Արխիւ
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն բանաստեղծութեան, պարի եւ երաժշտութեան ելոյթներու փառատօնը։ Յայտագրին շրջագծով տղաքը հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ելոյթներով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աշակերտները վերջերս ծափահարելի շարք մը յաջողութիւններ արձանագրած են մարմնամարզի բնագաւառին մէջ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ վերջին օրերուն ապրուեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնի խանդավառութիւնը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
«Ակօս» շաբաթաթերթին հիմնադրութեան 20-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագրին շրջագծով:
Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին քննարկուեցան ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու իրաւունքներուն շուրջ հարցեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամ Մելգոնեան վարժարանի շէնքը տեսայ 1999 թուականի Նոյեմբերին: Սեւ ու բարձր դարպասները կը բաժնէին աղմկոտ Նիկոսիան 1924 թուականին առաջին անգամ ըլլալով զանգ հնչեցուցած Մելգոնեան կրթական հաստատութեան (ՄՀԿ) տարածքէն: Տարածքը նաեւ կը յուշէր, որ Մելգոնեանը միայն քարեղէն ամրոց մը չէր, այլ ոգի էր:
«Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու ժողովը:
«Մարաթոն-2016» հանգանակութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արցախի վերականգման ծրագրերուն:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Երէկ, Մխիթարեան վարժարանին մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ հաստատութեան երիցագոյն սաներէն Եդուարդ Գովանի, որու պատրաստած թրքերէն-հայերէն ասութիւններու բառարանը լոյս տեսաւ վերջերս։
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան հովանիին տակ գործող «Ճէմ Քարաճա» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը։ «Ույկուր» թատերախումբին կողմէ ներկայացուեցաւ «Փաթրոն չըլտըրտը» անուն խաղը, որու բեմադրիչն է Պիրոլ Էնկելէր։
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Ան շուրջ շաբաթ մը մնաց քաղաքիս մէջ եւ իր կեցութեան օրերուն իջեւանեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կիպրոսի սրտին վրայ հանգչող Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը (ՄԿՀ) 2005 թուականէն ի վեր չի գործեր: Տարբեր առիթներով դպրոցի վերաբացման օրակարգը կը յայտնուի թէժ քննարկումներու առանցքին, սակայն այդ քննարկումները չեն անցնիր սոսկ քննադատութիւններու ծիրը: Շատեր մեղաւորներ կը փնտռեն Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման որոշումը գործադրող կողմը համարելով գլխաւոր մեղսակից:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց, որպէսզի տնտեսական ու մարդասիրական համագործակցութեան գօտի մը ստեղծուի Ատլանտեանէն մինչեւ Խաղաղական ովկիանոս՝ ընդարձակ տարածքաշրջանին մէջ։ Փութինի համոզմամբ, այդ ճանապարհին վրայ կարեւոր քայլ մը պէտք է դառնայ եւրոպական ու եւրոասիական համարկման ներդաշնակեցումը։
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի մրցանակներուն յանձնման արարողութիւնը:
«Արժանաւորները գտնելու եւ գնահատելու առաքելութիւնը պետութեան կարեւորագոյն գործերէն մին է»:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Անգարայի մէջ ժողով մը գումարեց՝ Էրտողանի նախագահութեամբ:
ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի կողմէ արտասահմանի մէջ բացուած ներկայացուցչութիւնները տեղի կու տան անհանգստութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդապաշտութիւն» կամ «մարդկայնութիւն»՝ «humanisme» կը նշանակէ՝ մարդը պաշտող, անոր հանդէպ մեծ ու չափազանց սէր ցոյց տուող տեսութիւն, «մարդադաւանութի՛ւն»։ «The Christian Century» շաբաթաթերթի խմբագրականներու մէջ կը հանդիպինք հարցումի մը՝ որ կը հարցնէ. «Ի՞նչ է մարդը»։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աւարտական դասարանի սաները վերջերս պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Եգէականի շրջանը։ Ուղեւորութիւնը գլխաւորեց տնօրէնուհի Ժանէթ Ներկիզ, մինչ խումբին մաս կազմեցին նաեւ կրթական մշակներ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Պունտեստակի մօտ Յունիսի 2-ին քննարկուելիք հայկական բանաձեւին ընդառաջ այցելութիւն դէպի Երեւան:
Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Էտէլկարտ Պուլման տեսակցեցաւ Սարգսեանի եւ Նալպանտեանի հետ:
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Սաղիմահայ համայնքի անդամներէն Սերովբ Սահակեան յայտնեց, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը ջանայ իւրացնել իր հօրենական տունը։
Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Փիթըր Թէշ, որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ, երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին։