Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2016

«Ե­ռա­գոյն» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-
Վեր­ջին ժա­մե­րուն Նոր Գիւ­ղի մէջ ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հրթիռ­ներ ին­կած են։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պեր­լին։ Յա­ջորդ շաբ­թուան սկիզ­բին՝ Յու­նի­սի 7-ին պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ իր այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։ Իլ­համ Ա­լիեւ Պեր­լի­նի մէջ պի­տի տե­սակ­ցի Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի եւ այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րու հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Երեւանի մէջ այս օրերուն կը ներկայացուին բացառիկ նամականիշեր՝ Հանրապետութեան տօնին առիթով:
Ամերիկայի հայկական համագումարի գրասենեակի երդիքին տակ ստեղծուած է աննախընթաց ոգեւորութիւն:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Իս­թան­պու­լա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն Ա­րամ Գամ­պու­րեան ներ­կա­յիս մեր գրա­սէր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է աշ­խար­հահռ­չակ Սէր­վան­դէ­սի «Պրու­նօ Ֆրանք» գոր­ծին հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Սէր­վան­դէ­սի մա­հուան 400-րդ տա­րե­լի­ցի շրջա­նին զու­գա­դի­պած է այս գոր­ծին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։ Ա­րամ Գամ­պու­րեան գեր­մա­նե­րէ­նէ հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նած է Սէր­վան­դէ­սի գոր­ծը եւ այս աշ­խա­տու­թիւ­նը ձօ­նած է՝ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի իր գեր­մա­նե­րէ­նի ու­սուց­չին՝ հո­գե­լոյս Հայր Հմա­յեակ Ծ. Վրդ. Համ­բա­րեա­նի յի­շա­տա­կին։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի գոր­ծա­դիր մար­մի­նը ե­րէկ գու­մա­րեց ժո­ղով մը։ Հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին ո­րո­շուե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան եօթ­նե­րորդ ա­մառ­նա­յին խա­ղե­րը կազ­մա­կեր­պել Ար­ցա­խի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պա­քու։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին զու­գա­հեռ՝ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին նո­րան­շա­նակ դէմ­քե­րը ի­րենց ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն դէ­պի Ատր­պէյ­ճան։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային The Washington Post կը մատնանշէ համատեղ գոյակցութեան ցանկութեան բացակայութիւնը:
Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք կրկնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կրնան տեսակցիլ ներկայ ամսուան ընթացքին:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Պուն­տես­տա­կի մօտ այ­սօր օ­րա­կար­գի վրայ է հայ­կա­կան հար­ցը։ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը կը քուէար­կէ բա­նա­ձե­ւի մը հա­մար, ո­րու ըն­դուն­ման պա­րա­գա­յին այդ եր­կի­րը իւ­րա­ցու­ցած պի­տի ըլ­լայ այն մօ­տե­ցու­մը, թէ 1915-ի դէպ­քե­րը կը հա­մա­րուին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի ֆութ­պո­լի պա­տա­նի­նե­րու կազ­մե­րը ներ­կայ ե­ղա­նա­կը եզ­րա­փա­կե­ցին ող­ջու­նե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով։ Թաք­սի­մի մին­չեւ 11 տա­րե­կան­նե­րու ֆութ­պո­լի կազ­մը յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ այս ե­ղա­նա­կին ու­նե­ցած բո­լոր հան­դի­պում­նե­րէն ու դար­ձաւ ա­խո­յեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

ԶԻ­ՊԷՉ-ի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րե­ցաւ՝ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փակ­ման առ­թիւ։ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ռըն­թեր գոր­ծող «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԶԻ­ՊԷՉ-ի տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ե­րեք ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք այս տա­րի ար­ժա­նա­ցած են Հայ­րա­պե­տա­կան կրթա­թո­շա­կին։ Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԵ­ՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նա­հայ բե­մադ­րիչ Վա­չէ Պուլ­ղուր­ճեա­նի ա­ռա­ջին գե­ղա­րուես­տա­կան ժա­պա­ւէ­նը վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Քան­նի փա­ռա­տօ­նի «Քննա­դատ­նե­րու շաբ­թուան» բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին: Նախ­քան այդ, լի­բա­նա­նեան «Տէյ­լի Սթար» թեր­թը 13 Մա­յի­սին տպած էր Ճիմ Քիլ­թիի հե­տե­ւեալ յօ­դուա­ծը:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Ե­րե­ւա­նի պու­րակ­նե­րը, հրա­պա­րակ­նե­րը, կա­ռոյց­նե­րու բա­կե­րը կը հարս­տա­նան նոր ար­ձան­նե­րով եւ քան­դակ­նե­րով: Հին ար­ձան­ներ ու կա­ռոյց­ներ վար չեն առ­նուիր, փո­խա­րէ­նը գրե­թէ ա­մէն ա­միս ար­ձան մը, քան­դակ մը կը դրուի քա­ղա­քին մէջ:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ման­կու­թեանս օ­րե­րուն կը յի­շեմ, երբ մեր հա­յա­շատ թա­ղի բնա­կիչ­նե­րը հա­ւա­քուէին, ան­յա­պա­ղօ­րէն ա­նոնց մի­ջեւ կ­­՚ըն­թա­նար ին­ծի հա­մար մա­սամբ ան­հասկ­նա­լի զրոյց մը: Ա­նոնք կար­ծես ան­սա­լով ի­րենց ար­մատ­նե­րու կան­չին եւ զար­մա­նա­լիօ­րէն կրե­լով ի­րենց ար­մատ­նե­րու յատ­կու­թիւն­նե­րը, կը զրու­ցէին ու եր­բեմն նոյ­նիսկ կը վի­ճէին, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ո­ճով ու բար­բա­ռով:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիր­քի մէջ բոյ­սե­րը կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւեն։ Ուս­տի փա­փա­քե­ցանք «ցանկ» մը պատ­րաս­տել եւ հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տալ ա­նոնց մա­սին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ԵՄԻԱ վճիռ արձակեց, որպէսզի Թուրքիա հատուցում վճարէ Յունաստանի քաղաքացի Չիրոփուլոսին:
Պէշիկթաշի մէջ գտնուող տարածքի պարագային 46 միլիոն լիրա փոխարժէք սահմանուեցաւ դատարանին կողմէ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ՄԱԿ-ի շրջա­նակ­նե­րը մտա­հո­գուած են, թէ Ի­րա­քի մէջ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն հար­կա­դիր տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը կրնան թափ ստա­նալ ու որ­պէս հե­տե­ւանք՝ պար­տա­դիր տե­ղա­հա­նեալ­նե­րուն թի­ւը կրնայ կրկնա­պատ­կուիլ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ այս հար­ցը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տան տա­կա­ւին կրնայ շի­նիչ դեր մը խա­ղալ հա­մաշ­խար­հա­յին գոր­ծե­րուն մէջ։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա միայն պի­տի շա­հի, ե­թէ հա­մա­գոր­ծակ­ցի դա­շին­քին հետ։ Ե­րէկ, Վար­շա­ւիոյ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Սթոլ­թեն­պերկ ը­սաւ.

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

Չե­խիոյ Նա­խա­գահ Մի­լոշ Զե­ման կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, 8-10 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն Մի­լոշ Զե­ման նախ պի­տի այ­ցե­լէ Մա­կե­դո­նիա, ա­պա Հա­յաս­տան։

Էջեր