր երկրի առկայ լուրջ մարտահրաւէրները պէտք է լուծուին մեծ միաւորումներու ճանապարհով»:
Յունուարի 22-ին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, ուխտագնացութիւն կազմակերպած էր դէպի Յորդանան գետ։