Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ Նիւ Եոր­քի մէջ, Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով հեր­թա­կան նստաշր­ջա­նէն վերջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը հրա­պա­րա­կե­ցին պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­տե­նօք կ՚ապ­րէր թա­գա­ւոր մը՝ որ միշտ հե­տաքր­քիր էր տե­ղե­կու­թիւն ստա­նա­լու իր ժո­ղո­վուր­դին մէջ տի­րող սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն եւ մո­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016

Համայնքային շրջանակները գործնական զօրակցութեամբ հերթական անգամ լուրջ քայլ մը առին՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը խրախուսելու համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը յաջողեցաւ այս տարուան սիրոյ սեղանի արդիւնքին ապահովել յուսադրիչ հանգանակութիւն՝ դպրոցի յառաջիկայ կայունութեան երաշխաւորման տեսակէտէ: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հե­տաքրք­րա­կան է ու­սում­նա­սի­րել՝ ժո­ղո­վուր­դին ա­ւան­դա­կան ծէ­սե­րը եւ ա­րա­րո­ղութ­իւն­նե­րը ան­ցեա­լի մէջ, ո­րոնք կը տար­բե­րին շրջա­նէ շրջան։ Զոր օ­րի­նակ, առ­նենք ա­մուս­նու­թիւ­նը, եւ տես­նենք թէ՝ ան­ցեա­լի Նի­կո­մի­դիոյ Ա­տա­բա­զա­րի շրջա­նին մէջ ի՛նչ­պէս կը կա­տա­րուէր, ի՞ն­չեր էին ա­նոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ծէ­սե­րը, պայ­ման­նե­րը՝ ո­րոնք այ­սօր գո­յու­թիւն չու­նին մեծ մա­սամբ, թե­րեւս շատ փոքր շրջա­նակ­նե­րու մէջ միա՛յն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցան «Մոս­կուա­յի օ­րեր»ը։ Այս շրջագ­ծով ռու­սա­կան ա­րուես­տի եւ մշա­կոյ­թի հետ շփուե­լու կա­րե­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը ըն­ձե­ռուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն՝ մա­կար­դա­կա­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, Պոս­թո­նի հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րուես­տի եւ գի­տու­թեան գո­լէ­ճէն ներս դա­սա­ւան­դու­թիւն­ներ սկսած են Հո­լո­քոս­տի եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս շրջագ­ծով կ՚ու­սու­ցուի նաեւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը, ինչ որ ար­ձա­գանգ գտած է հա­մալ­սա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Տիար­պա­քը­րի մէջ կազ­մա­կեր­պուած պայ­թու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ լուրջ ցա­սում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է այս դէպ­քը՝ թի­րա­խա­ւո­րած ըլ­լա­լով քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս պարգեւատրում:
Գուրգէն Պերքսանլարին շնորհուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Հա­յաս­տան-Վրաս­տան սահ­մա­նի պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու ուղ­ղու­թեամբ եր­կու եր­կիր­նե­րուն կող­մէ կը ծա­ւա­լուին հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ։ Նոյ­նիսկ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ կը խրա­խու­սուի հայ-վրա­ցա­կան սահ­մա­նի մաք­սա­կէ­տե­րուն ար­դիա­կա­նա­ցումն ու անց­քե­րու պայ­ման­նե­րուն բա­րե­լա­ւու­մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

«Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը քննարկեն ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնը»:
Մայքըլ Քարփենթըրի համոզմամբ, Ռուսաստանի կողմէ այսպիսի տարածքաշրջանի մը մէջ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ճանապարհը չէ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ ճա­կա­տա­գիր կը սպա­սէ Մու­սու­լին: Յատ­կա­պէ՛ս երբ Ի­ՇԻՊ («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն») ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը պար­տու­թեան մատ­նուե­լէ եւ ցի­րու­ցան ըլ­լա­լէ ետք հե­ռա­նայ այդ հա­տուած­նե­րէն:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Փրոֆ. Ա­շոտ Մել­քո­նեան, որ քա­ղաքս հրա­ւի­րուած է Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի «Պոլ­սա­հա­յե­րը (1923-1939)» գրքի շնոր­հան­դէ­սին առ­թիւ, այս շա­բա­թա­վեր­ջը կ՚ան­ցը­նէ Իս­թան­պու­լի մէջ, իր կո­ղակ­ցին՝ Լու­սի­նէ Մել­քո­նեա­նի հետ, որ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան թան­գա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան մաս կը կազ­մէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Շուէ­տա­հայ նկա­րչու­հի Թել­մա Է­մի­նեան, որ ծնած է Իս­թան­պու­լի մէջ, Սթոք­հոլ­մի մէջ կազ­մա­կեր­պեց «Մեր ժա­մա­նակ­նե­րը» խո­րագ­րեալ մաս­նա­ւոր ցու­ցա­հան­դէս մը։ Շուէ­տի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­տակ Ա­պի­տո­նեա­նի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Սթոք­հոլ­մի հայ­կա­կան դես­պա­նա­տան եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կը ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութեան խմբագրութիւնը յառաջ կ՚ընթանայ կենսունակութեամբ:
50-ամեայ յոբելեանին առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթը համախմբեց գիտական աշխարհէն դէմքեր:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ՀՏՓ­-ի հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը՝ Ֆի­կէն Եիւք­սեք­տաղ, Սե­լա­հատ­տին Տե­միր­թաշ եւ Սըր­րը Սիւ­րէյ­յա Էօն­տէր, ինչ­պէս նաեւ ՀՏՓ­-ա­կան այլ ինն ե­րես­փո­խան­ներ ե­րէկ ուշ գի­շե­րին առ­նուե­ցան հսկո­ղու­թեան տակ։ Տե­միր­թաշ ձեր­բա­կալ­ման պա­հան­ջով ու­ղար­կուա­ցաւ դա­տա­րան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդուարդ Նալ­պան­տեան շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Նալ­պան­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով ա­ւագ խորհր­դա­կան Քրիս­տոֆ Հոյս­կէ­նի հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Այ­սօր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դարձն է։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը 17-րդ տա­րին կը թե­ւա­կո­խէ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի գա­հուն վրայ՝ որ­պէս աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հայ­րա­պե­տը, ա­մե­նա­սի­րե­լի հո­վուա­պե­տը եւ ընդ­հան­րա­կան գլու­խն ու ծայ­րա­գոյն պատ­րիար­քը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան այս նոր փու­լը դար­ձեալ կու գայ թար­մաց­նել իր աշ­խար­հաս­փիւռ հօ­տին ջեր­մե­ռանդ զգա­ցում­նե­րը՝ ի­րեն նկատ­մամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Արմաւենի Միրօղլու պատուաբեր կոչում մը ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
«Պոլսահայերը (1923-1939)» գրքին շնորհանդէսը տեղի ուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Տիար­պա­քը­րի մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում մը։ Քա­ղա­քի կու­սա­կա­լու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տեղե­կա­ցու­ցին, որ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րէն մին ռումբ մը պայ­թե­ցու­ցած է Տիար­պա­քը­րի Անվտան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան Պաղ­լար գա­ւա­ռա­կի մաս­նա­շէն­քի մօ­տա­կայ­քին։ Այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով մէկ հո­գի զոհուե­ցաւ, ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեան իր «Եղ­բայր ենք մենք» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան իւ­րա­քան­չիւր տու­նը սա­պէս կը վեր­ջաց­նէ. «Ընդ աս­տե­ղօք ինչ կայ սի­րուն, Քան զանձ­կա­լի եղ­բայր ա­նուն…»։

Էջեր