Արխիւ
26 Սեպտեմբեր-5 Հոկտեմբեր թուականներու միջեւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ 1960-1961 թուականի աշխարհի ճատրակի ախոյեան Միխայիլ Տալի (1936-1992) յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը։ Սոյն մրցաշարքին կը մասնակցի Լեւոն Արոնեան:
Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւան քաղաքի «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան այս տարուան կարգախօսն է «Երեւան արեւի քաղաք»: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան ձեռնարկներու աշխատանքային խումբի համակարգող, փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան:
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «ԵՈՒՆԻՄԱ- Հայաստան»ի (Տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոն) նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Լոռիի, Շիրակի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ կայացաւ «Թումանեանական հեքիաթի օր» տիկնիկային թատրոններու միջազգային 11-րդ փառատօնը:
Չինաստանի մէջ սկսաւ գործել աշխարհի մեծագոյն հեռադիտակը, որուն բացման արարողութեան Կոնկճու նահանգին մէջ ներկայ էին այլ երկիրներէն հրաւիրուած հարիւրաւոր գիտնականներ: Հեռադիտակը ունի 500 մեթր տրամագիծով տեղաորոշիչ (ռատար), որ քանի մը անգամով կը գերազանցէ Փորթօ Ռիքոյի «Արեսիպօ» աստղադիտարանին մէջ գտնուող հեռադիտակին չափերը:
Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջազգային համագումարը՝ ամբողջ աշխարհի այս մարզի ամենէն մեծ իրադարձութիւններէն մէկը, 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Վերջերս Ֆրանսայի մէջ նշանակուած է Microsoft-ի նոր ղեկավար: Այժմ ընկերութեան ֆրանսական մասնաճիւղը կը ղեկավարէ հայազգի Վահէ Թորոսեան: Le Point ամսագրին ան հարցազրոյց մը տուած է՝ մասնաւորապէս խօսելով Microsoft-ի գրպանի հեռաձայններու ապագային մասին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, 2018 թուականի աշխարհի ախոյենութեան զտումի հանգրուանին 8 Հոկտեմբերին պիտի երթայ Ռումանիա, ուր պիտի մրցի այդ երկրի ազգային հաւաքականին դէմ, իսկ 11 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանը: Պատրաստուելով այդ ճակատումներուն՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականը 3-9 Հոկտեմբերին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Երեւանի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը՝ առաջին փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Պին Նաիֆ Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտը։
Ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարին, առաջնորդները պատրաստ չեն հիմնախնդրի կարգաւորման:
Ճոն Քերիի համոզմամբ, տակաւին պայմաններ չեն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս շաբաթավերջին կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան ամրան սկիզբին այցելած էր Հայաստան եւ տակաւին այդ շրջանին յայտարարուած էր նաեւ իր ներկայ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Հալէպի երէկուան դէպքերուն ընթացքին հայաբնակ թաղամասեր ենթարկուեցան սաստիկ յարձակումներու:
5 հայեր զոհուեցան, 11 վիրաւոր:
Երեւանի ղեկավարութիւնը յայտնեց խոր մտահոգութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրահանգով:
Մօտ օրէն Հայաստանէն երկու օդանաւով մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի փոխադրուի Սուրիա:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անոնք անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, եւ մանաւանդ Հալէպի կացութիւնը ծայր աստիճան մտահոգիչ դարձած է՝ բախումներու սաստկացման հետեւանքով։
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է եզակի գործ մը, որ կը դասուի հայկական գրականութեան ամենայատկանշական երկերու շարքին։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ լոյս տեսած է Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին թրքերէն թարգմանութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ 2016» մրցանակաբաշխութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը կրթական մշակները համեմատեց աւետարանական բարի սերմնացանի կերպարին հետ ու շեշտեց, որ անոնք իր մշտական աղօթքներուն մէջ են:
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօնը ընթացքի մէջ:
Հաղբատի պատմական վանքէն ներս կազմակերպուած համերգը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլորին վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս, արտաքինին, տեսնուածին նայելով կու տան իրենց որոշումները՝ անոնց համար կարեւորը արդիւնքն է եւ չեն հետաքրքրուիր այդ «արդիւնք»ը արտադրող «պատճառ»ով։ Զոր օրինակ՝ պտուղը կ՚ուտեն, բայց այդ պտուղը հասցնող ծառին եւ անոր արմատներուն ուշադրութիւն չեն ըներ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Մխիթար Աբբահօր ի յիշատակ պատրաստուած ցուցատախտակ մը, որ զետեղուեցաւ դպրոցի շէնքի մուտքը։
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս վաղը տեղի պիտի ունենայ արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներուն նորակերտ յուշարձան-դամբարանին պաշտօնական բացումը։ Այս շիրիմը կառուցուած է Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու բարերարութեամբ, ի յիշատակ իրենց հոգելոյս ծնողաց՝ Շնորհիկ եւ Վահրամ Քըրմըզեաններու, որոնք անցեալի մէջ եղած են Սկիւտարի բնակիչներ։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի շուրջ կռիւները սաստկացած են վերստին։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի եւ ընդդիմադիրներուն կռիւները սաստկացած են մանաւանդ Հալէպի շուրջ։ Սուրիոյ բանակը սաստիկ յարձակման մը տակ առած է քաղաքը՝ զայն ամբողջութեամբ մաքրագործելու համար զինեալ ընդդիմադիրները եւ լիակատար վերահսկողութիւնը ձեռք անցընելու համար։ Սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ յարձակումներու թիրախ կը դառնան նոյնիսկ հիւանդանոցներ։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ ամիս հաւանաբար այցելէ Թուրքիա։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ ան Հոկտեմբերին կրնայ այցելել Թուրքիա։ Նախապատրաստական բոլոր հանգրուաններու աւարտին Քրեմլինի աղբիւրները վերստին պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի ընեն այս մասին։