Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ ե­րէկ ստո­րագ­րուած հրա­մա­նագ­րի մը հի­ման վրայ՝ Եւ­րո­խոր­հուր­դի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ նշա­նա­կուե­ցաւ Պա­րոյր Յով­հան­նի­սեան։ Այս ա­ռա­քե­լու­թեան նստա­վա­յը կը գտնուի Սթրազ­պուր­կի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016

Ան­գա­րա-Մոս­կուա առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ Ռու­սաս­տա­նի ուղ­ղեալ շար­ժոյ­թով մը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ Ռու­սաս­տա­նի ազ­գա­յին օ­րուան առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ­ներ ու­ղար­կե­ցին ի­րենց պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն՝ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին եւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016

​Փութին այս Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի մէկտեղէ Սարգսեանն ու Ալիեւը:
Յունիս 20-ին Մոսկուայի ջանքերով պիտի շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ քննարկումները:

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016

Հա­յաս­տա­նի ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը (ՀԱՀ) տե­ղե­կա­ցուց, թէ ընդգր­կուած է Թուր­քիոյ կող­մէ ճանչ­ցուած հա­մալ­սա­րան­նե­րու ցան­կին մէջ։ ՀԱՀ-ի վկա­յա­կան­նե­րու հա­մար­ժէ­քու­թեան վե­րա­բե­րեալ ամ­բող­ջա­կան տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը ար­դէն հա­սա­նե­լի է Բարձ­րա­գոյն ուս­ման խոր­հուր­դի (YÖK) պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհահռչակ դաշնակահարը Երեւանի մէջ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը ստանալէ վերջ վառ զգացումներով հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Շահան Արծրունի. «Չեմ ուզեր բացարձակապէս ընել որեւէ բան, որ ըլլայ Հայաստանի դէմ, անմիջական կապեր հաստատած եմ երկրին հետ»:

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ե­րի­տա­սարդ ու տա­ղան­դա­ւոր ու­ժե­րէն Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու ներ­կա­յիս կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր հմտու­թիւն­նե­րը։ «Պահ­չէ­շէ­հիր» հա­մալսա­րա­նէն ներս ան վեր­ջին շրջա­նին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է երգ­չա­խում­բի դպրո­ցի խմբա­վա­րու­թեան ծրագ­րին։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Նա­րօտ Դա­լար Ա­կօ­շեան յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է «Մի­մար Սի­նան» գե­ղա­րուես­տից հա­մալ­սա­րա­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցը՝ վկա­յուե­լով կի­սա­ժա­մա­նակ դաշ­նա­մու­րի բաժ­նէն։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ստեղ­ծուած է ո­գե­ւոր մթնո­լորտ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին այս մթնո­լոր­տին հա­մա­հունչ դպրո­ցին մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ե­րե­կոյթ մը, որ նա­խա­տե­սուած էր ա­մառ­նա­մու­տը ող­ջու­նե­լու հա­մար։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի Նշխար­հաց Գիւ­տի տօ­նին եւ Գնա­լը կղզիի ե­կե­ղեց­ւոյ ուխ­տի օ­րուան առ­թիւ, շաբաթավերջին, տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ս. Գրի­գոր Լուսա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց մաս­նա­կցե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան, քա­հա­նա­յից դա­սու ան­դամ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Փոխ-վար­չա­պետ Նու­րետ­տին Ճա­նիք­լի յայ­տա­րա­րեց, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տու­թիւն­ներ յա­ռաջ կը տա­նի Գեր­մա­նիոյ դէմ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

