Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յուլիսին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր «Այն ալ թինէ»ի նստավայրէն ներս կ՚ընդունէր երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը: Հանդիպման ներկայ կ՚ըլլար Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ կողմերը հանդիպման աւարտին լրագրողներուն խօսելով, չէին թաքցներ մամուլին կողմէ աւելի վաղ «կարեւոր» համարուած հանդիպման բուն նպատակը:
Starwood Hotels&Resorts միջազգային յառաջատար պանդոկներու ցանցը տեղեկացուց, թէ որոշած է մուտք գործել Հայաստանի շուկայ։ finance.yahoo կայքէջի հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ այս ցանցը Հայաստանի շուկայ մուտք պիտի գործէ Երեւանի մէջ Alexander շքեղ պանդոկի կառուցմամբ։ Կը նախատեսուի, որ այս պանդոկին բացումը կատարուի 2017 թուականին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լոյսը եւ խաւարը, աշխարհի ստեղծագործութենէն իսկ գոյութիւն ունէր եւ մարդկային կեանքի վրայ ազդող, անոր ընթացք տուող երկու հակադիր ուժեր, զօրութիւններ են։ Լոյսը եւ խաւարը միշտ կար եւ միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ, քանի որ անոնք ստեղծագործութեան նախնական եւ էական տարրերն են։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ ծաւալուն աշխատանք:
«Հայկական աշխարհը համացանցի վրայ» խորագրեալ երկօրեայ գիտաժողովը արժանացաւ ուշադրութեան:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորութիւնը նախատեսուած է յաջորդ ամիս։ Պաքուի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ պիտի մասնակցի Թրքական աշխարհի ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համաժողովին։
Թուրքիա հետզհետէ կը նուազեցնէ արտասահմանէն կախուածութիւնը՝ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս:
Փեքինի եւ Մոսկուայի հետ հաստատուած համագործակցութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ Անգարայի առջեւ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կանանց իրաւունքներու պաշտպանները շատ կը սիրեն օգտագործել այս ասոյթը. «Իւրաքանչիւր յաջող մարդու ետին կայ կին մը»: Թէեւ սրամիտներն ալ կ՚աւելցնեն. «Իւրաքանչիւր ձախող մարդու ետին կան երկու կիներ…»: Որո՞նք են բռնապետներու ետին կանգնող կիները:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16-ի օրը կը նշենք ծնըն-դեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ հայրենասիրական-ազատագրական վերածնունդին գլխաւոր քարոզիչներէն ու մղիչ ուժերէն Ծերենցի (Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, 1822-1888)։
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ձայնալարերը կը գտնուին խռչափողին-խռչակին (larynx) մէջ: Անոնց մասին խօսելէ առաջ հարկ է, որ ամփոփ ձեւով խօսինք խռչափողի մասին:
ԳԱԼՈՒՍՏ ՔՀՆՅ. ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
Քրիստոսէ առաջ խաչը անարգ՝ սոսկում պատճառող գործիք մըն էր, որուն վրայ մահուան դատապարտուած չարագործները կը քաւէին իրենց յանցանքը։ Սովորաբար երկու կտոր փայտէ շինուած գործիք մըն էր զանազան դիրքերով, որուն վրայ տարածելով դատապարտեալը, կը կապէին կամ կը գամէին զայն մինչեւ որ մեռնէր. երկար ժամանակ մարմինը խաչին վրայ կը մնար. ոչ ոք իրաւունք ունէր մօտենալու եւ ասիկա անշուշտ իբր ազդարարութիւն մարդոց, որպէսզի ոճիր կամ այլ ծանր յանցանքներ չգործեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպցի երգիչ Փօլ կ՚ապրէր մեր հարեւանութեամբ: Անոր ձայնը հեղեղի պէս կը տարածուէր Պուրճ Համուտի բոլոր հին ու նոր թաղամասերու անցքերէն: Մեր կեանքի պատմութեան մէկ օղակն էր Փօլը, որուն չէինք ուզեր կարեւորութիւն մը տալ պարզ անոր համար, որովհետեւ անոր ճակտին փակցուցած էին «Ալա թուրքա» երգիչի պիտակը:
Այս աշնան գործարար ցուցահանդէսներ եւ համաժողովներ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մասին:
Օտար ձեռներէցները պիտի լուսաբանուին երկրի գործարար կեանքի պայմաններուն եւ հնարաւորութիւններուն շուրջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոր Ուխտին խորանը՝ Յիսուս Քրիստոսի Խա՛չն է։
Ուստի Խաչէն կը բխին յարութեան խորհուրդը եւ բոլոր խորհուրդները։ Եկեղեցւոյ կեդրո՛նն է խորանը՝ որուն վրայ Խաչին զոհաբերումը կը ներկայանայ զանազան խորհուրդներու կատարումով՝ ծէսով եւ արարողութեամբ։
Ան միանգամայն Յիսուս Քրիստոսի Սեղանն է՝ դէպի հոն հրաւիրուած է Աստուծոյ Ժողովուրդը։ Եւ կարգ մը ծէսերու մէջ՝ խորանը խորհրդանիշն է նաեւ «Գերեզմանին», քանի որ Քրիստոս ճշմարտապէ՛ս մեռաւ եւ ճշմարտապէ՛ս յարեաւ։ Արդարեւ Յիսուս Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ եւ ցոյց կու տայ, թէ Ինք Իր փառքին մէջ մտնելու համար պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։
Լուիզիանա նահանգէն ներս աղէտը աննախընթաց համեմատութիւններու հասաւ:
Պաթոն Ռուժի մէջ հայ ընտանիքներ ալ տուժեցին վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով:
«Արեւելք» կայքէջը կը տեղեկացնէ.-
«Այնճարի հայութեան դէմ սպառնալիքներ չկան», կայքէջին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան: Խօսելով շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր ապահովութեան մթնոլորտին մասին, անցեալ Մայիսին քաղաքապետի պաշտօնին կոչուած Խոշեան ըսաւ. «Նախ ըսեմ, որ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու, ինչպէս՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ընդհանուր ապահովական իրավիճակը խոցելի է:
Հայալեզու կրթական ծրագիր մը հաւասարազօր ճանչցուեցաւ միջազգայիններուն:
Հայ աշակերտներ պիտի կարենան հարազատ դպրոցի մէջ դաստիարակուիլ մրցունակ ձեւով, հայերէնով յանձնել քննութիւն եւ համահաւասար մուտք գործել աշխարհի լաւագոյն համալսարանները:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտիրու (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցան Ռուսաստանի մէջ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովը, որու աւարտին Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց իր հրաժարականին մասին։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ երկրի հասարակութիւնը տակաւին կը մնայ բեւեռացած, ուստի պէտք են նոր մօտեցումներ։ «Իմ ամբողջ քաղաքական կենսագրութեան ընթացքին ես պայքարած են քաղաքական անջրպետներու դէմ՝ աշխատելով համագործակցութեան կամուրջներու կայացման համար», աւելցուց ան։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Երէկ երեկոյեան ան ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Պերլին Անգարայի կողմէ յառաջ քշուած նախապայմանը կատարած է՝ Պունտեստակի որոշումէն վերջ:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Հասկցան, որ քմահաճ վերաբերմունք չեն կրնար ցոյց տալ Թուրքիոյ հանդէպ»: