Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2016

Ա­մե­րի­կեան «Սի.Պի.Էս.» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նին կա­տա­րած մէկ հար­ցա­խոյ­զը ցոյց տուաւ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հու­թեան Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու Հի­լը­րի Քլին­թը­նի քուէար­կող­նե­րուն մօտ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւ­նը 6 կէ­տով կը գե­րա­զան­ցէ Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու Տա­նըլտ Թրամ­փի ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք նշա­նա­կուե­ցաւ Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան հա­մա­տեղ յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ան այս պաշ­տօ­նին կո­չուե­ցաւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի կար­գադ­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը ար­դէն ե­րեք ա­մի­սէ ի վեր կ՚ու­սում­նա­սի­րէ՝ Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քէն ներս 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րուն պա­տա­հած ման­կապղ­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ պնդում­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին ար­ձա­գանգ գտած էին կարգ մը զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու մօտ՝ Ֆրան­սա­յէն եւ Իս­րա­յէ­լէն։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

«Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» սուրիահայութեան մասին ձեռնարկ մը:
Սարմեն Պաղտասարեան. «Դժբախտաբար Սուրիոյ մէջ որեւէ դրական զարգացում չէ արձանագրուած»:

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

​Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ, Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր դարձեալ կը տեսակցին Սէն Փեթերսպուրկի մէջ:
Փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանի համոզմամբ, նախագահներու հանդիպումը լուրջ փորձութիւն մը կը համարուի Ատրպէյճանի տեսակէտէ:

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ հրա­ժեշտ տրուե­ցաւ այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան պա­տուոյ հիւրն էր շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սին։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւար­նե­րը ան­ցեալ շա­բաթ այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին թա­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղե­ցին։ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին տղա­քը, ո­րոնց փո­խան­ցե­ցին ի­րենց օրհ­նու­թիւնն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

​Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լը բնո­րո­շուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Դպրո­ցէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան զա­նա­զան հան­դէս­ներ, ո­րոնք ա­մառ­նա­մու­տի փու­լին ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

2015-2016 կրթա­կան շրջա­նը հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մեկ­նե­ցան ամ­րան ար­ձա­կուր­դի։ Մինչ այդ, այս մթնո­լոր­տին մէջ, ար­դէն հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս հետզ­հե­տէ ար­ձա­գանգ կը գտնեն դպրոց­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ վար­չա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս յատկանշական հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
Երուսաղէմի միաբաններէն Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պուրճէքեան նշանակուեցաւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ՝ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ:

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն գոր­ծադ­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րուե­ցաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին եւ Ս. Վլա­տի­միր ուղ­ղա­փառ ճե­մա­րա­նին (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) մի­ջեւ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին օրհ­նու­թեամբ, ստո­րագր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

Արամ Խաչատուրեանի ի յիշատակ խմբավարներու 12-րդ միջազգային մրցոյթը:
WFIMC-ի 60-րդ ընդհանուր ժողովը վերջին օրերուն գումարուեցաւ Երեւանի մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը խոր­հիմ եր­բեմն, երբ յա­ճախ կը լսենք սա խօս­քը, թէ՝ «մարդ սխա­լա­կա՛ն է», ար­դեօք պատ­րուակ մը, կամ ար­դա­րա­ցո՞ւմ մըն է, եւ կամ կեղծ պատ­ճառ մը մար­դուս գոր­ծած սխալ­նե­րուն հա­մար։ Կա­րե­լի է խոր­հիլ, թէ «դի­մա՛կ» մըն է այս խօս­քը սխա­լանք­նե­րը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016

Յետ­մի­ջօ­րէի քա­նի մը ժա­մե­րուն եղ­բօրս կա­ռա­տու­նը շատ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով մարդ կը հա­ւա­քուէր, քան՝ հայ­կա­կան ա­կումբ­նե­րը:  Ա­նի­կա դար­ձած էր ան­պաշ­տօն «ա­կումբ» մը:

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պատ­մու­թեան ա­մէն շրջա­նին ե­ղած են ան­ձեր՝ ո­րոնք դրա­կան կամ բա­ցա­սա­կան, ըն­թացք տուած են ընդ­հա­նուր ըն­կե­րա­յին կեան­քին եւ նաեւ ե­կե­ղե­ցիին։ Ա­նոնք եր­բեմն օգ­տա­կար, եր­բեմն վնա­սա­կար, եր­բեմն շա­հա­դի­տու­թեամբ, եր­բեմն նուի­րա­կան ո­գիով՝ ծա­ռա­յա­սի­րու­թեամբ դրոշմ եւ հետք թո­ղած են ժո­ղո­վուր­դի մը ճա­կա­տագ­րին վրայ։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016

Գում­գա­բուի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փայ­լուն հան­դի­սու­թիւ­նով մը հրա­ժեշտ տուաւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Ա­ւան­դա­կան հրա­ժեշ­տի ե­րե­կոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ, ուր ըն­թա­ցա­ւարտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րու շուրջ։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դպրո­ցի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րու հան­դի­սա­վար­ներն էին Ա­լեք­սան Զա­րու­քի եւ Լու­սին Չաղ­լը։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հրա­ժեշտ տուաւ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի այս տարուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­կար­գի բաժ­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի զոյգ տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Սա­թե­նիկ Նշան եւ Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ, Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016

Հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ըն­թա­ցա­ւարտ դա­սա­րան­նե­րէ ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք կրօն­քի դա­սե­րուն մէջ լա­ւա­գոյն ար­դիւնք­նե­րը ձեռք ձգած էին, 16 Յու­նիս 2016, Հինգ­շաբ­թի, ժա­մը 18.00-ին, հա­մախմ­բուե­ցան Պատ­րիար­քա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ։ Հան­դի­սու­թեան նա­խա­գա­հեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Էջեր