Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի յոբելեանին առթիւ տեսակցութիւն՝ «Ազգ»ի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի հետ:
«Մարդկանց կը թուի, որ իրենք եթէ պատերազմի հերոս են, ուրեմն կրնան նաեւ ղեկավարել։ Այս մտայնութիւնը տակաւին չէ փոխուած»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի գլխաւոր յատկութիւններէն մին է անոր «միութիւնը»ը։ Ուստի «միութիւն» ըսելով կը հասկնանք այն՝ թէ ունի մէ՛կ գլխաւոր նպատակ՝ որ անոր գրեթէ իւրաքանչիւր էջին վրայ կը տեսնուի սկիզբէն մինչեւ վերջը։
ԳԵՐՅ. Հ. ՅՈՎՍԷՓ Ծ. Վ. ԹՈՓԱԼԵԱՆ
Արհի. Գերպծ. Տ. Յովհաննէս Արքեպս. Չոլաքեանի յաւերժական երթին առիթով (1919-2016)
Կա՛ց, Գերապայծառ Տէր,
կա՛ց, Արհիապատիւ Հայր...:
Ո՛չ իսկ լուր մը տուիր Քու մեկնումիդ...:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
30 Ապրիլ 1911 թուակիր Հայ Մամուլի մէջ կը հանդիպինք հետաքրքրական հատուածներու՝ որոնք կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ բաղդատելու եզր մը՝ անցեալի դէպքերը եւ ներկան։ Ուստի, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, ներկան լաւ հասկնալու համար, պէտք է ատեն ատեն նայիլ անցեալի իրադարձութիւններուն։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան նախկին բազմամեայ վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան Գերապայծառին մահը մեծ ցաւ ստեղծած է պոլսահայ կեանքէն ներս։ Տասնամեակներ շարունակ իր հօտը հովուած Չոլաքեան Գերապայծառ կը վերյիշուի իր մարդկային առաքինութիւններով եւ իր հարուստ կենսագրութեամբ։
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ զրուցեցինք յայտնի լրագրող-հրապարակագիր, վերլուծաբան եւ «Անի» ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար Թաթուլ Յակոբեանի հետ։ Ստորեւ մը ներկայացնենք այս տեսակցութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն:
Էրտողան. «Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը ու կը շարունակէ աշխատիլ՝ այդ երկրէն ներս թռիչքներու համար փակ գօտիի մը ստեղծման նպատակով։ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը քաջալերէ այն ուժերը, որոնք Իրաքի մէջ կը ձգտին ահաբեկիչներէն ազատագրել Մուսուլ քաղաքը»:
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հանրապետական մաղթանք՝ Երեւանի մէջ:
«Միայն հզօր պետութիւնով մը կրնանք սատարել սփիւռքի հայապահպանման ջանքերուն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որդեսիրութիւնը, մարդկային ամենէն բնական եւ նո՛յնքան անկեղծ զգացումներէն մէկն է։ Խորհեցէք անգամ մը սիրելի՜ բարեկամներ. ո՞վ իր զաւակը ամէն կեղծիքէ ամէն արուեստական արտայայտութիւններէ զերծ, սրտանց չի սիրեր։
Ռիոյի ողիմպիականներուն Հայաստանի համար մետայլներ ապահոված մարզիկները շաբաթավերջին կազմակերպուած մասնաւոր երեկոյթով մը մեծարուեցան Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն այս առթիւ 1 միլիոն տոլար արժողութեամբ բնակարաններ նուիրեց Արթուր Ալիքսանեանին եւ Միհրան Յարութիւնեանին, որոնք ոսկի եւ արծաթ մետայլներ ապահովեցին երկրին համար։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արմաւենի Միրօղլու ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հարցազրոյց մը տուաւ՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած իր գրքի շնորհանդէսէն վերջ:
«Ես պարտաւորուեցայ թերթերու տողերուն ընդմէջէն որսալ նիւթերը, հիմնականօրէն ուսումնասիրած եմ արեւմտահայ մամուլը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ, որոնք վերջին շրջանին այցելեցին Հայաստան։ Մասնագէտներու այս խումբը կը գլխաւորէր Տքթ. Ժան Փիէռ Պէրպէրեան։
Էսաեան վարժարանին մէջ երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցաւ 2016-2017 կրթական շրջանը։ Ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները։
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը կը սգայ իր նախկին բազմամեայ վիճակաւորին՝ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան Գերապայծառի վախճանումը։ Յառաջացեալ տարիքի մէջ ի Տէր հանգած է Գերապայծառը, որ անջնջելի հետք մը թողած է Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան տարեգրութեանց մէջ։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան գումարեց 2016-2017 եղանակի առաջին ժողովը՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Հրեայ համայնքը որոշած է այլեւս առանձին վարուիլ եւ դիմել պետութեան՝ մէկ անգամուան համար առկախեալ կանոնադրութեամբ ընտրութիւններու ձեռնարկելու արտօնութիւնը ապահովելու նպատակով:
«Կոմիտաս» թանգարանի երդիքին տակ ծրագիր. «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը»:
Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան պատուեց Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին ձօնուած ձեռնարկը:
Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ երէկ բացուեցաւ «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ-2016» տօնավաճառը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիսացաւ բացման արարողութեան պատուոյ հիւրը։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, թէ «Եփրատի վահան» գործողութիւնները կը շարունակուին իրաւական ինքնապաշտպանութեան շրջագծին մէջ եւ Թուրքիա աչք չէ դրած որեւէ այլ երկրի հողերուն։
Իսթանպուլի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Միջազգային ճատրակի բաց մրցաշարքը։ Մինչեւ տասներկու տարեկաններու դասաւորման մէջ այս մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Մասիս Քարա, որ խաղերը առանց պարտութեան աւարտելով բաժնեց երկրորդ կարգը։
Երեւանի մէջ, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ երկու արուեստագէտներու՝ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի համերգը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին շրջագծով տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։