Արխիւ
Յառաջիկայ Սեպտեմբերի 14-ին Աթէնքի մէջ, Յունաստան, տեղի պիտի ունենան ՈՒԷՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Ամերիկեան Apple ընկերութեան 7-րդ սերունդի iPhone-ի առաջին խմբաքանակը, ըստ չինական լրատուամիջոցներու, արդէն արտահանուած է այլ երկիրներ: Մատակարարուած գրպանի հեռաձայններու ընդհանուր թիւը 371 հազար է:
Իրանի Սպահան քաղաքի հայկական Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին ներառուած է Իրանի այն տեսարժան վայրերու ցանկին մէջ, որոնք պարտադիր են բրիտանացի զբօսաշրջիկներու այցելութեան համար: Ցանկը կազմած է բրիտանական International Business Times-ը:
Աւստրալիոյ խորհրդարանի 45 -րդ նստաշրջանին Կոլտշթէյն համայնքէն երեսփոխան ընտրուած Թիմ Ուիլսըն առաջին խորհրդարանական ելոյթին ընթացքին խօսեցաւ իր հայկական արմատներուն մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ տեղւոյն աւանդութեան, ան խորհրդարանական իր առաջին ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ արմատներուն եւ ընտանիքի պատմութեան։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էվա Վրայլան, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ շնորհաւորեց դեսպանը նոր պաշտօնին բերումով ու մաղթեց յաջողութիւններ։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ վաղը պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Ան երկօրեայ շփումներ պիտի ունենայ Անգարայի մէջ։
6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերը վերյիշուեցան զանազան ձեռնարկներով:
Կալաթասարայի հրապարակին վրայ ցոյց, «Քարանլըք իշլէր»ի մէջ հետաքրքրական ասուլիս:
Թուրք զինեալ ուժերը նպատակասլաց քայլերով յառաջ կը տանին «Եփրատի վահան» լայնածաւալ գործողութիւնները:
Ուաշինկթըն կը փափաքի Ռաքքայի համար աշխատիլ Անգարայի հետ, սակայն համամիտ չէ Սուրիոյ մէջ թռիչքներու փակ գօտիի մը ստեղծուելուն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ, Մատենադարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը:
Հրաչեայ Թամրազեանի յուղարկաւորութիւնը առիթ հանդիսացաւ իր խօսքերու վերյիշման. «Կեանքի առեղծուածը դեռ չենք բացայայտած, սակայն ամէն ինչ մարդու մէջ է թէ՛ կեանքի առեղծուածը եւ թէ կեանքի իմաստը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը։ Բացման նիստին Նորին Սրբութիւնը ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն փոխանցեց իր հայրապետական օրհնութիւնն ու պատգամը։
Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբի նախագահ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ տնօրէն խորհուրդի անդամներ նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ 2 Հոկտեմբերին կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով պիտի նշուին դպրաց դասու եւ երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները՝ տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ գլխաւորուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Արցախի մէջ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է հիմնանորոգուած Երեւանի Չայքովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի բացման արարողութեան։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի «Պատմութիւններ ճանապարհէն» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը ստեղծած է լայն ու դրական արձագանգ:
«Ինծի համար Արա Կիւլէրը շատ հարազատ է, սրտիս մօտ են՝ անոր քաղաքի դրուագները, իր նկարած Իսթանպուլի կեանքը»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կարգ մը մանկական խաղեր կարծես կը բացայայտեն խոշոր ճշմարտութիւններ: Այսպէս, մանկութեանս՝ երբ տուները այսքան խիտ չէին, ընդհանրապէս դպրոցական ազատ պահերը մօտակայ փոքր ու մեծ դաշտերու մէջ կ՚անցընէինք եւ հոն զանազան խաղերու ենթակայ տղաք կ՚ըլլային. ամէն ոք իր նախընտրութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք մարդ էակին մասին՝ որ իր արարչութենէն ի վեր միշտ «անծանօթ» մըն է, թէ՛ իր էութեամբ, թէ՛ իր արարքներով։ Տքթ. Ալեքս Գառէլ, իր «Մարդը՝ Սա Անծանօթը» գիրքին մէջ (1901) կ՚ուսումնասիրէ մարդ էակը, բայց ան կը մնայ միշտ «անծանօթ» մինչեւ այսօր, որպէս անլուծելի «հարց» մը՝ իր մարմնական, հոգեկան եւ մտային էութեամբ։
2018 թուականին կայանալիք ֆութպոլի համաշխարհային առաջնութեան ընդառաջ որակաւորման փուլի խաղերը արդէն ընթացքի մէջ են։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը որակաւորման փուլի պայքարին դըժ-բախտաբար սկսաւ պարտութեամբ։
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն տեղեկացուց, որ համաձայնած է միջազգային իրաւաբաններու հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեանի Ռիոյի Ողիմպիականներուն ընթացքին ենթարկուած անարդարութեան դէմ պայքարելու համար կոմիտէն պիտի համագործակցի միաջազգային իրաւաբաններու հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած «G-20»ի գագաթաժողովին ընթացքին հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ առաջարկը՝ Սուրիայէ ներս 95 քիլօմեթր երկարութեամբ ու 40 քիլօմեթր խորութեամբ անվտանգութեան գօտի մը ստեղծելու ուղղութեամբ, թռիչքներու փակ ձեւով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց իր շփումները Չինաստանի մէջ, ուր վերջին օրերուն մասնակցեցաւ «G-20»ի գագաթաժողովին։ Ան արդէն վերադարձաւ Թուրքիա։ Իր ուղեւորութեան վերջին օրը Էրտողան Չինաստանի մէջ կարեւոր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի հետ։