Արխիւ
Նուրհան Տավուլճեան մասնակցեցաւ JUNWEX Yerevan Show 6-րդ ցուցահանդէսին:
Իսթանպուլահայ երիտասարդ վարպետը կը պատմէ արծաթագործութեան արհեստին գաղտնիքները:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ այս ամիս Երեւանի մէջ կ՚ոգեկոչուի հայկական երաժշտութեան տիրական անուններէն Ալեքսանդր Սպենդիարեան՝ իր ծննդեան 145-ամեակին առթիւ։ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը նախաձեռնած է մեծանուն յօրինողի ոգեկոչման ծրագրին, որ սկսաւ երէկ ու պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկեան ծեռակոյտին կողմէ վաւերացուած ՃԱՍԹԱ (Justice Against Sponsors of Terrorism Act) օրէնքը յարաբերութիւններու նոր ընթացակարգ մը կրնայ գծել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ սիւննի աշխարհի յառաջատար երկիր համարուող Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս «նախապաշարումը», մարդկային թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքին համար վտանգաւոր եւ վնասակար ունակութիւն մըն է։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է «Գաւառէն ձայներ» անուն գործ մը, որ կողքի մը տակ կը հաւաքէ՝ Դեկտեմբեր 1962-Ապրիլ 1963 շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած համանուն ընդհանուր խորագրով պարբերաբար հրատարակուած յօդուածաշարք մը, որ այդ շրջանին արժանացած է մեծ ժողովրդականութեան եւ որու հեղինակն է հոգելոյս Տ. Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ խորհող, դատող էակ մըն է, այս կը նշանակէ, որ մարդիկ յաճախ գաղափարներու եւ համոզումներու տարբերութիւններ կ՚ունենան։ Ասիկա շատ բնական է, քանի որ անոնք նոյն տեսանկիւնէն չեն դիտեր իրերը եւ իրողութիւնները եւ անոնք աշխարհը չեն տեսներ նոյն աչքով։
«Փախստականները ձայն չունին, անոնք անձայն են ու լուռ, ատոր համար ալ իմ հիմնական նպատակս է՝ անոնց մասին խօսիլ, լուսաբանել եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ օգնել: Այսօր Սուրիոյ մէջ եղած դէպքերը ինծի ակամայ յիշեցնել կու տան հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդին դէմ եղած դէպքերը», յայտնեց նկարչուհի Զեփիւռ Ճերահեան:
Ս. Եագուպ վանքի գլխաւոր մայրապետ Մայր Ագնէսի փոխանցմամբ 2013-էն ի վեր Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները տակաւին ողջ են եւ կը գտնուին ԻՇԻՊ-ի կեդրոնատեղի համարուող՝ Ռաքքայի մէջ:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Նախորդ գիշեր Լաս Վեկասի մէջ (Նեւատայի նահանգ) կայացած Հիլըրի Քլինթըն-Տանըլտ Թրամփ հրապարակային 3-րդ վճռական ու վերջին բանավէճը (Debate) ամերիկեան նախընտրական «ձիարշաւի» հաւանաբար վերջին ձողապատնէշն էր, որմէ այն կողմ, մինչեւ 8 Նոյեմբեր ֆինիշի գիծը, կը մնայ ընդամէնը 19 օր, որուն ընթացքին շոգեպինդ կ՚աշխատին հիմնականին մաթեմաթիկոսները հաշուել-որոշելու համար յաղթող ձին:
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ.-
Նախատեսուածին պէս Լիբանանի խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան 46-րդ նիստով զօրավար Միշէլ Աունը ընտրեց երկրի 13-րդ նախագահ: Զօրավարին ընտրութիւնը արդիւնքն էր ոչ միայն ներքին քաղաքական համաձայնութիւններու, այլ կը դառնար շրջանային մեծ հարցերու լուծման համար յուսատու ջահ մը:
Հաքքեարիի Եիւքսէքովա գաւառակին մէջ երէկ նահատակուեցան Թուրք զինեալ ուժերէն երեք զինուորներ, ինչ որ խոր ցաւ յառաջացուց ամբողջ երկրին մէջ։ Հիսարտաղըի եւ Տաղլըճայի շրջաններէն ներս երէկ ժամը շուրջ 14.00-ին բախում մը ծագեցաւ անվտանգութեան ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներուն միջեւ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ ՀԲԸՄ-ի միացեալ ժողովը՝ յոբելենական մթնոլորտի պայմաններով:
Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 17-րդ տարեդարձը նշուեցաւ Ս. Վարդան առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, հանդիսապետութեամբ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Հայաստանի «Սիվիլնեթ» համացանցային հեռուստակայանը շաբաթավերջին ծաւալուն հարցազրոյց մը սփռեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին հետ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի համոզմամբ, երբեք պէտք չէ ակնկալել, որ հոգեւոր իշխանաւորին եւ աշխարհականներուն խօսքը ըլլայ նոյնը, անոնք անշուշտ տարբեր կը խօսին:
Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս զօրակոչի մէջ է՝ պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը ապահովելու հեւքով:
15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ հռչակուած արտակարգ դրութեան հիման վրայ՝ կառավարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց երկու օրէնքի համազօր հրամանագրեր։ Այսպէսով համալսարաններէն ներս վերատեսուչներու ընտրութեան դրութիւնը վերջ գտաւ։
Տիարպաքըրի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ Հոկտեմբերի 25-ին վերահսկողութեան տակ առնուելէ վերջ, երէկ, ահաբեկչութեան դէմ հարցաքննութեան շրջագծով ձերբակալուեցաւ նախկին քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք, որ Տիարպաքըրի գլխաւոր քաղաքապետն էր։
Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջա-գըծով այս առաւօտ հսկողութեան տակ առնուեցան «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կարգ մը վարիչներն ու գրողները՝ թիւով ինն հոգի։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան նախկին բազմամեայ ու բազմավաստակ վիճակաւոր Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Երէկ առաւօտ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս գերապայծառին համար։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է Տքթ. Պետրոս Թիւրապիք։ Մեր բժշկական դասու յայտնի դէմքերէն մին եղած է ան՝ որպէս ջղային հիւանդութեանց մասնագէտ։ Երկար տարիներ աշխատած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ստանձնելով նաեւ վարչական պատասխանատուութիւններ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այսօր Վանան մեզի հետ պիտի ըլլայ: Մեծ «խապրիկ»: Թոռնիկի հետ ըլլալ` իսկապէս որ հոգեկան տարբեր վայլելք է: Հարցուցէ՛ք: Երկար ատենէ ի վեր զինք չէի տեսած:Մեր մօտ չէր: