Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նը, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Լիւս­քեմ­պուրկ։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի Քի­լիս քա­ղա­քը շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ան­գամ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ ար­ձա­կուած հրթիռ­նե­րու թի­րա­խը դար­ձաւ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ար­ձա­կուած եր­կու հրթիռ­ներ ին­կան այս քա­ղա­քը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 65-րդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին վստա­հու­թեան քուէ ստա­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին կող­մէ։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը խորհր­դա­րա­նի վստա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ՝ 315 ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ տրուած քուէ­նե­րով։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Սարտարապատի յուշահամալիրի տօնակատարութիւններուն:

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտի կողմէ Իսթանպուլի առումին 563-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ Ենիգաբուի հրապարակին վրայ, հոծ բազմութեան մը առջեւ:

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հա­յաս­տա­նի վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ եզ­րա­փա­կուե­ցաւ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նը։ Երկ­րի բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րէն ներս հնչեց վեր­ջին զան­գը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը այս Հինգ­շաբ­թի պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձեւ մը։ Յու­նի­սի 2-ին Պուն­տես­տակ օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի ու­նե­նայ նա­խա­գիծ մը, ո­րուն մէջ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը կը բնո­րո­շուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ե­թէ այդ բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նուի, ա­պա Պեր­լին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած պի­տի ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բոյ­սե­րու տե­սակ­նե­րը միշտ կա­րե­ւոր տեղ մը գրա­ւած են մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ՝ թէ՛ որ­պէս սնունդ եւ թէ խորհր­դա­նիշ այլ եւ այլ գա­ղա­փար­նե­րու, խոր­հուրդ­նե­րու։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ապրուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ելն ի Վի­րա­պի տօ­նին, Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան եւ հիմ­նադ­րու­թեան 181-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հեր­թա­կան գի­տա­կան խրախ­ճան­քը։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս ծրա­գի­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կեան­քի կը կո­չուի հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն եւ ար­դէն ստա­ցած է ա­ւան­դա­կան բնոյթ մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ե­րէկ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան դպրո­ցի հիմ­նա­դիր­նե­րը, սա­տա­րող­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներն ու բո­լոր սա­նե­րը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից տա­րե­կան հա­ւա­քին առ­թիւ։ Ա­ւան­դա­կան այս հան­դի­պու­մը հան­դի­սա­ցաւ սե­րունդ­նե­րու մեծ ու խան­դա­վառ ժա­մադ­րու­թեան մը թա­տե­րա­բե­մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին միջվարժարանային անդրանիկ նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
«Պողազիչի» համալսարանի «Կարանթի» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ օրուան տեւողութեան ներկայացուեցան հայկական ժողովրդական բազմաթիւ պարեր:

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նի շա­բա­թա­վեր­ջին պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» շքան­շա­նով՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կար­գադ­րու­թեամբ։ Մա­յի­սի 28-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նին շրջագ­ծով կա­տա­րուե­ցաւ Շա­հան Արծ­րու­նիի պար­գե­ւատ­րու­մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց Կա­թո­ղի­կէ Սուրբ Էջ­միած­նի բերկ­րա­ռատ տօ­նը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ՝ Տա­ւու­շի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեա­նի։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ շա­բա­թա­վեր­ջին ստո­րագ­րուած հրա­մա­նագ­րին վրայ՝ Տիգ­րան Մկրտչեան նշա­նա­կուե­ցաւ Լիթ­վա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան։ Ան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի սկսի պաշ­տօ­նա­վա­րել Վիլ­նիու­սի մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016

Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլք­քան» սրա­հին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, պա­րի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ե­լոյթ­նե­րու փա­ռա­տօ­նը։ Յայ­տագ­րին շրջագ­ծով տղա­քը հան­դէս ե­կան հա­յե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն ե­լոյթ­նե­րով։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս ծա­փա­հա­րե­լի շարք մը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած են մարմ­նա­մար­զի բնա­գա­ւա­ռին մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ վեր­ջին օ­րե­րուն ապ­րուե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Դպրո­ցի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ այս առ­թիւ ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

Էջեր