Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին աւելի քան վեց տարիներու ընթացքին այլեւս զարմանալի ու տարօրինակ չէ, որ Հայաստանի ղեկին յայտնուող անձնաւորութենէն որոշ ժամանակը մէկ «նորութիւն» մը, «նորարար գաղափար» մը լսենք, որ չե՛ս գիտեր, թէ ո՞ր ախոռէն, կամ ո՞ր յիմարանոցէն կը բերէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչ մատեանի գիրքերու հեղինակները զանազան աստիճանի կրթութիւն ունէին եւ զանազան կարգի կը վերաբերէին։ Ոմանք օրէնսդիր եւ օրէնսգէտ էին, ինչպէս Մովսէս. ուրիշներ՝ սաղմոսերգու եւ բանաստեղծ, ինչպէս Դաւիթ եւ Սողոմոն. ոմանք՝ զօրավար, ինչպէս Յեսու, ոմանք՝ քահանայ, ինչպէս Եզրաս, ուրիշներ՝ հովիւ, ինչպէս Ամովս, տէրութեան պաշտօնեայ՝ ինչպէս Դանիէլ, գրագէտ՝ ինչպէս Պօղոս, կամ ձկնորս եւ «տգէտ եւ առանց ուսումի մարդիկ»՝ ինչպէս Պետրոս եւ Յովհաննէս։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է այս վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Հորոզօղլուները խմբագրատունս այցելեցին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ընտանիքի հրաւէրով այս օրերուն քաղաքս կը գտնուի Երեւանէն՝ «www.digilib.am»ի թեքնիք տնօրէն Յովհաննէս Կիզողեան, որու հետ երէկ երեկոյեան ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեւոյ համալիրէն ներս։ Թաղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ջանքերով կազմակերպուած էր այս մտերմիկ հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Կրօնական ժողովի ատենադպիր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) արտաքին գործոց պետական նախարար Ահմէտ Սայէղի հետ։
Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա անմիջական կապի մէջ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներուն շուրջ:
Անգարա երթուղիկներու եւ հաղորդակցութիւններու ցանցերու զարգացման համար նոր նախաձեռնութիւններու հետամուտ:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Պզտիկ էինք…Կախարդ բառէն կը սոսկայինք։ Կախարդը գէշ եւ չար կին կամ մարդ էր, տուները կը քանդէր, սիրածները կը բաժնէր, հարս ու կեսուր իրար կը ձգէր, թուղթ ու գիր կ՚ընէր, ի՛նչ ըսես, որ չէր ըներ… Յետոյ կախարդները չար աչք ալ ունէին…
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ժողովո՞ւրդ:
Ի՞նչ ժողովուրդ է ասիկա, որ ամբողջ գիշերը մինչեւ առաւօտեան կողմերը կը գովէք, մինչ ան բերանով մէկ կը յօրանջէ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց:
Ձեր լեզուներով խաշեցէ՛ք զայն ո՜վ բանաստեղծներ, գրողներ եւ վիպասաններ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն…». (ՄԱՏԹ. Ե 3)։
Կարելի չէ ուրանալ, թէ հարստութենէն աւելի աղքատութիւնն է, որ կը խթանէ ճիգը, ինքզինքին ընդարձակումը։ Ուստի, ստացուածքներէ աղքատանալը ուժերով հարստանա՛լն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ ուսումնասիրենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ մարդ արարածին համար ինչքան կարեւոր եղած է աւանդութիւնը, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորուելով կազմած են մարդկային ըմբռնումն ու հասկացողութիւնը:
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ յիշեալ հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Լուսինէ Սարգսեան։
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան արդէն 85 տարեկան է։ Այս յոբելեանին առթիւ լոյս ընծայուած է «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան, որ նուիրուած է մեծանուն արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան եւ որու հեղինակն է Աննա Արեւշատեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու լրագրող եւ վերլուծաբան Արմէն Դուլեան։ Շաբաթավերջին իր ինքնազգացողութիւնը յանկարծ ծայրայեղ ձեւով վատթարացած է բնակարանին մէջ եւ դժբախտաբար, կարելի չէ եղած կեանքը փրկել եւ 71 տարեկան հասակին կնքած է իր մահկանացուն։
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կարծիքի բազմակողմանի փոխանակումներ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչները՝ յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալը, նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլանն ու Եուճին Ռումէրը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սուուտի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակած։
Երուսաղէմի հայոց վանքի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի երդիքին տակ էքիւմենիք հանդիսաւոր աղօթք:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ քարոզեց Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու Նազար Պինաթլըն:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին համար նուիրահաւաքը այս շաբաթավերջին համայնքի ուշադրութեան առարկայ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, «Աթաթիւրք» օդակայանի պետական հիւրանոցի երդիքին տակ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վաստակաւոր ուսուցիչ եւ հեղինակ Համբարձում Երամեանի գործը՝ ուսուցչագործութիւնն ու սերունդներու կրթութիւնը մնաց հայոց դպրոցի եւ մանվարժութեան պատմութեան՝ հպարտանք ներշնչող էջերէն, որու մասին այսօր կը կարդանք գիրքերուն մէջ։