​Պունտեսթակի որոշման յաջորդած մթնոլորտին մէջ համայնքային շրջանակները կը ջանան կողմնորոշուիլ՝ զանազան վարկածներու քննարկումով:
Նոյնաժամանակ կարեւոր խորհրդակցութիւններ:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստը, մինչ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս VADİP չորս ժամ տեւողութեան արժեւորեց իրադարձութիւնները: Գիշերուան ժամերուն հոգեւորական դասուն եւ աշխարհական վարիչներուն ներկայացուցիչները միասնաբար փոխանակեցին կարծիքներ: Թէեւ ընդհանուր լիարժէք համաձայնութիւն մը չգոյացաւ, սակայն բոլորը համակարծիք էին՝ համայնքէն ներս պառակտման մը տպաւորութիւնը կանխելու ուղղութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժո­ղով մը գու­մա­րեց Գում­գա­բուի մէջ։ VADİP-ի ժո­ղով­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս եւ սկզբուն­քօ­րէն բաց են մա­մու­լին։ Բայց ե­րէ­կուան ժո­ղո­վը դռնփակ էր։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ առ­նուած ծա­նօթ ո­րո­շու­մը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Գեր­մա­նա­կան օ­րէնս­դիր մարմ­նին կող­մէ 1915-ի դէպ­քե­րուն որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­նա­չու­մը մեծ վրդով­մունք յա­ռա­ջա­ցու­ցած է հան­րա­յին կար­ծի­քի գրե­թէ բո­լոր խա­ւե­րուն մօտ՝ քա­նի որ հայ­կա­կան կող­մին տե­սա­կէ­տէ որ­դեգ­րուած է միա­կող­մա­նիօ­րէն։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​1878-ին, նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով, ­Պա­րո­նեան դադ­րե­ցուց «Թատ­րոն»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, բայց շա­րու­նա­կեց մշա­կել եր­գի­ծա­կան նոր գոր­ծեր, ո­րոնք լոյս տե­սան ա­տե­նի հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն կամ ա­ռան­ձին պրակ­նե­րով։ ­Մին­չեւ 1884 եր­կա­րած այդ շրջա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն ե­ղան «Պ­­տոյտ մը ­Պոլ­սոյ թա­ղե­րուն մէջ» եւ «Ծի­ծաղ» գոր­ծե­րը, ո­րոնք ­Պոլ­սոյ հայ կեան­քի եր­գի­ծա­կան քննա­դա­տու­թեան կող­քին՝ քա­ղա­քա­կան բուռն խա­րա­նու­մի են­թար­կե­ցին, այ­լա­բա­նա­կան պատ­կեր­նե­րով, օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­հայ քայ­լերն ու ճնշում­նե­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն երբ պի­տի տօ­նենք «Թարգ­ման­չաց տօն»ը, որ­քա՜ն հա­ճե­լի է տես­նել ա­նոր յա­րա­կա­յու­թիւ­նը ներ­կայ թարգ­մա­նու­թեան մը մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­կե­ղե­ցա­կան եւ առ­հա­սա­րակ ազ­գա­յին-կրօ­նա­կան գրա­կա­նու­թեան հիմ­քը դրուե­ցաւ այն օ­րուը­նէ, երբ 404 թուա­կա­նին մե­ծա­հան­ճար Մաշ­տո­ցը հայ­կա­կան տա­ռե­րը գտաւ եւ ա­ռա­ջին հայ գիր­քը գրուե­ցաւ։ Պատ­մա­կան այս նշա­նա­ւոր անց­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը նկա­րագ­րեն հայ պատ­միչ­նե­րը՝ ցոյց տա­լով այն մեծ ու բազ­մօ­գուտ բա­րիք­նե­րը՝ որ հայ ժոող­վուր­դը այդ փոքր նշա­նա­խէց­նե­րէն ստա­ցաւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

ՆԱ­ՍԱ-ի կա­տա­րած մէկ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ցոյց տուաւ, որ Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­րե­ւե­լեան ա­փի Լի­բա­նա­նը, Սու­րիան, Յոր­դա­նա­նը, Թուր­քիան, Կիպ­րոսն ու Պա­ղես­տի­նը նե­րա­ռող շրջա­նին մէջ, 1998 թուա­կա­նէն ի վեր սկիզբ ա­ռած անձ­րեւ­նե­րու քա­նա­կի նուա­զու­մը ինն տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ա­մե­նէն վատն է:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Հա­յաս­տա­նի տղոց պաս­քեթ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը վեր­ջերս սկսաւ մէկ ամ­սուան ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քի մը՝ պատ­րաս­տուե­լու հա­մար Եւ­րո­պա­յի փոքր եր­կիր­նե­րու ա­խո­յե­նու­թեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ֆլո­րի­տա նա­հան­գի Օր­լան­տօ քա­ղա­քին մէջ, Յու­նիս 11-12-ի գի­շե­րը, միա­սե­ռա­կան­նե­րու յա­ճա­խած գի­շե­րա­բոյ­նի մը մէջ գոր­ծուած է ա­հա­ւոր ջարդ մը:

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016

Եւ­րո­պա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան ֆո­րու­մի խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ի­րենց հեր­թա­կան հա­ւա­քը։ Այս շրջագ­ծով ա­նոնք հիւ­րըն­կա­լուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ այս կա­ռոյ­ցը Եւ­րո­պա­յէ ներս ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մեծ հար­թակ մըն է։

Էջեր