Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի­ներ ան­ցած են Մեծ ե­ղեռ­նի դժխեմ տա­րի­նե­րէն, ո­րոնց յի­շա­տա­կը տա­կա­ւին սպիա­ցած վէր­քի նման է հայ ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն սրտին մէջ, ա­ռանց կա­րե­նալ մոռ­նա­լու այն զար­հու­րե­լի օ­րե­րը, ո­րոնք ար­մա­տա­խիլ ը­րին հայ ժո­ղո­վուր­դը իր հայ­րե­նի­քէն, դարձ­նե­լով զինք թա­փա­ռա­կան հայ։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք ցնցո­տի­նե­րու մէջ փա­թա­թուած, ո­տա­բո­պիկ, ա­նօ­թի, ծա­րաւ, հիւ­ծած հա­յոր­դի­ներ, ո­րոնք բախ­տա­ւոր ե­ղան փրկուե­լու Ե­ղեռ­նի ճի­րան­նե­րէն, հա­սան սու­րիա­կան, ի­րա­քեան եւ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու ա­նա­պատ­նե­րը, ար­մա­ւով մը, բա­րե­սիրտ ա­րաբ հիւ­րըն­կա­լին կամ այն «պէ­տէուիին» սե­ղա­նի փշրանք­նե­րուն ա­ւել­ցուք­նե­րով սնե­լու հա­մար, որ­պէս­զի կա­րե­նան ապ­րիլ եւ գո­յա­տե­ւել։ Դժբախ­տա­բար այ­սօր՝ հա­մայն աշ­խար­հի աչ­քե­րուն ա­ռաջ, նոյն բա­նը կը կրկնուի Սու­րիոյ մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հոկ­տեմ­բե­րին, երբ Սու­րիոյ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեա­ն տնօ­րէն զօ­րա­վար Ա­լի Մեմ­լուք կը ժա­մա­նէր Գա­հի­րէ, ոչ ոք կրնար են­թադ­րել, որ այդ հան­դի­պու­մը պի­տի դառ­նար եր­կու եր­կիր­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­հու­նա­ւո­րող այ­ցե­լու­թիւն մը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Գալ­ֆաեան Տան սա­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դէս մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին՝ 24 Նո­յեմ­բե­րի Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու յայ­տագ­րին շրջագ­ծով տղա­քը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով։ Ա­նոնք ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց յա­ջող կա­տա­րում­նե­րով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցին շարք մը այ­ցե­լու­թիւն­ներ ու պտոյտ­ներ։ Ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեամբ, այս ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը տղոց հա­մար դար­ձան թէ՛ օգ­տա­կար եւ թէ հա­ճե­լի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահի մուտքասրահէն ներս ներկայացուեցան պոլսահայ լուսանկարչին գործերը:
Նուրհան Աքքայա պատուոյ գիր մը ստացաւ՝ ձեռամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, որ գնահատեց իր ստեղծագործութիւնները:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ, կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը՝ ո­րոնք ան­բա­ժան են «Անձ»էն եւ կը նոյ­նա­նան ա­նոր հետ։ Մարդ իր կրած ա­նու­նով է որ կը զա­տո­րո­շո­ւի եւ անձ մը, ինք­նու­թիւն կը կ՚ըլ­լայ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան, կա­պի ու տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Ար­թուր Ա­ռա­քե­լեան տե­ղե­կա­ցուց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը տա­րուին Հա­յաս­տա­նի վրա­յով Հնդկաս­տա­նէն դէ­պի Եւ­րո­պա բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րու շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ փոխ-նա­խա­րա­րին, փոր­ձի նպա­տա­կով Գեր­մա­նիա­յէն ծո­վա­յին եր­կու քոն­թե­նեըր փո­խադ­րուած է Հա­յաս­տա­նի վրա­յով դէ­պի Ի­րան։ Այս փոր­ձը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած է հասկ­նա­լու հա­մար այն հիմ­նա­կան խո­չըն­դոտ­նե­րը, ո­րոնք կրնան յա­ռա­ջա­նալ այս ճա­նա­պար­հին վրայ։ Ար­թուր Ա­ռա­քե­լեան ը­սաւ.

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւը։ Ար­ցա­խի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած «Թե­լե­թոն 2016»ի ար­դիւն­քին հան­գա­նա­կուե­ցաւ 15 մի­լիոն 428 հա­զար 777 տո­լար։ Այս տա­րի 15-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւը, ո­րու կար­գա­խօսն էր «Իմ Ար­ցա­խը»։­

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Ե­րե­ւա­նի Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ Ս. Ծննդեան տօ­նա­վա­ճա­ռը իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին: Ս. Ծննդեան տօ­նա­վա­ճա­ռը կը կազ­մա­կեր­պուի քա­ղա­քա­պե­տա­րան-մաս­նա­ւոր հա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ­կա­կան հան­գոյց. Հա­յոց գոր­գա­գոր­ծա­կան մշա­կոյ­թը» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղով մը։ Իր տե­սա­կին մէջ երկ­րորդն էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան մաս­նա­գէտ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ եւ այդ ո­լոր­տէն ներս գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող ան­ձեր, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին նա­խըն­թաց օր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ֆրան­սա­ցի նո­րան­շա­նակ հա­մա­նա­խա­գահ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թիի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­ւան­դա­կան վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյ­ցը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախարարներու ժողովը:
Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման այժմու վիճակին շուրջ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016

Քու­պա­յի նախ­կին ղե­կա­վար Ֆի­տէլ Քասթ­րօ մա­հա­ցաւ 90 տա­րե­կան հա­սա­կին։ Ան ե­ղած էր Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի գլխա­ւոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րէն մին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ վերադարձին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան ցաւ յայտնեցին այն պնդումներուն շուրջ, ըստ որոնց Հայաստանի մէջ վաճառքի դրուած է Պոլսոյ Աթոռի իւղանկարներէն մին - Նորին Սրբութիւնը, իրականութեան մէջ, յամառ պայքար կը մղէ Պատրիարքարանի գոյքը վերադարձնելու համար:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016

28 Նո­յեմ­բեր-2 Դեկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Ուք­րայ­նոյ Խար­քով քա­ղա­քի «Լո­քո­մո­թիւ» մար­զա­հա­մա­լի­րին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ա­զատ ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի աշ­խար­հի խմբա­յին 3-րդ ա­խո­յե­նու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս խ­­ո­րագ­րին տակ՝ պիտ­ի ներ­կա­յացն­եմ ի­րա­կան կեան­քէ առ­նուած եր-կ­ու դրուագ, որ­ոնք վստահ եմ պիտ­ի ապ­շեցն­են ձեզ։

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016

Ե­րե­ւա­նի «Հա­լէպ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան Ե­րի­տա­սար­դաց խոր­հուր­դը Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) ա­ջակ­ցու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պէ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հե­ռան­կար­ներ» խո­րագ­րով հա­մա­ժո­ղով մը: ՀԲԸՄ-ի ե­րե­ւա­նեան մաս­նա­ճիւ­ղի դահ­լի­ճին մէջ, Նո­յեմ­բե­րի 26-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ սոյն հա­մա­ժո­ղո­վը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նէ ներս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուե­ցան կարգ մը պնդում­ներ, ըստ ո­րոնց ան կը վա­ճա­ռէ Պատ­րիար­քա­րա­նի իւ­ղա­ներ­կե­րէն մին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ փոր­ձե­ցինք շօ­շա­փել իր տե­սա­կէ­տը եւ ինքն ալ փա­փա­քե­ցաւ, որ խնդի­րը պար­զուի ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­նուն»ին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը իր ի­մաս­տին մէջն է, ա­նու­նը, ար­դա­րեւ, կը նոյ­նա­նայ «անձ»ին հետ եւ կը կազ­մէ «ինք­նու­թիւն» եւ այս կեր­պով ա­նու­նը ար­ժէք կը ստա­նայ։ Ան­հա­տը «ի՛նք» է իր կրած ա­նու­նով եւ ին­չո՞ւ չէ՝ իր ա­նուան ի­մաս­տո՛վ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016

Երուսաղէմէն եւ Ամսթերտամէն ուղարկուած գրութիւնները կը հերքեն տխուր զրպարտութիւնները:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտնէ, որ եթէ իսկապէս Բեթղեհէմի վանքէն գողութիւն մը կատարած ըլլար աշակերտութեան տարիներուն՝ ապա բացարձակապէս վկայուած չէր կրնար ըլլալ Ժառանգաւորաց վարժարանէն:

Էջեր