Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Հայաստան-Չեխիա փոխյարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն:
Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ զինուորական հանդիսաւոր արարողութիւնով դիմաւորեց Միլոշ Զեմանը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի նախ­կին ան­դա­մու­հի­նե­րէն Փրլան­թի Սա­րա­ֆեան։ Իր ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կէն ներս մեծ հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած տի­պար ըն­տա­նե­կան մայր մըն էր հան­գու­ցեա­լը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նկատի առնուեցան Վեզնեճիլէրի պայթումին բոլոր ծալքերը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

​Մերքէլ էրտողանի յայտարարութիւններուն պատասխանեց Ալիեւի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան հաւատարմատարը հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րէն մին՝ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Նու­պար Ա­ֆէեան ընտ­րուե­ցաւ Մա­սա­չու­սե­ցի Փոր­ձա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռի (MIT) հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­գամ։ 1 Յու­լիս 2016-ի դրու­թեամբ ան պի­տի ձեռ­նար­կէ պաշ­տօ­նի՝ հինգ տա­րուան ժամ­կէ­տով։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​«Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեան» միջ­միու­թե­նա­կան պասք­եթ­պո­լի մրցա­շար­քին շրջագ­ծով ստեղ­ծուած տհաճ ե­րե­ւոյթ­նե­րը այս օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նեն մեր հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ ստեղ­ծուած ա­մօ­թա­լի ար­ձա­գան­գով հան­դերձ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան բա­ժա­կի օ­րուան ծրագ­րին եզ­րա­փա­կիչ փու­լը նա­խըն­թաց օր մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ՝ ան­ցեա­լի ու ներ­կայ սա­նե­րու հա­մախմ­բու­մով։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պեց այս տա­րուան յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն։ Այս շրջագ­ծով, տաս­նե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին անգ­լե­րէն սքրապ­լի մրցոյ­թը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

​Տուն վե­րա­դար­ձայ եր­կար օ­րուայ մը աշ­խա­տան­քէ ետք: Յոգ­նած էի: Զո­վա­ցու­ցիչ մը առ­նե­լով պատշ­գա­մը սո­վո­րա­կան բազ­կա­թո­ռիս վրայ նստայ, ձայ­նաս­փիւ­ռը միա­ցու­ցի եւ եր­կին­քի աստ­ղե­րը դի­տե­լով փոր­ձե­ցի հանգս­տա­նալ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսած է Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած խմբա­վա­րա­կան մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 12-րդ ան­գամ։ Ձեռ­նար­կը ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վստա­հու­թիւն»ը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ար­դա­րեւ մարդ պէ՛տք է վստա­հի, որ­պէս­զի գոր­ծէ, ա­պա­հով զգայ ինք­զինք եւ հե­ռա­նայ ա­մէն տե­սակ վա­խե­րէն՝ ո­րոնք կը դժուա­րաց­նեն կեան­քի ըն­թաց­քը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ABBA խումբին անդամները երեսունչորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք առաջին անգամ ելոյթ ունեցած են միասնաբար։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին մա­տու­ցուե­ցաւ ամ­րան շրջա­նի ա­ռա­ջին Ս. Պա­տա­րա­գը։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լու­թի։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ա­մե­րի­կա­յի Հայ ա­ւե­տա­րան­չա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Զա­ւէն Խան­ճեանն ու իր կո­ղա­կի­ցը, ո­րոնք այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լեն քա­ղաքս։ Հիւ­րե­րը Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լե­ցին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տուե­լի Գրի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լուի։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Գում­գա­բուի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան։ Ըն­կե­րա­յին կեան­քէ ներս ան­սահ­ման հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած դէմք մըն էր Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան, որ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս ու­նէր մեծ վարկ։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Պատրիարքարանի համալիրին մթնոլորտը առաւել խորհրդաւոր դարձաւ մեծ վարդապետի ներկայութեամբ:
Քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի ստեղծագործութիւնը կը ցոլացնէ պատկառելի կերպար մը, որու ձգողականութիւնը անգնահատելի արժէք կը ներակայացնէ՝ սերունդները մեր ժառանգութեան հաղորդ պահելու տեսանկիւնէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցշարքի կազմակերպչական թերութիւնները ամօթալի մակարդակի վրայ:
Երկու ասորի մարզիկներու մասնակցութեան բերումով յառաջացած խնդիրները անկառավարելի հունի մը մէջ մտան՝ կարգադիր յանձնախումբի անհեռատես ու սիրողական քայլերուն պատճառով: Թերթերն ու հեռուստակայաններն ալ արձագանգ կը հանդիսանան ցաւալի իրադարձութիւններուն, որոնք պատիւ չեն բերեր մեր համայնքին

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­մակ մը ու­ղար­կեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ անդ­րա­դար­ձաւ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման, ինչ որ հա­կազ­դե­ցու­թեան մեծ ա­լիք մը յա­ռա­ջա­ցու­ցած է ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի նա­մա­կին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին հաս­ցէագ­րուած նա­մա­կին թրքե­րէն բնա­գի­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րին հի­ման վրայ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­մէն Գէոր­գեան։ Ե­րէկ, Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի վեր­նա­խա­ւին ներ­կա­յա­ցուց Ար­մէն Գէոր­գեա­նը։

Էջեր