Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ԶԱՄԲԻՒՂԸ
Արտաքին երեւոյթով դաշտագնացութեան զամբիւղ մըն է սա (picnic basket), սակայն խորքին մէջ՝ ուրիշ բան է այդ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ վստահ եմ պիտի զարմանաք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս առաւօտ կանուխ սկիզբ առաւ իրաքեան Մուսուլ նահանգի ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու ճակատամարտը: Այս մասին յայտնող աղբիւրներ հաւաստեցին, որ ամերիկեան կործանիչներ ԻՇԻՊ-ի դիրքերու ուղղութեամբ «խելացի» հրթիռներ արձակելով ազդանշանը տուին այդ պատերազմին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս Երկուշաբթի պիտի սկսի Հայկական գրադարաններու միջազգային չորրորդ համաժողովը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ համաժողովին հանդիսաւոր բացումը։
Ֆրանսահայ լրագրող Էլէն Պեքմեզեան նշանակուեցաւ «Լը Մոնտ» աշխարհահռչակ օրաթերթի փոխ-խմբագրապետուհի։ Ան այս պաշտօնին կոչուած է՝ հինգ տարի շարունակ «Լը Մոնտ»ի անունով խոր-հըրդարանական իրադարձութիւններուն հետեւելէ վերջ։
Արտակարգ դրութեան շրջագծով 5 Հոկտեմբեր 2016 թուականին պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուեցաւ կանոնագրութիւն մը, որու հիման վրայ արգելք կը դրուի՝ որպէսզի պաշտօնական ծանուցումներն ու գովազդները հրատարակուին բացառապէս թրքերէնով հրատարակութիւններու մէջ եւ լոյս չտեսնեն ոչ-թրքերէն որեւէ հրատարակութեան մէջ։
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Անրի Քիւնի վերջերս հրատարակեց գիրք մը, որ լոյս տեսած է «Սիժեստ» հրատարակչութենէն։ «Հայաստան. ժողովուրդի մը ոգին» խորագրեալ այս գիրքին համար վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ շնորհանդէս մը։
Ֆրանսայի Ծերակոյտը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որու հիման վրայ պիտի քրէականացուի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ժխտումը։ Ժխտողական օրէնքի նախագիծը Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս երէկ ընդունուեցաւ 156 կողմ եւ 146 դէմ քուէներու յարաբերակցութեամբ։
Ամերիկահայ բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան, որ այս տարի «Փուլիցըր»ի մրցանակին արժանացաւ բանաստեղծութեան անունակարգին մէջ, արդէն ստացաւ իր պարգեւը։ «Օզոնային օրացոյց» բանաստեղծական ժողովածոյով այս մրցանակին արժանի դասուեցաւ Փիթըր Պալաքեան, որ դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահին եւ հեղինակաւոր գրական-լրագրական մրցանակի դափնեկիրը։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմեկերպութիւնը երէկ նոր յարձակումներով ցաւ յառաջացուց բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Մարտինի եւ Հաքքեարիի մէջ պատահած դէպքերուն հետեւանքով չորս զինուոր նահատակուեցաւ։
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ըստ Լաւրովի, Թուրքիա կրնայ դրական դեր մը խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:
Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ այսօր շատ կարեւոր հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Լոզանի մէջ:
Միջազգային հանրութիւնը զուգահեռաբար կը հետեւի նաեւ Մուսուլի ազատագրման ուղղեալ վարկածներուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ արդէն հինգ տարիներէ ի վեր շարունակուող ծանր պատերազմը առիթ կը հանդիսանայ, որ ան շրջապատող երկիրներու փոխյարաբերութիւնները լարուին: Այս առումով տեղի ունեցող գործընթացներուն զուգահեռ բացայայտ դարձած է Սէուտական Արաբիա-Եգիպտոս «բարձր լարուածութիւն»ը: Երկու սիւննի տէրութիւնները, որոնք մինչ այսօր կ՚ապրէին երեւելի «մեղրալուսին» մը, այսօր յայտնուած են բաւական լարուած դրութեան մը մէջ:
Գումգաբուի մէջ ներկայիս գործել սկսած է սրճարան մը, որ կը կոչուի «Ուռենի»։ Իրականութեան մէջ սրճարանէ մը շատ աւելին է «Ուռենի»ն, որ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած խումբ մը ձեռներէցներու եւ արհեստաւորներու նախաձեռնութիւնն է
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ դարձեալ միասնաբար հանդէս եկան Հայաստանի երաժշտական աշխարհի յայտնի անուններէն Անտրէ Սիմոնեան ու մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուսումը մարդուս մտքի տարողութիւնը կրնա՞յ փոխել, եւ եթէ կրնայ՝ ո՞ր աստիճանի կրնայ փոխել։
Ուսում եւ կրթութիւն, երկու անհրաժեշտ արժէքներ են մարդուս զարգացման, կատարելութեան եւ ընկերութեան մէջ դիրք մը ունենալու համար։
VADİP երէկ երեկոյեան շօշափեց մեր համայնքի շարք մը կենսական ու հրատապ խնդիրները, որոնք սեղանի վրայ դրուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի հետ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը թէեւ ուրուագծած է առկայ հարցերու լուծման հորիզոն մը, սակայն առանց յստակ ժամկէտի:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հոկտեմբերի այս օրերուն, 348 տարի առաջ, Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ ամբողջացաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութիւնը, որուն ձեռնարկուեցաւ 11 Մարտ 1666-ին եւ որ իր աւարտին հասնելու համար պէտք ունեցաւ աւելի քան երկու տարուան աշխատանքի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ճակատագիր» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ նախասահմանուած վիճակ։ Բայց ճակատագիրը որպէս կեանքի ընթացքին ազդու մէկ տարրը, կամ կեանքի ճամբուն ուղեցոյցը, իրապէս գոյութիւն ունի՞, աւելի բաց կերպով. «ճակատագիր» ըսուածը կա՞յ։
Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ արտադրութեան, գիտահետազօտական եւ կրթութեան ոլորտի 175 բարձր որակաւորում ունեցող արուեստագէտ աշխարհի 31 երկրէ:
Համայնքային վարիչները մտորումներու մէջ են՝ երաշխաւորելու համար մեր վարժարաններու ապագան:
Շուրջ հինգ տարի վերջ կրնայ վտանգ սպառնալ ընդհանրապէս իսթանպուլահայ դպրոցներու ցանցին համար, ուստի այժմէն նախազգուշական միջոցներ ձեռք պէտք է առնուին՝ կանխելու համար համակարգին կքիլը եւ հաւանական խուճապ մը, իսկ երկրի տնտեսութեան այժմու երթի լոյսին տակ ընկերային զօրակցութեան նոր դրութիւն մը ստեղծելու համար: