Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յաճախ կը լսենք կամ կը կարդանք հետեւեալ արտայայտութիւնը, թէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ», եւ ոմանք ալ ցաւով կ՚արձանագրեն, թէ «մեր ազգը դժբախտաբար պատմութենէն դասեր չի՛ քաղեր եւ ամէն անգամ նոյն սխալին մէջ կ՚իյնայ»

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ձեր սրտերը պատրաստեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. քանզի անիկա ողորմած եւ գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ է եւ չարիքի համար կը զղջայ». (ՅՈՎԷԼ. Բ 13)։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այո, հին ժամանակ նահապետական կարգով հայրը տան բացարձակ հեղինակութիւնն էր, սակայն իր ուսերուն ունէր կարեւոր պաշտօն մը (ինչ որ այսօր եւս կը շարունակուի). մեր օրերուն շեշտը աւելիով կը դրուի մայրերուն իրենց զաւակներուն փոխանցած դաստիարակութեան մասին (որովհետեւ մայր մը իր զաւակին հետ շատ աւելի ժամանակ կ՚անցնէ՝ քան հայր մը), սակայն, հին մշակոյթին մէջ շատ կարեւոր էր հօր ներկայութիւնը դաստիարակութեան մէջ, որովհետեւ բարձրագոյն հեղինակութիւն ըլլալով անոր ներդրումը շատ աւելի մեծ ու կարեւոր էր: 

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ եւ Ղազախիստանի վարչապետ Օլժաս Պեքթենով երէկ վարեցին բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ուժանիւթի միջոցներու տարանցման հեռանկարները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ Ուաշինկթընի բազմակողմանի շփումները։ Ան երէկ մասնակցեցաւ Միջազգային կրօնական ազատութեան 5-րդ գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կազզէի մէջ հրադադարի պահպանման ուղղութեամբ մեծ պատասխանատուութիւն կը վիճակի բոլորին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Մենք, դարձեալ մենք անհատի համար ենք, անհատի մէջ ենք ու միայն անհատի ետեւէն կ՚երթանք»:
Պիղատոսներ ենք պատմութեան առջեւ, որոշած ենք առանձինն քալել դէպի դժոխքի ճանապարհը՝ ոչինչ բաժնելով ուրիշներու հետ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025

Կենսականն ու երկրորդականը ընդելուզուած են ամբողջութեամբ. երկրագունդի վրայ մոլորութիւն է՞ ուղղութիւն գտնելը դժուար է՝ քանի հաղորդակցութեան միջոցներու տեսակաւորութիւնը անսահմանափակ հնարաւորութիւննար կ՚ընձեռէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ աշխատանքներ կը տարուին՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւնը, որու կատարելագործման եւ այլընտրանքներու ձեւաւորման խնդիրները միշտ կը մնան այս երեք երկիրներու օրակարգին վրայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջարկեց, որ պաղեստինցիները լքեն Կազզէն։
Երէկ, Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ դէպի Ուաշինկթըն աշխատանքային այցելութիւնը։ Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ պատուիրակութիւն մը հիւրընկալելու առընթեր, այցելեց նաեւ Ատլանտեան խորհուրդ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

Միջազգային առկայ նուրբ իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական երթեւեկը դարձեալ խտացած է զանազան ուղղութիւններով։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ էլ Շարան, իսկ այսօր կ՚ընդունի Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ կը մոռնանք այսօրուան աշխարհը. չենք ուզեր ուղիղ նայիլ մեր շուրջ կուտակուած հարցերուն:
Հայու ներուժը եւ վերջին խելքը. «Կորսուած է ամբողջական հասարակութեան պատկերը։ Հայաստան կը նմանի փախստականներու մեծ ճամբարի մը, մերդիկ կը սպասեն զանազան անցակէտներու բացման եւ չմորթուելուն»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

Թէեւ յաջողութիւնը շատ յարաբերական ու ենթակայական է, սակայն, ընդհանուր առմամբ, շատ բարձր կը դասուին այն գործերը, որոնք սակաւաթիւ մարդոց կողմէ գլուխ կը հանուին կամ կրնան հանուիլ։ Ստեղծագործական կամ մտաւոր արտադրութիւնը, մարմնամարզի մրցանիշները վեհ կը համարուին՝ մանաւանդ, որ գլուխ գործոցները կ՚առանձնանան միջակութիւններէն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

Bilindiği üzere 18.06.2022 tarih ve 31870 sayılı Resmi Gazete’de yayımlanarak yürürlüğe giren Cemaat Vakıfları Seçim Yönetmeliği doğrultusunda vakfımızın 12.03.2023 tarihinde yönetim kurulu seçimleri gerçekleşmiştir. Yönetim kurulumuz Vakıflar İstanbul 1. Bölge Müdürlüğü’nce düzenlenen 23.03.2023 tarihli yetki belgesini teslim aldıktan sonra 31.03.2023 tarihinde görevine başlamıştır.

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Անակնկալ եղաւ հօրս մահը։ Ճիշդ է, քաղցկեղով հիւանդ էր, բայց անոր ընդունած սուղ դեղերով եւ անոնց արձանագրած փայլուն արդիւնքներով՝ «գոնէ հինգ տարի կ՚ապրի», վստահեցուցած էին յոյս ծախող մեր բժիշկները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հնդկական «Ա…» պարբերականին դեկտեմբեր ամսուան բոլոր նկարները լաւ էին, սակայն անոնց մէջ ամենէն լաւը անկասկած անձրեւէն թրջուած գունաւոր բուի մը նկարն էր…: Անոր գեղեցկութիւնը կը կայանար վայրկեանին դիպուկ ըլլալն ու լաւ անկիւնը…:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ժպտիլը՝ մարդուն լաւ տրամադրութեան մէջ եւ բարձր տրամադրութեամբ, լաւատես ըլլալու կ՚առթէ։ Եւ յայտնի է որ լաւ տրամադրութիւնը ինչպէս հոգիին՝ կ՚ազդէ նաեւ մարմնաւոր առողջութեան վրայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ծնողք ու զաւակ յարաբերութիւնը մարդկութեան ամենէն հին եւ հիմնարար կապերէն մէկն է, որ կը գերազանցէ ժամանակն ու մշակոյթը։ Այդ յարաբերութիւններու հիման վրայ զարգացած է մարդկային կեանքը եւ ձեւաւորուած ընտանեկան միջավայրը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 4, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Յիմարներուն հետ պէտք է յիմարաբա՞ր վարուիլ:
Պատասխան.
Բնականաբար, ո՛չ: Եկէք կարդանք, թէ Առակացի իմաստուն հեղինակը ի՛նչ կը գրէ այդ մասին. «Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար, որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս: 

Էջեր