Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Բա­ռե­րու սէ­րը... բա­ռեր կան, ո­րոնք սի­րե­լի են ե­ղած. բայց պէտք է ը­սել, որ գրե­թէ ա­մէն բառ սի­րե­լի է, նա­յած ե՞րբ, ո՞ւր, ինչ­պէ՞ս, ին­չո՞ւ, ո­րո՞ւն եւ ո՞ւր կը գոր­ծա­ծենք զայն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

-Ա­ւել, ա­ւե՜լ, մեծ ու փոքր ա­ւել­նե՜ր…
Կրկներ­գի պէս, յա­տուկ ե­րաժշ­տու­թեամբ մը կը կրկնէ նոր վար­ձած տանս պատշ­գա­մին տա­կէն ա­մէն օր անց­նող այս շրջուն վա­ճա­ռա­կա­նը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէնը Պոլիսէն Երեւան վերադարձին իր տպաւորութիւնները բաժնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ:
Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան. «Ինծի համար հետաքրքրական երեւոյթ էր՝ Հրանդ Տինքի անուամբ կոչուած հայաստանցի երախաներուն դպրոցը»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Մարդ էա­կը, որ­պէս խոր­հող ա­րա­րած, դա­րե­րու ըն­թաց­քին, միշտ գիտ­նալ ու­զած է իր գո­յու­թեան ի­մաս­տը եւ ար­ժէ­քը։ Ար­դա­րեւ, կեան­քի ո­րե­ւէ շրջա­նին մէջ, մարդ կը հարց­նէ ինքն ի­րեն սա հար­ցու­մը. «Ի՞նչ է մար­դը»։­

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Պատ­րաս­տեց՝ ՄԱ­ՐԻԱ Ա­ՐԱ­ՊԱԹ­ԼԵԱՆ

Աշ­խար­հի վրայ մօտ 385 մի­լիոն մա­նուկ­ներ ստի­պուած են ապ­րե­լու ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ: Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ «Ար­մէնփ­րէս», այդ մա­սին նշուած է ՄԱԿ-ի Ման­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի (ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ) եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան կող­մէ պատ­րաս­տուած զե­կու­ցու­մին մէջ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ մէ­կու մը մա­սին ընդ­հա­նուր գա­ղա­փար մը կազ­մել կ՚ու­զենք, ո­րո­շում մը տա­լու հա­մար ա­նոր մա­սին, պէտք է դի­տենք զայն ո՛չ միայն իր խօս­քե­րով, այլ մա­նա­ւանդ իր գոր­ծե­րով, իր ամ­բողջ կեան­քով։ Ա­սոր հա­մար երբ կը դի­տենք, պէտք է նա­յինք ո՛չ միայն մարմ­նա­կան աչ­քով, այլ նաեւ՝ հո­գիի աչ­քով։ Ուս­տի խօս­քին քա­նա­կը չէ՛ կա­րե­ւո­րը, այլ ո­գին՝ որ կը ստեղ­ծէ ա­նոր իս­կա­կան ար­ժէ­քը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է ար­դիւնք­նե­րը այն ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ո­րուն հա­մա­ձայն, մո­լո­րա­կի տա­սը բնա­կիչ­նե­րէն ինն կ՚ապ­րի խիստ ա­պա­կա­նած օ­դով շրջան­նե­րու մէջ: Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը նա­խազ­գու­շաց­նէ այդ մար­զին մէջ տի­րող «ար­տա­կարգ դրու­թե­նէն», կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րէս» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

