Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տաթեւի վանքի խորհուրդէն՝ մինչեւ գրաւոր պատկառելի ժառանգութիւն:
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան Հայաստան ուղեւորութեան վերաբերեալ տպաւորութիւնները վերադառնալէ առաջ բաժնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ:
«Չկայ երկիր մը, ուր հայկական ձեռագիր մը չըլլայ։ Ուրախառիթ է՝ հայագիտութեան ասպարէզին բազում երիտասարդ գիտնականներու ներգրաւուած ըլլալը։ Վերջին օրերը ուխտագնացութեան մը համազօր էին ինձ համար։ Մայր տաճարը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ անփոխարինելի է»:
«Հայագիտութիւնը բազմաճիւղ դառնալով ահռելի զարգացում մը արձանագրած է եւ սկսած է նմանիլ բժշկութեան, ուր իւրաքանչիւրը ունի իր նեղ մասնագիտութիւնը»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեան իր «Վաղուան հոգին» գրքոյիկին մէջ յաջորդ եզրը՝ որու մասին կ՚անդրադառնայ, պետութիւնն է: Բնականաբար երբ պետութիւն կ՚ըսենք այդ ժամանակահատուածին համար, այսինքն՝ 19-րդ դարու սկիզբին, խօսքը կ՚երթայ այդ ժամանակաշրջանին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի զանազան փորձութիւնները, գայթակղութիւնները բարոյական, անտեսանելի հարուածներ են՝ որոնք մարդուս պատճառ կը հանդիսանան՝ շեղելու ուղիղ ճամբէն եւ հետեւելու անօրէնութեան ու չարութեան ճամբուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող երկու յօդուածներով օգնեցինք, որ Մ. Գուշակի օժանդակութեամբ մեր հայ երիտասարդները՝ ճաղատ թէ՛ մազաշատ յաջողին գերել իրենց սիրած օրիորդներուն սիրտը, սակայն չկարծուի, որ օրիորդներուն համար ալ գուշակութիւններ ու կախարդութիւններ նախատեսուած չեն. օրիորդները եւս ունին իրենց սիրտին տիրած մէկը եւ տիրանալու համար Մ. Գուշակը անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արաբ քաղաքացի մը, անկախութենէն վերջ տարածաշրջանէն ներս ոգեւորութեան ալիքը բարձրանալէ ետք, ցոյցի մը ընթացքին սպաննուեցաւ: Մինչ ան իր Տիրոջ մօտ է, կը կարօտնայ իր կնոջ, զաւակներուն եւ իր հայրենիքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տառապանք եւ վիշտ՝ ամենէն հին գոյութիւն ունեցող խնդիրն է աշխարհի վրայ։ Այս հարցով եթէ ակնարկ մը նետենք յունական կամ հռովմէական հին աշխարհի վրայ, եւ քննենք նշանաւոր փիլիսոփաներու տեսութիւնները՝ գրեթէ նոյն բանն է որ կը յանձնարարուի վշտին իբր դարման, հեշտասիրութիւն՝ Եպիկուրով եւ անտարբերութիւն՝ Ստոյիկեան Զենոնով։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն:
2013-2022 շրջանի վարչական գործունէութեան լոյսին տակ յետադարձ հատուցում պահանջելու ուղղեալ գործընթաց:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ջերմօրէն հիւրընկալեց Պոլսոյ Աթոռի պատրիարքական փոխանորդը:
Նորին Սրբութիւնը Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանին նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններէն մին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Լիայոյս ենք, որ երէկուան մեր յօդուածին հետեւելով իր գլխուն վրայ մազ ունեցող իւրաքանչիւր երիտասարդ իր քայլերը դէպի ամուսնութիւն սկսաւ առաջնորդել. սակայն նկատի ունենալով, որ ընթերցողներուն մէջ կրնան գտնուիլ ճաղատներ, կու գանք Մոգական գիրքէն այլ լուծում մը առաջարկել (վերջապէս ձեր մեղքը չէ՛ որ ճաղատ դարձած էք. թող բնութիւնը ամչնայ):
Անգլիացի հանրայայտ գրող Ճորճ Օրուէլի կարծիքով՝ պատմութիւնը վերահսկողը՝ ապագան կը վերահսկէ։ «Կենդանիներու ագարակը» եւ «1984» նշանաւոր գործերու հեղինակը կ՚ակնարկէ, որ պատմութեան շարադրումը ունի քաղաքական ենթագիր մը, որուն իրականացնողը կը ձեւակերպէ իր իշխանութեան օրինակարգութիւնը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ տարին, մեր ամուսնութեան իբրեւ մեծ նուէր, մեր երկու տղաքը մեզի՝ այր եւ կին, դէպի Եւրոպա՝ Իրլանտա եւ Իրլանտական հանրապետութիւն, շրջապտոյտի մը ղրկեցին: Միշտ կը յիշեմ: Լաւ կը յիշեմ:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանէն երիտասարդ արուեստագիտուհի Լիլիթ Մովսիսեանը, որ հեղինակն է «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» փաստավաւերագրական ժապաւէնին։ Պոլիսէն հասած աշխարհահռչակ երաժիշտ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ արտադրուած գործ մըն է յիշեալ ժապաւէնը, որ յոբելեանի արժեւորման ճանապարհին մեծ նշանակութիւն ունեցած է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհի ընդհանուր ընթացքը քիչ թէ շատ հասկնալու համար ընդունուած բան է՝ միջազգային լրահոսին մէջ շրջագայութիւն մը կատարել։ Նախ, անշուշտ, քաղաքական օրակարգն ու անոր ածանցուած նիւթերը, որոնց կը յաջորդեն նաեւ այլ զանազան գլուխներ՝ գիտականէն կամ մշակութայինէն սկսեալ, մինչեւ մարզական։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
-Մամ, երկու հարսանիք կ՚ըլլա՞յ…
-Ինչո՞ւ չէ տղաս, պաշտօնական երկու լեզու ունինք, երկու կաթողիկոս, որմէ առաջ կու գայ նաեւ երկու եկեղեցի, արեւելեան եւ արեւմտեան լեզուներ…
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն եկեղեցականներ, որոնք երկշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցեցան մայրավանքի համալիրէն ներս։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
1938 թուականին լոյս տեսաւ Պոլշեւիկներու համամիութենական համայնավար կուսակցութեան պատմութեան «Համառօտ դասընթացք» անունով «դարակազմիկ» գիրքը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն զգալի յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան պայմանագրի ձեռքբերման ուղղութեամբ:
Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ արձանագրուած զարգացումը միշտ կ՚անհանգստացնէ Պաքուն:
Եւրոմիութիւնը որոշեց բանակցութիւններու սկսիլ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն ազատ մուտք ապահովելու հեռանկարով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ ծաւալեցան հաւաքականութիւններու մտային, իմացական, գիտակցական եւ մշակութային տարողութիւնները եւ անոնց հետ առընչուած կիրառական աշխարհը: Կը նկատենք, որ ներկայիս մարդիկ հաւաքականօրէն աւելի խելացի են, ուշիմ ու բաց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը իր ներկայացուցած դասերով եւ փորձառութիւններով կրթութիւն է, որմէ կ՚օգտուին բոլոր անոնք, որոնք կեանքը կ՚ապրին գիտակցութեամբ եւ կ՚անդրադառնան իրենց շուրջ պատահած բնական երեւոյթներուն։