Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ՝ հսկողութեամբ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի եւ ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքինի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի Փաստաբանական ակադեմիոյ վերատեսուչ Արա Զօհրապեանի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը եկեղեցասէրներ։ Հարկ է նշել, որ Արա Զօհրապեան միեւնոյն ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի իրաւախորհրդատուական յանձնախումբի անդամներէն է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քսաներորդ օրն է:
Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Մաքուր պահքը թանկագին է Աստուծոյ առջեւ եւ այն գանձի նման պահուած է երկինքին մէջ: Պահքը զէնք է չարին դիմաց եւ վահան՝ որով թշնամիին նետերուն դէմ կը պատերազմինք»:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Հայոց պատմութեան մեր առաջին դասը…
Հպարտ հայ ըլլալու մեր առաջին դասը…
Յաղթանակի մեր առաջին դասը…
Բարին չարին յաղթելու մեր առաջին դասը…
Վերջապէս իր անունով մենք կոչուեցանք Հայ եւ մեր երկիրը՝ Հայաստան…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Կազզէի մէջ հրադադար մը հաստատելու բոլոր փորձերը պիտի շարունակեն տապալիլ։ Այստեղ, անշուշտ, հարկ է հաշուի առնել այն հիմնական փաստը, թէ որեւէ հրադադարի վերջնական համաձայնութիւնը կամ համաձայնութեան գաղտնաբառը կը պատկանի Իսրայէլի հովանաւորին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որուն քաղաքական վերնախաւը կ՚ապրի ներքին անորոշութիւն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծնած է 22 օգոստոս 1802-ին, Կոստանդնուպոլիս:
1826-ին կուսակրօն քահանայ օծուած է:
1834-ին, Կ.Պոլսոյ Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքին թելադրութեամբ, գործակցած է Գրիգոր Դպիր Փէշտիմալճեանին՝ նպաստելով «Յայսմաւուրք»ի տպագրութեան գործին: Այդ տպագրութիւնը իրականացած է Տէր Իսրայէլի ընտիր օրինակին համաձայն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եզնիկի կեանքին մասին ինչ որ գիտենք՝ Կորիւնի եւ Մ. Խորենացիի տուած սակաւ տեղեկութիւններն են միայն։ Ըստ այդ տեղեկութիւններուն՝ Եզնիկ ծնած է Արարատեան գաւառի Կողբ գիւղին մէջ, հաւանաբար Դ. դարուն վերջին տարիներուն, ենթադրելով, որ գրի գիւտի թուականին՝ 413-ին առ առաւելն քսան տարեկան եղած ըլլայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը մոլեռանդ հայեր գուցէ ջղագրգռուին այս տողերէն, սակայն ամէն ժամանակէ աւելի այսօր ժամանակավրէպ կը նկատենք «Հայկական հարց» ըսուած խնդիրը, լաւապէս գիտակցելով, որ նման հարցի մը անտեսումը բարոյաքում մըն է իւրաքանչիւր հայու համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասնիններորդ օրն է:
Այսօրուընէ սկսեալ, մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ պիտի կիսուինք Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերէն պահքի մասին գրած մտածումներով, անոնց մասին ամփոփ խորհրդածութիւններ կատարելով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հասարակութիւնները վերահսկելու հիմնական գաղափարն է՝ մարդոց միտքը կեդրոնացնել անօգուտ բաներու վրայ։ Այսպէսով վանդակի ներքեւ վազող, բայց տեղ մը չհասնող մուկի նման մարդիկ կը յոգնեցեն իրենց միտքը՝ մտածելով միայն անիմաստ ու անօգուտ նիւթերու շուրջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աւելի քան դար մը առաջ, Յովհաննէս Թումանեան գրի կ՚առնէր իր յայտնի «Մահը մերն է, մենք մահինը, մարդու գործն է միշտ անմահ» տողերը, սակայն վերջերս կ՚անդրադառնամ, որ մեր ազգին մէջ հոգի կու տայ նաեւ գործերն ու մարդուն արժէքը. մոռացութեան կը տրուին նաեւ անձեր, որոնք մօտիկ անցեալին կը պատկանին:
Բնութեան ծանօթանալու համար երբեք ուշ չէ եւ բազում պատճառներ կան անոր մօտենալու, մտերմանալու համար։ Ըստ էութեան, բնութիւնը մարդիկ կը մղէ աւելի հանգիստ եւ երջանիկ զգալ։
Անգլիոյ Թագաւորական պարտիզագործական ընկերութեան կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ պարտիզպանութեամբ զբաղող երեխաները աւելի յաջող եւ խելացի են՝ քան միւսները։
Գիրքերը մեր կեանքի անփոխարինելի արժէքներն են, որովհետեւ զանոնք մեզ կը գրկեն լաւ ընկերոջ մը պէս, մեզ կը վերաբերին յաջող բժիշկի մը նման, կը բանան մեր մտահորիզոնը եւ կ՚ուղղորդեն մեզ՝ առանձին չեն թողուր…
Արցախի հերոս եւ նախկին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Պապայեան յայտարարեց. «Մեծ քայլերով կ՚երթանք դէպի պատերազմ»։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան աւարտեց դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութիւնը։ Մայրաքաղաք Պաղտատի շփումները աւարտելէ վերջ, Վահագն Խաչատուրեան ուղղուեցաւ Էրպիլ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հիւսիային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավարութեան կողմէ։
Արարատ Միրզոյեան ԱՆթալիայի մէջ՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ Պերլինի երկօրեայ քննարկումներու աւարտին:
Պերպոք. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան խաղաղութեան պայմանագրի խիզախ ու դժուարին ճանապարհով»:
Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի կանգնեցուի ֆրանսահայ անմոռանալի հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։ Մայրաքաղաքի համանուն հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի այս արձանը՝ ի նշանաւորումն Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանին։
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած 93-րդ համագումարով գործի պիտի լծուի նոր առաջին դէմքը:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահի պաշտօնին մէջ Պերճ Սեդրակեանին պիտի յաջորդէ Սեմ Սիմոնեան:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Հոլանտայի դեսպանութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Եափ Ֆրետերիքսը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց նորանշանակ հաւատարմատարը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի իր առաքելութեան արդիւնաւորման համար։