Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016

Աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի սոփ­րա­նօ Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 4-ին, Ֆրեզ­նո­յի Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հանդէս կու գայ։ Ելոյթին երգացանկը կը բաղ­կա­նայ հայ­կա­կան օրհ­ներգ­ներէ եւ ներ­բող­ներէ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

Լվո­վի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ գիր­քը» հան­դէ­սը՝ նուի­րուած Ուք­րայ­նոյ մէջ հայ­կա­կան գրատ­պու­թեան 400-ա­մեա­կին:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ Հոկ­տեմ­բե­րի 28-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Ո­ւել­քամ թու Ար­մի­նիա» խո­րա­գրով զբօ­սաշր­ջա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը՝ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «Պիզ­նըս փարթ­նըրզ աֆ Ար­մի­նիա (Պի. Փի. Էյ.)» ըն­կե­րու­թեան: Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րէս»ի մամ­լոյ սրա­հին մէջ հրա­ւի­րուած ա­սու­լի­սին նշեց «Ո­ւել­քամ թու Ար­մի­նիա» ծրա­գ­­րի հա­մա­կար­գող Վրոյր Փե­նե­սեան, հա­մա­ժո­ղո­վը բաղ­կա­ցած պի­տի ըլ­լայ եր­կու մա­սէ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

Մաս­նակ­ցու­թեամբ 35 եր­կիր­նե­րէ 280 հե­ծե­լան­ւորդ­նե­րու, ե­րէկ Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զի մեր­ձա­կայ­քը գտնուող Սենթ Քան­թէն Ան Ի­վե­լին քա­ղա­քին մէջ սկսաւ Եւ­րո­պա­յի հե­ծե­լար­շա­ւի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ազ­գա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վին ջան­քե­րով՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի «Ու­սում­նա­ռող քա­ղաք­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց»ին ան­դա­մակ­ցած են Հա­յաս­տա­նի չորս քա­ղաք­ներ՝ Սի­սիան, Սե­ւան, Դի­լի­ջան եւ Կիւմ­րի:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

Դէ­պի Հո­լան­տա աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սար­գ­­սեան Մաասթ­րիխ­թի մէջ մաս­նակ­ցե­ցակ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ ԵԺԿ-ի նա­խա­գահ Ժո­զըֆ Տո­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հա­ւա­քին ներ­կայ էին նաեւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ Տո­նալտ Թուսք, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէր, ինչ­պէս նաեւ ԵՄ-ի եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րէն ԵԺԿ-ի ան­դամ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նող պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր յայ­տա­րա­րեց, որ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով շատ ա­մուր է գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­չեւ։ Փեն­թա­կո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին Քար­թըր յայտ­նեց, որ սահ­մա­նա­յին շրջան­նե­րու անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման հա­մար յա­ջող աշ­խա­տանք կը տա­նին թրքա­կան կող­մին հետ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

AYLİN KOÇUNYAN

Ermeni Milleti Nizamnamesi, Cumhuriyet dönemine toplumsal izdüşümler, azınlık vakıfları için öngörülen yeni yasal düzenlemeler bağlamında vakıf senedi beklentileri…(2)

İstanbul Patriği Başpiskopos Mesrop Naroyan’ın 1944 yılında vefat etmesiyle patriklik makamı boş kalmıştır. Bu makamı, patrik kaymakamı sıfatıyla, Başpiskopos Arslanyan temsil etmiştir. Patriklik makamının uzun süre münhal olması Ermeni cemaati içinde hoşnutsuzluklara ve kutuplaşmalara sebebiyet vermiştir.

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

«Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ միաս­նա­կա­նու­թեան ա­ռանցք» խո­րագ­րեալ Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 8-րդ հա­մա­ժո­ղո­վը, որ ե­րէկ սկսաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը շա­րու­նա­կէ իր ծա­ւա­լուն աշ­խա­տան­քը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին օ­րուան նիս­տե­րը։ Այ­սօր եւս ա­նոնք կ՚ըն­թա­նան նոյն վայ­րին մէջ։ Իսկ շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տան­քը կ՚ըն­թա­նայ Ար­ցա­խի մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ­ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Պաշ­տօ­նա­կան ա­մէն գոր­ծառ­նու­թիւն ար­տօ­նա­գիր պէտք է ու­նե­նայ. ա­մէն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, միու­թիւն, եւ այլն, ար­տօ­նա­գի­րի դրու­թիւն ու­նին, ծնունդ, պսակ, թա­ղում՝ ար­տօ­նա­գիր: Երկ­րէ եր­կիր ճամ­բոր­դու­թիւն՝, օ՜, ին­չեր եւ ար­տօ­նա­գիր: Աջ դար­ձիր՝ ար­տօ­նա­գիր, ձախ դար­ձիր՝ նոյն­պէս. վեր­ջա­պէս քիչ մը շար­ժէ՝ ար­տօ­նա­գիր: Հսկո­ղու­թեան են­թա­կայ է ա­մէն ոք:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հրաշք»ը հո­գե­ւոր կեան­քի ա­մե­նա­խորհր­դա­ւոր եւ շա­հե­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մին է։ Հրաշ­քի նիւ­թով յա­ճախ ար­տա­յայ­տուած ենք այս սիւ­նակ­նե­րու մէջ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, հրաշ­քը մշտա­նո­րոգ եւ յա­րա­կայ ե­րե­ւոյթ մըն է մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ եւ յա­ճախ մար­դիկ դէմ յան­դի­ման կը գտնուին ա­նոր հետ, ո­մանք կ՚անդ­րա­դառ­նան, ո­մանք ալ կ՚ան­տե­սեն զայն, եւ կեան­քի բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ սո­վո­րա­կան կը սե­պեն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016

AYLİN KOÇUNYAN

Ermeni Milleti Nizamnamesi, Cumhuriyet dönemine toplumsal izdüşümler, azınlık vakıfları için öngörülen yeni yasal düzenlemeler bağlamında vakıf senedi beklentileri…(1)

Ծ. ԽՄԲ.- Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յաց­ուց­չա­կան, ա­նոնց հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի եւ այս ա­ռանց­քին շուրջ կու­տա­կուած հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած օ­րէնսդ­րա­կան հա­ւա­նա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն, մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թի մը տի­րա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան շար­ժա­ռի­թով՝ ան­ցեալ Մա­յի­սին հրա­տա­րա­կած էինք թրքե­րէն եր­կօ­րեայ յօ­դուած մը, որ ստեղ­ծած էր լայն ար­ձա­գանգ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լու­սան­կար մը կայ, որ վեր­ջին շրջա­նին հրա­պա­րա­կուե­լով,  սի­րե­լի դար­ձած է շա­տե­րուն: Շա­մի­րամ Սե­ւակն է լու­սան­կա­րին մէջ՝ խնա­մուած, ազ­նուա­կան դի­մա­գի­ծով, սպի­տա­կա­հեր հա­յու­հին, որ  լու­սան­կա­րին մէջ ինքն ալ ձեռ­քը ար­ծա­թա­գոյն շրջա­նա­կով լու­սան­կար մը բռնած է: Այդ մէ­կը լու­սան­կա­րուած է մէկ-եր­կու տա­րի ա­ռաջ՝ Ֆրան­սա, Նիս:  Սեւ-ճեր­մակ այդ լու­սան­կա­րը մեծ դեր ու­նե­ցած է Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի  կեան­քին մէջ: Լու­սան­կա­րը կը պատ­կե­րէ եր­կու ան­ձինք՝ Ռու­բէն Սե­ւակն ու գեր­մա­նու­հի կի­նը՝  Ճե­նի Ա­փփե­լը: Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի ծնողքն է, նա­հա­տակ գրող՝ Ռու­բէն Սե­ւակն ու ա­նոր հա­ւա­տա­րիմ կո­ղա­կի­ցը՝ Ճե­նի Ա­փփե­լը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ըն­դու­նուած սո­վո­րու­թիւն էր, որ աղ­ջիկ­ներ 17-18 տա­րե­կա­նին ա­մուս­նա­նա­յին եւ ըն­տա­նիք կազ­մէին։ Ան­շուշտ ի­րենց ա­մու­սին­նե­րը տա­րի­քով ա­ւե­լի մեծ կ՚ըլ­լա­յին, քա­նի ա­նոնք պէտք էր նախ գործ մը ու­նե­նա­յին՝ որ բա­ւա­րար ե­կա­մուտ հայ­թայ­թէին ըն­տա­նի­քի մը ապ­րուս­տը կա­րե­նալ հո­գա­լու հա­մար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

-Հար­սի հա­գուս­տին տե­ղը ա­զատ ձգե­ցէք, շատ մի՛ խճո­ղէք: Ա­ջին՝ շու­քի գոր­ծը, իսկ ձա­խին նշան­տու­քի հա­գուս­տը թող ըլ­լայ, ո­րուն կող­քին նախ տղու տու­նին նուի­րած գի­շե­րա­յին հա­գուստ­նե­րը կը շա­րէք, ա­պա ձեր գնած­նե­րը, այս­պէս է կար­գը,- Կը յոր­դո­րէր Գա­յիա­նէ մօ­րա­քոյ­րը, որ ե­րեք աղ­ջիկ կար­գած էր եւ հմուտ դար­ձած՝ օ­ժիտ փռե­լու ա­րա­րո­ղու­թեանց:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդ­հան­րա­պէս ինք­նա­կեդ­րոն մար­դոց մէջ տես­նուած անբ­նա­կան ե­րե­ւոյթ մը՝ զար­տո­ղու­թիւն մըն է՝ «ինք­զինք հա­մա­րել չփո­խա­նա­կուող ար­ժէք», կար­ծե­լով, թէ՝ ո՛չ ոք կրնայ կա­տա­րել ի­րենց կա­տա­րած գոր­ծը։ Ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­կան խօս­քով՝ «ո՛չ ոք կրնայ լեց­նել ի­րենց տե­ղը», կը կար­ծեն այդ ան­ձե­րը։ Եւ այդ­պի­սի­ներ, նախ ի­րենց ըն­տա­նի­քին, յե­տոյ ըն­կե­րու­թեան ե­թէ ո՛չ վնաս, բայց ո­րե­ւէ օ­գուտ չե՛ն պատ­ճա­ռեր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի ա­ւագ մար­զիչ նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­թուր Պետ­րո­սեան, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի յայտ­նի խա­ղա­ցող­նե­րէն մին է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016

​«Ա­րե­ւելք» կայ­քէջ.-

Գեր­մա­նիա­յէն եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ այ­ցե­լե­յին Ե­րու­սա­ղէմ, Հա­յոց Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016

​Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պա­քու։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Դեկ­տեմ­բե­րին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016

​Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Հո­լան­տա։

Էջեր