Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեանն ու հա­մա­նուն վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուն։ Ա­նոնք փու­թա­ցած էին մեզ հրա­ւի­րե­լու հա­մար յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ նա­խա­տե­սուած կա­րե­ւոր ձեռ­նար­կի մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն հա­մայն­քի օ­րա­կար­գին վրայ է։ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վէն վերջ այ­սօր ար­դէն նոր զե­կոյց մըն ալ լոյս տե­սած է մեր մա­մու­լին մէջ։ Վեր­ջին շուրջ ութ տա­րուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին կ՚ե­րե­ւի ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ եր­կու օր վրայ վրա­յի Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը ընտ­րու­թեան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ զե­կոյ­ցով մը հան­դէս կու գան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Մեր ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը վեր­ջին հա­զա­րա­մեա­կին, ըլ­լա­լով ար­տա­քին փո­թոր­կոտ ու ան­հա­մե­մատ ու­ժե­րու են­թա­կայ, ողբ ու տա­ռա­պանք է ե­ղած, ու իբ­րեւ շնչա­ռու­թեան ա­ռիթ՝ ելք մը գտնե­լու, ձեր­բա­զա­տուե­լու առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կէն, ո­րոնք ան­շուշտ դա­րե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց դրոշ­մը ու­նե­ցած են մեր կեն­ցա­ղա­յին մտա­ծո­ղու­թեան, ա­րե­ւե­լում­նե­րուն եւ զա­նա­զան այ­լոց...

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խար­հի վրայ ա­մէն ինչ ժա­մա­նա­կա­ւոր է եւ իս­կա­կան յաղ­թա­նա­կը՝ այս ժա­մա­նա­կա­ւոր ըն­թաց­քին մէջ, կա­րե­լի չա­փով գո­յու­թիւ­նը եր­կար ա­տեն պահ­պա­նել եւ կա­րե­նալ գո­յա­տե­ւե՛լն է։ Եւ երբ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը կ՚ըն­դու­նինք, ա­պա ու­րեմն պէտք է ըն­դու­նին նաեւ, թէ՝ հաս­տա­տու­թեան մը եւ մա­նա­ւա՛նդ նուի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նող հաս­տա­տու­թեան մը իր գո­յու­թիւ­նը ամ­բողջ 109 տա­րի, ան­դա­դար պահ­պա­նե­լը եւ ան­խոնջ կեր­պով գո­յա­տե­ւելն ալ՝ իս­կա­կան ի­մաս­տով՝ յաղ­թա­նակ մըն է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

77 տա­րե­կա­նին կեան­քէն հե­ռա­ցաւ ար­ձա­կա­գիր, թարգ­մա­նիչ, սե­նա­րիստ Ռու­բէն Յով­սէ­փեան:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

Ռու­սաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք 2018-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին ֆութ­պո­լի ա­խո­յե­նու­թեան խորհր­դա­նի­շը (մաս­քոթ) ընտ­րուե­ցաւ գայ­լը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն երէկուան կարեւոր տեսակցութիւնը:
Նալպանտեան եւ Էյրօ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