«WTM 2016» զբօսաշրջային ցուցահանդէսին շրջագծով Հայաստանի տաղաւար:
Լոնտոնի մէջ լայնօրէն ծանօթացուեցան երկրի հնարաւորութիւններն ու մեծ ներուժը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նա­նո­րո­գու­թեան եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տանք­նե­րէ վերջ վե­րա­բա­ցուե­ցաւ Մար­տի­րոս Սա­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նը։ Ձեռ­նար­կը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մե­ծա­նուն նկա­րի­չի հեր­թա­կան ան­գամ խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ վեր­յիշ­ման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ «Փրոֆ. Ռ. Եո­լեան» ա­րիւ­նա­բա­նա­կան կեդ­րո­նը, որ կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան են­թա­կա­յու­թեամբ։ Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան պա­տուոյ հիւ­րերն էին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս հա­մաշ­խար­հա­յին ներդր­ման հա­մար Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ հաս­տա­տուած մրցա­նա­կը այս տա­րի շնոր­հուե­ցաւ «Օ­փըն-Ռութ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Լուի Փու­զէ­նին։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը շնոր­հուե­ցաւ այս տա­րուան մրցա­նա­կը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Փաոլօ Ճենթիլիոնի Երեւանի մէջ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Հա­յաս­տա­նի եւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ պի­տի ստո­րագ­րուին շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնց նպա­տակն է երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել ամ­րապն­դումն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Տա­նըլտ Թրամփ ընտ­րուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ։ Ե­րէկ ԱՄՆ-ի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն, ո­րու հիմ­նա­կան դէմ­քերն էին Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած Տա­նըլտ Թրամփ եւ Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած Հի­լը­րի Քլին­թըն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Այս տարի Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքներուն մասնակցութիւն կը բերէ 450 աշակերտ:
Վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի մէջ շիշլիցիները աշխատանք կը տանին փորձառու մարզիչներու վերահսկողութեան ներքեւ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ա­ռըն­թեր գոր­ծող Մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս թա­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ո­մանք» խում­բին հա­մեր­գը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

Հուն­գա­րիոյ Տեպ­րէ­ճէն քա­ղա­քին մէջ Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս հեր­թա­կան ան­գամ մաս­նակ­ցե­ցան «Է­րաս­մուս» ծրագ­րին շրջագ­ծով աշ­խա­տան­քի մը։ «Եւ­րո­պա­կան աշ­խա­տան­քա­յին շու­կայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար» խո­րագ­րեալ նա­խագ­ծին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Նա­յի­րի Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան, Սե­ւակ Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան, Սե­լին Պա­պա­սըզ եւ Թա­լիա Կե­ւիք։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016

«Կուտինայէն Երուսաղէմ՝ հմայիչ կապոյտ սալիկներու ճամբորդութեան հետքերով» դասախօսութիւն:
Պալեան գերդաստանի ներկայացուցիչները անդրադարձան իրենց վաղեմի արհեստի իւրայատկութիւններուն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

ԽԱ­ՉԻԿ ԵԸԼ­ՄԱ­ԶԵԱՆ

Հայ գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րու՝ Դա­նիէլ Վա­րու­ժան­նե­րու, Սիա­ման­թօ­նե­րու, Ռու­բէն Զար­դա­րեան­նե­րու կող­քին՝ իր ա­ռանձ­նաշնոր­հեալ տե­ղը գրա­ւած մտքի մշա­կի, խի­զախ եւ ան­վե­հեր կե­ցուած­քով, պող­պա­տեայ նկա­րա­գի­րով կազ­մուած, հա­մա­մարդ­կա­յին տա­րած­քի վրայ ու­նե­ցած ազ­գա­յին ե­զա­կի ջի­ղով շա­ղա­խուած եւ գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեան վեհ հա­մո­զում­նե­րով տո­գո­րուած, ա­մե­նա­սեւ օ­րե­րուն իր ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւե­րու եւ յոյ­սե­րու ար­տա­յայ­տի­չը դար­ձած, ինք­նա­կամ եւ գի­տակ­ցուած նա­հա­տա­կու­թիւ­նը ընտ­րած հե­րո­սի, լիա­կա­տար ար­ժա­նիք­նե­րով օժ­տուած բա­նաս­տեղծ-գրա­գէտ, բժիշկ Ռու­բէն Սե­ւա­կի աղջ­կան՝ Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի մա­հը խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց մեր բո­լո­րին սրտե­րուն մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այսօր տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Ա­մե­րի­կա­ցիք պի­տի ընտ­րեն երկ­րի 45-րդ նա­խա­գա­հը:

Էջեր