Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ «ա՛նձ» մըն է իր ինք­նու­թեամբ եւ ա­մէն անձ ի՛նքն է իր ա­նու­նով։ Այս ի­մաս­տով, ա­նու­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ան­ձը՝ իր ինք­նու­թեամբ, որ կը զա­նա­զա­նուի «ու­րիշ»նե­րէն եւ իր «նման»նե­րէն։ Ու­րեմն ա­նու­նը ան­ձին, ու­րիշ­նե­րէ ան­կախ ինք­նու­թեան մը ստու­գա­նի՛շն է։ Ա­նու­նը՝ մարդս կ՚ո­րո­շէ որ­պէս ա՛նձ, որ­պէս ի՛նք։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցան շարք մը ըն­կե­րա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու։ Այս­պէս, դպրո­ցէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լե­ցին Իս­թան­պու­լի գիր­քի տօ­նա­վա­ճա­ռը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016

Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակները:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016

«Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցը օժտուած է ֆիզիքական բոլոր հնարաւորութիւններով եւ արդի սարքաւորումներով:
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ վիթխարի ձեռքբերումի մը առթած խանդավառութեամբ ու նոր հեռանկարներու ակնկալութեամբ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր ար­ժէ­քա­ւոր գիտ­նա­կան­նե­րէն Յով­հան­նէս Գա­մէր Քէօ­սէեան վեր­ջերս ար­ձա­նագ­րած է փայ­լուն նուա­ճում մը։ Ըստ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Փրոֆ. Ար­սէն Ար­շը­քի մե­զի փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի տոք­թո­րա­կա­նի բաժ­նի ու­սա­նող Յով­հան­նէս Գա­մէր Քէօ­սէեան պա­տուա­բեր մրցա­նա­կի մը ար­ժա­նա­ցած է CERN-ի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին նշուե­ցաւ «Յա­կոբ Պա­րո­նեան» ե­րաժշ­տա­կան եր­գի­ծան­քի պե­տա­կան թատ­րո­նի 75-ա­մեա­կը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

Պուլ­կա­րիոյ «Փեն» ա­կում­բի եւ Պուլ­կար գրող­նե­րու միու­թեան «Փլամք» ամ­սա­գի­րը, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, իր աշ­նա­նա­յին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի նուի­րէ հայ դա­սա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թեան՝ Մաշ­տո­ցէն եւ Նա­րե­կա­ցիէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Հե­տա­զօ­տու­թեան, գի­տու­թեան եւ նո­րա­րա­րու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Քար­լոս Մոէ­տաս, որ ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած երկ­խօ­սու­թեան հան­­դիպ­ման մը հա­մար կը գտնուէր Ե­րե­ւա­նի մէջ, ե­րէկ այ­ցե­լեց Մա­տե­նա­դա­րան։ Յանձ­նա­կա­տար Մոէ­տա­սին ըն­կե­րա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

Նա­խըն­թաց օր, Air France նշած է Փա­րիզ-Ե­րե­ւան թռիչք­նե­րու հաս­տատ­ման 10-րդ տա­րե­դար­ձը: Air France-ի ա­ռա­ջին թռիչ­քը տե­ղի ու­նե­ցած էր 2006 թուա­կա­նին՝ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի մաս­նակ­ցու­թեամբ: Այս տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Փա­րիզ-Ե­րե­ւան թռիչք­նե­րէն օգ­տուած է ա­ւե­լի քան 500 հա­զար ճամ­բորդ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

Զուի­ցե­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նորդ Յաս­միկ Տոլ­մա­ճեան պար­գեւատրուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի բարձր շքան­շա­նով։ Ժը­նե­ւի մէջ, Ֆրան­սա­յի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան եր­դի­քին տակ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

«Հայ­փոստ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ե­րէ­կուան դրու­թեամբ պաշ­տօ­նա­պէս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրաւ «Հա­յաս­տա­նի թան­գա­րան­ներ. Սէր­կէյ Փա­րա­ճա­նո­վի թան­գա­րան» ա­նու­նով եր­կու նա­մա­կա­նիշ։ «Ար­­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս դրոշ­մա­թուղ­թե­րուն վրայ ներ­կա­յա­ցուած են Սէր­կէյ Փա­րա­ճա­նո­վի թան­­գա­րա­նի սրահ­նե­րու քո­լաժ­նե­րուն պատ­­կեր­նե­րը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բին պի­տի նշուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Այս­պէս, 1-5 Դեկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու շարք մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ եւ այդ շար­քը պի­տի հա­մախմ­բէ ՀԲԸՄ-ի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ան­դամ­նե­րը, գոր­ծըն­կեր­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յիշեցուց Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:
ԵՓԿ-ի զօրքերը Մենպիչէն դուրս գալու տեսագրութիւնը ներկայացուցին ընկերային ցանցերու միջոցաւ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անց­նող օ­րե­րուն Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար յստակ կը դառ­նար, որ մար­տի այս փու­լը նոր հանգ­րուա­նի մը սկիզ­բը կրնայ ըլ­լալ: Կրնայ ըլ­լալ կը գրեմ, ո­րով­հե­տեւ անց­նող չորս տա­րի­նե­րը ցոյց տուին, որ Սու­րիոյ մա­սին ո­րե­ւէ կան­խա­վար­կած կրնայ սխալ ըլ­լալ եւ այդ տագ­նա­պին ա­ռըն­թեր ո­րե­ւէ վեր­լու­ծու­թիւն փուճ է, մին­չեւ ո­րե­ւէ են­թադ­րու­թեան՝ գետ­նի վրայ ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նա­լը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին բազմակողմ քննարկումներուն լոյսին տակ - 4:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան մամլոյ ազատութեան հարցերը կը դիտարկէ՝ փակ հասարակութենէն դէպի բաց հասարակութիւն անցնելու գործընթացի շրջագծին մէջ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր ե­ղա­նա­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թը։ Միու­թե­նէն ներս նոր ե­ղա­նա­կի բա­ցու­մը բնո­րո­շեց հան­գու­ցեալ ա­րուես­տա­գէտ Տի­րան Ին­ճի­ճիի գոր­ծե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Միու­թեան 71-րդ շր­ջա­նի բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Մխի­թա­րեա­նի սա­նե­րէն Տի­րան Ին­ճի­ճիի նշա­նա­ւոր՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ման­րա­կեր­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խօս­քը, ընդ­հան­րա­պէս, որ­քան ալ կարճ ըլ­լայ եւ պարզ, ե­թէ ճշմա­րի­տը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, հրա­պու­րիչ կողմ մը կ՚ու­նե­նայ, եւ կը տպա­ւո­րուի միտ­քե­րու մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Թուա­յին լու­սան­կար­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման եւ բաժ­նեկ­ցու­թեան աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող եւ Ե­րե­ւան հաս­տա­տուած հայ­կա­կան «PicsArt» ըն­կե­րու­թեան ծրա­գի­րը (app) հե­ղի­նա­կա­ւոր CNET կայ­քին կող­մէ նե­րառ­նուած է «iPhone» հե­ռա­ձայն­նե­րու հա­մար պատ­րաս­տուած լա­ւա­գոյն ծրա­գիր­նե­րու ցան­կին՝ «Best iPhone Apps of 2016»ի մէջ, «Viber»ի, «Spotify»ի եւ «Fitbit»ի նման ծրա­գիր­նե­րու կող­քին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Թրքա­կան զի­նուո­րա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ հեր­քե­ցին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տարուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց ԵՓԿ Սու­րիոյ մէջ ետ պի­տի քա­շուի Մեն­պի­չէն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016

Ան­գա­րա-Գա­հի­րէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առ­կայ լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Ե­գիպ­տո­սի խորհր­դա­րա­նը կը պատ­րաս­տուի իր օ­րա­կար­գին վրայ ընդգր­կել բա­նա­ձեւ մը, ո­րով նա­խա­տե­սուած է Թուր­քիոյ դա­տա­պար­տումը՝ 1915-ին հա­յոց դէմ ի­րա­գոր­ծուած կո­տո­րած­նե­րուն բե­րու­մով։

Էջեր