Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սա­մա­թիոյ ե­րէ­կուան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը թէեւ ըն­թա­ցիկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր, սա­կայն հա­մայն­քի այժ­մու ի­րադ­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն ու­նէր ե­զա­կի նշա­նա­կու­թիւն։ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նը ու զու­գա­հե­ռա­բար՝ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւն­նե­րու շրջա­նը սկսած էր յո­ռե­տես պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016

«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօն:
Բազմաթիւ միջազգային մասնագէտներ պիտի զեկուցեն, նախատեսուած են նաեւ շարք մը համերգներ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ար­ցա­խի Քար­վա­ճա­ռի շրջա­նի հինգ գիւ­ղե­րէն քսան­չորս դպրո­ցա­կան­ներ։ Հարկ է նշել, որ դէ­պի Ար­ցախ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 9-ին, Դա­դի­վան­քի մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը զա­նոնք հրա­ւի­րած էր այ­ցե­լել Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­մես­տու­թիւն, խո­նար­հու­թիւն, պար­զու­թիւն եւ չա­փա­ւո­րու­թիւն, այս ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րը հե­տե­ւանք են սի­րոյ, քա­նի որ հոն ուր կայ ի­րա­կան եւ ան­կեղծ սէր, հոն կայ նաեւ՝ խո­նար­հու­թիւն եւ հա­մես­տու­թիւն։ Եւ քա­նի որ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը «սի­րոյ կրօն» է, ա­պա ու­րեմն հա­մես­տու­թիւ­նը եւ  խո­նար­հու­թիւ­նը պէ՛տք է կեան­քի սկզբունք ըլ­լայ եւ այդ սկզբուն­քին հա­մա­ձայն՝ ընդ­հա­նուր նկա­րա­գիր եւ ապ­րե­լա­կերպ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016

2016-2017 սիրոյ սեղաններու շրջանը սկսաւ համայնքի զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան տրամադրութիւններու փայլուն եւ յուսադրիչ դրսեւորմամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Սամաթիոյ երէկուան աւանդական արարողութիւններուն:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ներ­կա­յիս լոյս ըն­ծա­յած է «Պատ­մա­կան քա­ղաք­ներ եւ հա­յե­րը. Պիթ­լիս եւ Մուշ» խո­րագ­րեալ գիր­քը։ Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի պատ­մա­բան Փրոֆ. Ռի­չըրտ Յով­հան­նի­սեա­նի կող­մէ խմբագ­րուած այս գոր­ծը անգ­լե­րէ­նէ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նած է Զիւ­լալ Քը­լըչ։ Գոր­ծը հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է «Ա­րաս»ի խմբա­գիր Ռո­պէր Քոփ­թաշ, իսկ կող­քի ձե­ւա­ւոր­ման հե­ղի­նակն է Ա­րէտ Կը­ճըր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016

Ա­ՀԱ­ՐՈՆ ՇԽՐՏԸ­ՄԵԱՆ

Չո­րեք­շաբ­թի, 14 Սեպ­տեմ­բեր 2016-ին, Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի «Ա­սեմպ­լի Հո­լ­»ին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի «Սե­րունդ­նե­րու պատ­մա­կան ա­ւան­դ» յա­տուկ հան­դի­սու­թիւ­նը՝ նոյ­նինքն հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կին առ­թիւ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016

ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ

Սեպ­տեմ­բեր 5, 2016 թուա­կա­նին, վաղ ա­ռա­ւօ­տեան Ս. Էջ­միած­նէն կ՚ու­ղե­ւո­րուինք Ար­ցախ աշ­խարհ, եր­կար տա­րի­նե­րու չի­րա­կա­նա­ցուած ե­րա­զը ա­ռա­ջին ան­գամ կեան­քի կո­չե­լով: Թէ ին­չո՞ւ այս­քան ու­շա­ցում դէ­պի Ար­ցախ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար այդ խոր­քին մէջ ինձ հա­մար յստակ չէ: Ե­րե­ւի Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը այս էր:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիա­յէն՝ Կա­թո­լիկ եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ խումբ մը հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Հիւր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու խում­բը կը գլխա­ւո­րէր Գեր­մա­նիոյ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցիէն Հայր Նի­քո­լաուս Վիր­վոլ Վար­դա­պետ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նի վե­րա­մու­տը դի­մա­ւո­րուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տով։ Վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւն մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Գում­գա­բուի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Նորոգ վախճանեալ Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան հանդիսապետեց յուզումնախառն արարողութեան:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Քո­քա-Քո­լա հել­լէ­նիկ պաթ­լինկ քամփ­ը­նի Ար­մե­նիա»ի մի­ջեւ ստո­րագր­ուե­ցաւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ըստ ո­րու՝ «Քո­քա-Քո­լա»ի շի­շե­րու վրայ պի­տի պատ­կե­րուին հայ­կա­կան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին բարձր ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող յու­շար­ձան­ներ: «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագր­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Նիւ Եոր­քի մէջ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ՝ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 71-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման փու­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով։ Իր ե­լոյ­թին մէջ ան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։ Նալ­պան­տեա­նի խօս­քին կո­րի­զը կազ­մեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ.

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Սեւան Նշանեան մետայլով մը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
Կալաթասարայի «Ճեզաիր»համալիրին մէջ պարգեւը յանձնուեցաւ յայտնի մտաւորականի փաստաբանին՝ Էրկին Ճինմենին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Կղզի­նե­րու Մշա­կու­թա­յին միու­թեան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով ներ­կա­յիս լոյս տե­սած է Լի­ժի Փուլ­ճու-Չիզ­մէ­ճեա­նի գիր­քը, որ կը կո­չուի «Մեծ կղզիի մէջ կոր­սուած ժա­մա­նակ­ներ» (Büyükada'da Kayıp Zamanlar)։ Հե­ղի­նա­կը այս գիր­քին մէջ կը ցո­լաց­նէ 1931 թուա­կա­նէն մին­չեւ այ­սօր կղզիի մի­ջա­վայ­րը, յայտ­նի ըն­տա­նիք­նե­րը, ե­զա­կի մի­ջա­վայր­նե­րը, դպրոց­ներն ու շու­կան, պան­դոկ­ներն ու սրճա­րան­նե­րը։ Այս բո­լո­րը ան կը ներ­կա­յաց­նէ հա­ղոր­դա­կան ո­ճով մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­ցե­լեց Էջ­միած­նի եւ Ե­րե­ւա­նի ծննդա­տու­նե­րը՝ իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը բե­րե­լով նո­րա­ծին­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ու­ղեկ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

Տեսակցեցաւ՝  ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­մե­նա­մեծ աղ­մու­կը բարձ­րա­ցաւ, երբ նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Թուր­կուտ Էօ­զա­լի թաղ­ման, 1993 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին: Այս բո­լո­րով հան­դերձ, Հա­յաս­տա­նի մէջ Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու վե­րա­բե­րեալ ընդ­հա­նուր դրա­կան մթնո­լորտ մը կար: Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ՀՅԴ կտ­րա­կա­նա­պէս դէմ էր այդ մօ­տե­ցու­մին,  երկ­րի այդ օ­րե­րու բո­լոր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը հան­դի­պում­ներ կ­­՚ու­նե­նա­յին ի­րենց թուրք պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Ե­կե­ղե­ցին Սուրբ Խա­չը կը տօ­նէ բազ­մա­թիւ ա­ռիթ­նե­րով։ Ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ յի­շուե­ցաւ՝ «Խաչ­վե­րաց», «Գիւտ Խաչ», «Ե­րեւ­ման Խաչ» եւ «Վա­րա­գայ Խաչ», ո­րոնք ու­նին ի­րենց պատ­մա­կան հի­մե­րը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քը՝ որ կ՚ապ­րինք, նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու եւ վեր­ջա­պէս ան­գութ մա­հուան դէմ պայ­քա՛ր մըն է։ Այս ի­մաս­տով կեան­քը մա­հուան պատ­րաս­տու­թեան մէջ եր­կունք մըն է։ Եւ թե­րեւս շատ տա­րօ­րի­նակ պի­տի թուի, բայց կեան­քը կ՚ապ­րի մարդ՝ մեռ­նե­լու հա­մար։ Ու­րեմն կեան­քը եր­կո՛ւնք մըն է…։

Էջեր