Արխիւ
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի սաներու տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Փոքրիկները հանդէս եկան թատերակներով, պարերով եւ խմբերգներով։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի սաներու տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Փոքրիկները հանդէս եկան թատերակներով, պարերով եւ խմբերգներով։
Յայտնի արուեստագիտուհի Ճուլիա Մութլուի խումբը ներկայիս կ՚այցելէ Սոֆիա։ 35 հոգիէ բաղկացեալ կազմը Սոֆիայի մէջ հանդէս պիտի գայ «101 տարի, 101 տարազ» խորագրեալ ելոյթով։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Տղաքը այս առթիւ ներկայացուցին իրենց արտադասաժամային գործունէութիւններուն ընթացքին տարած աշխատանքին արդիւնքը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ներքին թեմերու քահանայից տարեկան ժողովը։ Այսպէս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ համախմբուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 45 միաբաններ եւ 184 քահանաներ, որոնք հոգեւոր ծառայութիւն կ՚իրականացնեն Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ներս։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ շաբաթուան ամենէն յատկանշական իրադարձութիւնը կարելի է համարել «Երեւան էքսփօ» ցուցասրահին մէջ բացուած «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսն ու անոր կից՝ ֆորումը:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Ինչ լաւ եղաւ, երբ Սփիւռքի հայութիւնը արհեստական արբանեակներու միջոցով սկսաւ վայլել Հայրենիքի հեռուստակայանները: Սփիւռքաբնակ հայու բառապաշարը հարստացաւ, նախադասութիւններու շարահիւսութիւնն ու արտայայտութիւններու դարձուածքները առաւել կոկիկ դարձան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անտեսանելին տեսնել, անլսելին լսել, աննկարագրելին փորձել նկարագրել… այս բոլորը դժուար են, բայց ո՛չ անկարելի։
Պունտեստակի մօտ Յունիսի 2-ին քննարկուելիք հայկական բանաձեւին ընդառաջ այցելութիւն դէպի Երեւան:
Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Էտէլկարտ Պուլման տեսակցեցաւ Սարգսեանի եւ Նալպանտեանի հետ:
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Սաղիմահայ համայնքի անդամներէն Սերովբ Սահակեան յայտնեց, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը ջանայ իւրացնել իր հօրենական տունը։
Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Փիթըր Թէշ, որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ, երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի խմբավար Հրանդ Չիզէմճեանը, որուն կ՚ընկերանային Շմաւոն Տավուլճեան եւ Գլոտին Էժտէրեան։
Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի թատերախումբին երէկուան առաջին ներկայացումը փայլուն անցաւ:
Սարօ Սիրականեանի կողմէ բեմադրուած «Թիւ 5 խելագարը» յաջողութիւն արձանագրեց՝ արժանանալով թատերասէրներու ծափերուն:
Երեւանի Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ (ԳԱԿ) պաշտօնապէս բացուած է քանդակագործ, Ալեքսանդր Թամանեանի արձանի հեղինակ Արտաշէս Յովսէփեանի «Սասունցի Դաւիթ» որմնաքանդակը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ հռչակաւոր արուեստագէտ, յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունի յառաջիկայ օրերուն բարձր պարգեւի մը արժանի պիտի դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան կողմէ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է Շահան Արծրունին պարգեւատրել «Մովսէս Խորենացի» մետայլով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսաւոր ցերեկոյթ մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Մեծարման ցերեկոյթը կազմակերպուած էր ի պատիւ Ճեմարանի դասախօսներէն Տ. Եղիշէ Ա. Քհնյ. Սարգսեանի, Պարգեւ Շահպազեանի եւ Պետրոս Պետիրեանի։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ բռնարարք մը կատարեց այն ցամաքուղիին վրայ, որ կը միացնէ Վանի Չալտըրան եւ Աղրըի Տողուպէյազըտ գաւառակները։ Ճանապարհի երթեւեկութիւնը արգելափակած ահաբեկիչները Սողուքսուի շրջանէն ներս հրկիզեցին տասն բեռնատարներ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի նախարարաց խորհուրդը այսօր կը գումարէ անդրանիկ ժողովը, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ:
Նոր Սահմանադրութիւնն ու նախագահական դրութեան հաստատումը կը դասուին առաջնահերթ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ վերջերս կը փոխանցէին «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան կարեւորագոյն ղեկավարներէն համարուած Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տինի սպանութեան լուրը: Բօթը կը փոխանցուէր նախ «Հիզպուլլահ»ի բանբեր հանդիսացող կայաններուն, ապա կը տարածուէր ամբողջ արաբական մամուլին կողմէ:
ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովին ընթացքին տարակարծութիւններու դրսեւորում:
Փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեան Իսթանպուլի իր ելոյթին մէջ ընդգծեց Իլհամ Ալիեւի անձնական պատասխանատուութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն շրջագծով: