Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք ներկայացնել Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գրական վաստակէն հատուածներ:
Պոլսոյ «Հայրենիք»ի 12 յունուար 1892-ի թիւին մէջ «Եկեղեցին ամենուսն է» խորագրով գրութիւն մը ունի, որ այնքան այժմէական է, երբ ներկայ ժամանակներուն յաճախակի կերպով ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս հարուստներ, այլ խօսքով լաւ կամ շա՜տ դրամ ունեցողներ, կը յաւակնին կարծել, թէ եկեղեցին իրենց սեփականութիւնն է, կամ եկեղեցւոյ տէրը իրենք են:

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ սեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սիրելի երիտասարդ, եթէ չես գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք է պահանջել, ապա մեղաւորութիւն պէտք է փնտռես նախկին ու ներկայ բոլոր իշխանութիւններուն մէջ. ինչո՞ւ համար չեն ստեղծեր ժողով մը՝ պատմաբաններու եւ մտաւորականներու, որոնք ազգի մը ամենէն կարեւոր ներկայացուցիչները ըլլալով գլուխ գլխի տալով որոշեն, թէ ի՛նչ կարելի է ընել.

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան Սուրիոյ իրավիճակին եւ տարածաշրջանի ընդհանուր կացութեան։

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանին փոխանցուած գրաւոր առաջարկներուն մէջ անդարդարձ կայ հայ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերուն։

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Միայն մէկ անգամ եկած է մեր տուն եւ լաւ տպաւորութիւն ձգած։
Երբ մտաւ, անմիջապէս մօտեցաւ դաշնամուրիս. «Այս գերմանական անթիք դաշնամուր է» ըսաւ, բացաւ եւ սկսաւ նուագել։
«Պախրա» երգը առաջին անգամ իրմէ լսած եմ։ Մատները պարեցին դաշնամուրին վրայ, իսկ ձայնը լեցուց ո՛չ միայն հիւրասենեակն ու տունը, այլ այն ժամանակ, որ օդորակիչները դեռ չկային եւ ամրան շոգին տան բոլոր պատուհանները բաց կ՚ըլլային, ամբողջ թաղը ըմբոշխնեց մեր մով սարերու «Պախրա»ն»։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025

Երեւանն ու Թիֆլիզը կը ձգտին առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերել իրարու՝ որպէս ռազմավարական գործընկեր:
Իրակլի Քոպախիծէի խօսքով՝ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութիւնը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ու մեծ ջանքերով պէտք է ամրանայ:

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ Կազզէի հարցի յստակ լուծման պատկերացումը կը պակսի:
Տանըլտ Թրամփ այս ամիս Սպիտակ տունէն ներս պիտի տեսակցի Պենիամին Նեթանիյահուի հետ, որու կառավարութեան ապագան անորոշ կը մնայ:

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025

Գիրքէ մը շատ աւելին. Տ. Յովհաննէս Թովմաճանեան, որ կեանքի երեսուն տարիներուն շրջեցաւ Եւրոպայի, Ասիոյ՝ Հնդկաստանի եւ Ափրիկէի՝ Եթովպիոյ մէջ:
Էլիզապէթ Թաճիրեանի եւ Մերուժան Կարապետեանի աշխատասիրութեամբ՝ Երեւան-Լոնտոն-Վենետիկ առանցքին վրայ պատրաստուած կոթողային գործ մը, որ անձնական փորձառութեան մը ինքնուրոյն մատուցմամբ լոյս կը սփռէ 18-րդ դարու հայկական կեանքին եւ ամբողջ յարաբերութիւններու ցանցի մը վրայ: Վաճառականութեան եւ մտաւորականութեան տարուբերումին մէջ ներկայացուած անգնահատելի յիշողութիւն մը, որու ծալքերը կ՚առընչուին թագաւորներու, հոգեւորականներու եւ ազդեցիկ անձերու հետ՝ մեծ քարտէսի մը հետքերով:

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ստիպուած էի եօթ տարեկան տղաս առնել եւ Ֆրանսա մեկնիլ դպրոցական տարւոյն կէսին, որովհետեւ Մարսէյլ ծնած ըլլալուն եւ Երուսաղէմ ապրելուն համար կարգ մը հարցեր յառաջացած էին, ուրեմն պաշտօնական թուղթերու պատճառով մեկնեցանք եւ գիտէինք, որ կրնանք երկար մնալ այնտեղ։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փորձենք թարգմանել գրեթէ բոլորի ծանօթ այն զգացումը, որով մարդիկ յառաջընթաց կ՚արձանագրեն յարաբերութիւններու մէջ։ Բացատրելու փոխարէն սխալ հասկցուիլը յանձնուելու լաւագոյն ձեւն է։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզնար, չի հպարտանար… միայն ինքզինք չի մտածեր…». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-5)։
Եսասիրութիւնը եւ նախանձը կարծես անասնական բնազդում մըն է, ամէն անհատ աշխարհի վրայ առաջին անգամ ինքզինք կը սիրէ։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի մերօրեայ ղեկավարութիւնը իր որոշումները քիչ մը շուկայական հասարակութեամբ կը կայացնէ. նախքան որոշում մը կամ օրէնք մը հրապարակելը շա՜տ աննշան ակնարկ մը կ՚ընէ անոր շուրջ, ստուգելու եւ տեսնելու ժողովուրդին հակադարձութիւնը, անոր ազդեցութեան լոյսին տակ որոշելու հրապարակել նման յայտարարութիւն, թէ ոչ: 

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Վարչապետը վերջին շրջանին հեղինակը դարձաւ երկու կարեւոր յղացքներու՝ «Իրական Հայաստան» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ». ռազմավարական առումով շատ կարեւոր հայեցակարգեր, որոնք մինչեւ 2020-ի պատերազմը Հայաստանի քաղաքական մտահորիզոնին մէջ այսքան պարզ, բնորոշ ու կուռ սահմանում չէին ստացած։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025

Հայաստան-Վրաստան առանցքը միշտ բանուկ՝ Հարաւային Կովկասի յարափոփոխ ու բախտորոշ իրադրութեան պայմաններով:
Երեւան եւ Թիֆլիզ կ՚ընդգծեն իրենց գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը՝ յստակօրէն շեշտելով զայն ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025

Անգարայի մէջ, երէկ, կարեւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Էօզպեքիստան ձեւաչափով եռակողմանի այս հարթակին վրայ որոնումներ տեղի կ՚ունենան՝ տարածաշրջանային երթուղիներու, ուստի զուգահեռաբար՝ տարանցման հնարաւորութիւններու ընդլայնման, տեսակաւորման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքները անընդհատ կը շարունակուին՝ մասնաւորապէս կազմակերպչական եւ կառոյցներու ամրապնդման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից քահանաներու հերթական խումբը։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պոլսահայ երաժիշտ, յօրինող, խմբավար, քանոնահար, աւանդական շարականներու մեկնաբանող, հայ աւանդական հոգեւոր երաժշտութեան եւ երգասացութեան մասնագէտ Արամ Քերովբեան հեղինակ է հայկական ձայնային երաժշտութեան, եկեղեցական երգեցողութեան պատմութեան եւ փոխանցման, համակարգի նիւթերով բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջին աւելի քան վեց տարիներու ընթացքին այլեւս զարմանալի ու տարօրինակ չէ, որ Հայաստանի ղեկին յայտնուող անձնաւորութենէն որոշ ժամանակը մէկ «նորութիւն» մը, «նորարար գաղափար» մը լսենք, որ չե՛ս գիտեր, թէ ո՞ր ախոռէն, կամ ո՞ր յիմարանոցէն կը բերէ:

Էջեր