Արխիւ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Մոսկուա։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5-6 Դեկտեմբեր թուականներուն եւ ան պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած են Պինալի Եըլտըրըմի հանդիպումները՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի յաջորդ շաբթուան մէջ այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Ամենաբարձր մակարդակի այս այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ երկու երկիրներու համատեղ օրակարգին վրայ կը գտնուին շարք մը կարեւորագոյն ծրագրեր, որոնք կրնան փոխել տարածքաշրջանային համագործակցութեան կլիման։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Շթայնմայէր երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Չավուշօղլու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին դատապարտելի որակեց Պունտեսթակի ընդունած բանաձեւը:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց թրքահայ համայնքին համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին բազմակողմ քննարկումներուն լոյսին տակ - 1:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ի վերջոյ, աշխարհի վրայ քանի՞ երկրի ղեկավար ունի նոյնաժամանակ երեսունմէկ երկիրներէ մամլոյ սպասաւորներու հետ շփուելու»:
ԻԿՈՐ ՏՈՐՖՄԱՆ-ԼԱԶԱՐԵՒ
Հայոց աշխարհը ինծի համար Կասպից ծովեզերքէն՝ Պաքուէն սկսաւ, իր ներքին բակերէն, լայնատարած պատշգամներէն, գոյնզգոյն կերակուրներով ծածկուած երկար սեղաններէն, ղարաբաղեան բարբառին հնչիւններէն, հայկական պարերու մէջ փռուած ձեռքերու ուրուագիծերէն, «Քամիներու քաղաք»ի սօսիներու անդադրում սօսաւիւնէն:
ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մի քանի օր առաջ հանրային փոխադրամիջոցի մը մէջ ականատեսը եղայ արարքի մը, որուն եթէ ուզենք անուն մը տալ, մի միայն կրնանք ազգասիրութիւն անուանել:
ՅՈՎԻԿ ՇԷՀԻՐԵԱՆ
Հալէպահայ երիտասարդ՝ Խաչիկ Տաուտեան կը պատմէ իր ապրած վերջին հինգ տարիներու փորձառութիւնը՝ սկսած Հալէպի հետզհետէ վատթարացած իրավիճակէն մինչեւ Լիբանանի վատառողջ ընկերային միջավայրը: 26-ամեայ երիտասարդը, նախքան հարցազրոյցի սկսիլը, պահ մը արցունքոտ աչքերով խնդրեց, որ բոլոր ըսածները գրի առնուին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհը իմաստութեամբ ստեղծուած է, ապա ուրեմն աշխարհի վրայ անիմաստ ու աննպաստակ բան չկա՛յ։ Ինչ որ կը տեսնենք մեր շուրջը, ամենէն աննշան նկատուածն իսկ անպայման պատճառ մը, նպատակ մը, այսինքն իմա՛ստ մը ունի։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ներկայիս Էլ Պապ քաղաքը առարկայ կը դառնայ անմիջական ուշադրութեան։ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ հովանաւորուած ազատ Սուրիոյ բանակը սաստիկ հարուածներ կը հասցնէ՝ այս քաղաքը ազատագրելու համար ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։
Սղերդի եւ Թունճելիի մէջ այսօր առաւօտեան ժամերուն ձերբակալուեցան քաղաքապետները։ Այդ երկու քաղաքներու հանրապետական աւագ դատախազութիւններուն կողմէ քաղաքապետարաններէն ներս կատարուեցան գործողութիւններ առաւօտեան կանուխ ժամերուն։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ միջհամալսարանական ցուցահանդէս-փառատօն մը։ «Կտոր մը կրակ» խորագրեալ այս ձեռնարկին շրջագծով ներկայացուած են բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնք կ՚արժանանան այցելուներու հետաքրքրութեան։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծագոյն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի լաւագոյն 50 ֆութպոլէօրներու ցանկին մէջ։ Goal.com կայքէջի վարկածով ընթացիկ տարուան 50 լաւագոյն խաղացողներու շարքին է 27-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպանն է ու ներկայիս Անգլիոյ մէջ կը կրէ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկը։
Հայաստանի վարչապետը տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Կարէն Կարապետեան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան ժողովներուն մասնակցելու համար կ՚այցելէ Մոսկուա:
«Նոր Յառաջ» (Փարիզ).-
Հայաստանի կրթական համակարգի միջազգային համարկման ուղղութեամբ վերջին շրջանին տեղի կ՚ունենան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այս ծիրին մէջ են նաեւ այն հաղորդումները, ըստ որոնց Ֆրանսա կը ճանչնայ Հայաստանի դպրոցականներու վկայականները։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր առաջին էջին վրայ մեծադիր հաղորդումով մը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն նիւթին վրայ, որ տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կ՚ընդլայնի զգալի ձեւով եւ Թուրքիոյ անմիջական հարեւանութեամբ զանազան երկիրներ կը մտնեն Մոսկուայի ազդեցութեան տակ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ աննախընթաց հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի այս կարճատեւ ուղեւորութեան նկատմամբ:
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Սեդա Պէշիկթաշլեանը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թադէոս Կիւնթէր» միջմիութենական նարտի մրցաշարքին բացման արարողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ մրցաշարքը այս տարի կը կազմակերպուի 20-րդ անգամ, 13 միութիւններու մասնակցութեամբ։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանը, հաստատութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը եւ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասուն։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս եւ մանրամասնութիւններ փոխանցել հաստատութեան ներկայ վիճակին շուրջ։