Արխիւ
ՍԵՒԱՆ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ
Որեւէ ազգ կը բնորոշուի իր սեփական ժառանգութեամբ՝ լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, աւանդութիւն, բարք եւ սովորութիւն… Լեզուն հիմնական կռուանն է ազգի մը ներկայութեան եւ գոյատեւման. մանուկ հասակէն կը սկսինք անով թոթովել, խօսիլ, կարդալ, գրել եւ ստեղծագործել, որովհետեւ առանց լեզուի դժուարութիւն պիտի ունենանք ապրելու եւ գոյատեւելու:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Սփիւռքի հայ գրականութեան երկու նուիրեալներ՝ Պօղոս Սնապեան եւ Շահանդուխտ, որոնց այնքան կը փափաքէի հանդիպիլ տարի մը առաջ ծննդավայրս՝ Լիբանան այցելութեանս ընթացքին, սակայն… Սնապեան, արդէն իսկ միացած էր անմահներու փաղանգին, իսկ Շահանդուխտ, տեսողութեան դժուար պայմաններու պատճառով, ակամայ հանգստեան կոչուած էր:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
91 տարեկանին, վերջերս, մեզմէ հեռացաւ հայ երգի թագուհին՝ Օֆելիա Համբարձումեանը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրեր առաջ իր լրումին հասաւ Իրաքի Մուսուլ քաղաքի ՏԱՀԷՇ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ գրաւման երկրորդ տարին: Մինչ իրաքեան բանակը կը յայտարարէր Ֆալլուժան այդ ահաբեկչական խմբաւորման ճիրաններէն ազատագրելու մասին լուրը, Իրաքի Վարչապետ Հայտար Ապատի մամլոյ ասուլիս մը տալով կը վստահեցնէր, որ իրաքեան բանակը կը պատրաստուի «արշաւել» դէպի Մուսուլ:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը 2015-2016 կրթական շրջանի աւարտին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան հունձքին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունիս 21-ին, 16 տարի առաջ, Սիաթըլի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գերման մշակոյթի մեծագոյն միտքը՝ Եոհան Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէ կ՚ըսէ, թէ՝ «Հրաշքը բնութեան օրէնքին մէկ բացառութիւնն է»։ Ուստի կեանքի բնական ընթացքին մէջ, երբեմն շեղումներ կը պատահին, որոնք կը փոխեն կեանքի ընթացքը։
Այս շաբաթավերջին Հայաստան համայն քրիստոնեայ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին։
Վեհափառ հայրապետն ու Սրբազան Պապը եղբայրաբար ողջագուրուեցան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի աւագ խորանին վրայ - Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ խաղաղութեան աղօթք։
Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման մասին առաջարկը։
Brexit-ի արդիւնքը բառին բուն իմաստով ցնցած է ամբողջ աշխարհը։ Այլեւս յայտին է, որ Անգլիա դուրս պիտի գայ Եւրոմիութենէն։ Պրիւքսել առանց Լոնտոնի պիտի շարունակէ իր ճանապարհը, մինչ կողմերը անխուսափելիօրէն պիտի դիմագրաւեն հետեւանքներ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիա հրաւիրուած է Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ Յուլիսի 1-ին տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ։
Թուրքիա երէկ դարձեալ սուգի մատնուեցաւ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով։ Երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ ահաբեկչական յարձակումները հերթական անգամ ունեցան ծանր հետեւանքներ։
«Ներքաղաքական գործընթացներու իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» խորագրեալ գիրք մը։
Աբրահամ Գասպարեանի աշխատութիւնը լոյս կը սփռէ տարածքաշրջանի առարկայական պատկերին վրայ։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթներուն։ Թիֆլիզի ղեկավարութեան կողմէ պիտի հիւրընկալուի եռակողմանի այս հերթական հանդիպումը։
Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագրին համար կը գործադրուին ջանքեր:
Մինչեւ շինարարութեան աւարտը բեռնափոխադրումները պիտի կատարուին ցամաքի ճանապարհով:
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը յառաջիկայ աշնան մեծ շուքով պիտի նշուի ԱՄՆ-ի մէջ:
Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները համախումբ աշխատանքի ձեռնարկած են՝ ծրագիրը վերջնականօրէն մշակելու համար:
«Արեւելք» կայքէջէն կ՚արտատպենք հարցազրոյց մը, որ կատարուած է հալէպահայ երկար տարիներու կրթական մշակ եւ հրապարակագիր՝ Լալա Միսկարեան-Մինասեանին հետ: Հարցազրոյցի հեղինակն է Սագօ Արեան։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.
Երկար տարիներու լճացումէ ետք, այնպէս կը թուի, թէ ֆրանսահայութիւնը, գոնէ անոր մէկ հատուածը սթափած է, թմբիրէն արթնցած եւ անդրադարձած է նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան:
Անգլիոյ մէջ երէկ ժողովուրդը քուէատուփի մօտ փութաց՝ որոշելու համար, թէ երկիրը պէտք է շարունակէ մնալ Եւրոմիութեան կազմէն ներս, թէ ոչ։ Brexit կոչուած այս հանրաքուէն օրերէ ի վեր առաջնահերթօրէն կը զբաղեցներ ինչպէս այդ երկրին, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան օրակարգը։
Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն մէջ գագաթնային փուլ մը:
Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Պապը կ՚ողջագուրուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ խաղաղութեան աղօթքով:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջնակարգի շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ 2015-2016 տարեշրջանի աւարտին միջնակարգը տուաւ իր 57-րդ ընթացաւարտները։