Էրտողան եւ Օպամա նախընթաց օր հեռաձայնի վրայ զրուցեցին ժամ մը քսանհինգ վայրկեան:
Երկու նախագահները համակարծիք են տարածքաշրջանը ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ մաքրագործելու ուղղութեամբ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը այ­սօր կը թե­ւա­կո­խէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան 109-րդ տա­րին։ Հայ մամ­լոյ նա­հա­պե­տը կ՚ող­ջու­նէ տա­րե­դարձ մը եւս՝ ար­դէն իր գո­յու­թեան երկ­րորդ հա­րիւ­րա­մեա­կին մէջ։ Որ­պէս հայ աշ­խար­հի հնա­գոյն օ­րա­թեր­թը, որ կը հրա­տա­րա­կուի ա­նընդ­հատ՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի տա­րե­դարձ­նե­րը կ՚ու­նե­նան ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ «Նա­րե­կա­ցի» սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ իս­թան­պու­լա­հայ հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու եւ դպրոց­նե­րու ծնո­ղաց միու­թեանց ան­դա­մու­հի­նե­րուն հա­ւա­քը։ Սա 2016-2017 շրջա­նի ա­ռա­ջին հան­դի­պումն էր նման ձե­ւա­չա­փով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի եօթ­նե­րորդ եւ ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հսկո­ղու­թեամբ ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Նե­տա Պար­սա­մեա­նի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րօղ­լուի, այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղադ­րուած Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին յու­շար­ձա­նը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս խան­դա­վառ հան­դէ­սով մը նշուե­ցաւ Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Գի­րե­րու գիւ­տի 1611-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ դպրո­ցէն ներս կեան­քի կո­չուե­ցաւ ծրա­գիր մը, ո­րուն շնոր­հիւ ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից վար­չա­կան շէն­քի «Ա­կումբ»էն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով պա­տաս­խա­նա­տու Թա­լին Էր­կիւ­նէ­շի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու շրջագ­ծով կո­կիկ թի­ւով հե­տաքր­քիր­նե­րու հա­մար ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «Ա­րա­րատ եւ Ա­նի» խո­րագ­րեալ ժա­պա­ւէ­նը, որ այս տա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի մը դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին մաս կազ­մած էր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօտ մեկ­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պի­տի մաս­նակ­ցի Նիւ Եոր­քի մէջ նա­խա­տե­սուած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նին, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՓՈ­ԽԱ­ՆՈՐԴ Տ. Ա­ՐԱՄ ԱՐՔ. Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ. «Յա­տուկ թեքստ մը պի­տի պատ­րաս­տենք յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի զե­կոյցն ալ պի­տի կցենք այդ մէ­կուն եւ պե­տու­թեան մօտ դի­մում պի­տի կա­տա­րենք։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցական ընդհանուր համագումար ժողովը երէկ պատմական նիստ մը գումարելով պաշտօնապէս թափուր հռչակեց գահը:
Որոշուեցաւ դիմել պետութեան՝ խնդրելով արտօնութիւն, որպէսզի նո՛ր, ազգընտիր գահակալի մը ընտրութիւնը կատարուի, ըստ ընկալեալ աւանդական կանոններուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Ա­թո­ռոյս Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը, Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ 14 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նի, ՃԼԱ. նիս­տի ո­րոշ­մամբ եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նի հրա­ւէ­րով կա­յա­ցաւ 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 Չո­րեք­շաբ­թի օր, ժա­մը 10.00-ին, Պատ­րիար­քա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նա­խա­գա­հու­թեամբ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

-Մա՛մ, գալ շա­բաթ չեմ ու­զեր եր­թալ այս գոր­ծու­նէու­թեան: Օ­տար մար­դիկ ե­կան այ­սօր, ա­նոնք բարձ­րա­խօ­սով ու քա­մե­րա­յով սկսան նկա­րել ու պա­տե­րազ­մի մա­սին հար­ցում­ներ հարց­նել. ես բան մը չը­սի, չու­զե­ցի յի­շել այդ օ­րե­րը, բայց ըն­կեր­ներս մէ­կիկ-մէ­կիկ սկսան պատ­մել ի­րենց ապ­րած պա­տե­րազ­մա­կան դէպ­քե­րուն մա­սին,- դո­ղա­լով կ՚ը­սէ Ա­րան մօր, ո­րու ձեռ­քը այն­քան ա­մուր կը սեղ­մէ, որ միայն սար­սա­փա­հար մէ­կը այդ­պէս կ­­՚ը­նէ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ե­րե­ւա­նի շար­ժան­կա­րա­յին սրահ­նե­րուն մէջ մեծ պաս­տառ­նե­րուն «Կեանք ու կռի­ւ» շար­ժան­կա­րը կը ցու­ցադ­րուի: Մէկ ա­մի­սէն ա­ւե­լի է, որ ցու­ցադ­րու­թեան ի­ջած  է այս շար­ժան­կա­րը, եւ  տա­կա­ւին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կ­­՚ըն­թա­նայ լե­ցուն դահ­լիճ­նե­րու մէջ, հան­դի­սա­տե­սին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը չէ պակ­սած այս գոր­ծին հան­դէպ:  

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հո­գե­ւոր նե­րանձ­նա­կան կեան­քը անհ­րա­ժե՛շտ է ա­ղօթ­քի հա­մար։ Ար­դա­րեւ ա­ղօթ­քը սուրբ հայ­րե­րու կող­մէ հա­մա­րուած եւ ըն­դու­նուած է «հո­գե­ւոր նե­րանձ­նա­կան կեանք»ի ա­ռանցք։ Մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ՝ ա­մէն մէկ ճգնու­թիւն, ա­մէն մէկ ա­ռա­քի­նու­թիւն ու­նի վերջ­նա­կան նպա­տակ մը՝ որ է Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հաս­տա­տու­մը, Աս­տու­ծոյ հետ միա­ւո­րու­մը. իսկ ա­ղօթ­քը ուղ­ղա­կի՛ հո­գիի անձ­նա­կան հան­դի­պումն է Աս­տու­ծոյ հետ։

Էջեր