Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշման ցասումը կը շարունակուի. Հանրապեութեան նախագահը շատ խիստ ոճով արտայայտուեցաւ Գերմանիոյ հասցէին։
Ըստ Էրտողանի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայոց կատարած ցեղասպանութեան վկաները ի կեանս են։
Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյին Ավնի Քարսլըօղլուի մասնակցութեամբ Անգարայի մէջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան յառաջիկայ շրջանի քաղաքականութեան առընչութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ճատ­րա­կի խում­բը շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցե­ցաւ «Թե­րաք­քի» հիմ­նար­կի դպրոց­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քին։ Այս տա­րի 25-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­ւան­դա­կան դար­ձած այս ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը, ո­րու ար­դիւն­քին Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի խում­բը հանդի­սա­ցաւ ա­խո­յեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իր լայն ա­ռու­մով «բա­րե­կա­մու­թիւն» կը ստեղ­ծուի այն ա­տեն՝ երբ մէ­կը իր ինք­նա­մո­լու­թե­նէն եւ անձ­նա­սի­րու­թե­նէն կը պար­պուի եւ կը լե­ցուի դի­մա­ցի­նին ան­ձո­վը, կամ կը նոյ­նա­նայ ա­նոր հետ։ Ար­դա­րեւ ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րու «ոս­կի կա­նոն»ն է՝ վա­րուիլ մէ­կու մը հետ այն­պէս՝ ի՛նչ­պէս որ մարդ կ՚ու­զէ որ ու­րի­շը վա­րուի ի­րեն հետ։

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Պէյ­րու­թի «Հայ­կա­զեան» հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս վեր­ջերս գու­մա­րուե­ցաւ հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի տա­րե­կան ժո­ղո­վը։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ Պէյ­րու­թէն հա­մախմ­բուած ժո­ղո­վա­կան­նե­րու եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան հաս­տա­տու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներն ու ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րը։

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Մխիթարեան միաբանութեան դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն համար կարգադրութիւն:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջերս պապական պատուիրակ նշանակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելութիւն մը տուաւ Տիարպաքըր:
Ս. Կիրակոս եկեղեցին ներկայիս ունի անմխիթար վիճակ, անհրաժեշտ են բարեզարդութեան աշխատանքներ:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասնաբար կը հակազդեն Գերմանիոյ խորհրդարանի նախաձեռնութեան դէմ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Այս որոշումով մեր պատմութիւնը պիտի չփոխուի»:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Է­վիկ­տոր Լի­պըր­մա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար նշա­նա­կուե­լէն ետք, Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ Քը­նե­սէ­թի ան­դամ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան նե­ցու­կը ա­պա­հո­վել: Ու հա­կա­ռա­կ ա­նոր, որ իս­րա­յէ­լեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւող տար­բեր դէ­տեր խոր մտա­վա­խու­թիւն­ներ ու­նե­ցան, ծայ­րա­յե­ղա­կան կե­ցուածք­նե­րով Լի­պըր­մա­նի նա­խա­րար նշա­նա­կուե­լուն ա­ռըն­թեր ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու այս քայ­լով պի­տի փոր­ձէ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը փրկել միա­ժա­մա­նակ քա­ղա­քա­կան աջ թե­ւը դուրս հա­նե­լով խոր տագ­նա­պէ մը:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ սոփ­րա­նօ Գա­րին Պոզ­քուրթ վա­ղը հան­դէս պի­տի գայ հա­մեր­գով մը, որ կազ­մա­կեր­պուած է ի զօ­րակ­ցու­թիւն լէօ­սե­միէ տա­ռա­պող ե­րա­խա­նե­րուն։ Հա­մեր­գի յայ­տագ­րին մէջ Գա­րին Պոզ­քուրթ պի­տի եր­գէ թե­նոր Պիւ­լենտ Քիւ­լեք­ճիի հետ։

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ «Իլք­քան» սրա­հին մէջ  նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րու տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի երկ­րորդ, եր­րորդ եւ չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը այս տա­րի ի­րա­կա­նա­ցու­ցին մար­դա­սի­րա­կան շատ կա­րե­ւոր ծրա­գիր մը: Ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ծրա­գիր­նե­րու շրջագ­ծով, 2015-2016 կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ ա­նոնք ընտ­րե­ցին ըն­թերց­ման հա­ճե­լի եւ ու­սու­ցո­ղա­կան գիր­քեր ու ամ­բողջ տա­րուան ըն­թաց­քին զա­նոնք տա­կաւ առ տա­կաւ ձայ­նագ­րե­ցին  խտա­սա­լիկ­նե­րու վրայ:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի երիտասարդաց կազմը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը ներկայացաւ մեր համայնքին:
Խմբավար Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ կազմակերպուած համերգին ընթացքին արձանագրուեցաւ փայլուն յաջողութիւն մը ապագայի համար վառ յոյսերով:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Համայնքային շրջանակները երէկ երեկոյեան Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ համախմբուեցան Կայրէթթեփէի «Տետեման» պանդոկին մէջ:
Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ առ ի երախտագիտութիւն ծաղկեփունջ մը յանձնուեցաւ Մոնիք Երկանեանին, որ կոչ ուղղեց մեր դպրոցներու գոյատեւման համար:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

Մանկական հիւանդանոցի մը աջակցութեան առաջադրութեամբ, «Նոր կեանքի ծիածան» հասարակական կազմակերպութեան ի նպաստ խանդավառ երեկոյթ:
Յայտնի մեներգչուհի Լէյլա Սարիբէկեան Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ երաժշտասէրներուն ներկայացաւ համերգով մը, որ բնորոշուեցաւ «Միասնութեան շուրջպարով»:

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

4 ՅՈՒ­ՆԻՍ 2016, Շա­բաթ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի «ԲԱ­ԺԱ­ԿԻ ՕՐ» է։ Յի­շա­տակ­նե­րու վե­րա­կոչ­ման, ո­գե­ւոր եւ խան­դա­վառ օր մը՝ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, որ Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն յի­շա­տակ մը ու­նին, ապ­րուած կեանք մը, սի­րոյ եւ ջերմ զգա­ցում­նե­րու շրջան մը, որ անջն­ջե­լի դրոշմ մը թո­ղած է ի­րենց հո­գիին խո­րը։

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րէ­կուան դրու­թեամբ ծա­գե­ցաւ տագ­նապ մը։ Պուն­տես­թակ հա­ւա­նու­թիւն տուաւ հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւին։ Պեր­լին ե­կաւ հա­մալ­րել շար­քը այն մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն, ո­րոնք 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը կը բնու­թագ­րեն հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րուն կամ ո­րա­կում­նե­րուն հա­մա­հունչ՝ այ­սինքն որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2016

Մոս­կուա­յի մէջ սկսաւ հայ մե­ծա­նուն եր­գա­հան եւ դաշ­նա­կա­հար, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուեստա­գէտ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի ծննդեան 95-ա­մեա­կին նուի­րուած «Քա­նի դեռ կը յի­շեմ, կ՚ապ­րիմ» խո­րագ­րեալ հա­մեր­գա­շա­րը:

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիր­քի մէջ յի­շուած ծա­ղիկ­նե­րու մա­սին ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տալ կը շա­րու­նա­կենք։ Սաղ­մո­սաց գիր­քին մէջ Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ. «Ար­դա­րը ար­մա­ւե­նիի պէս պի­տի ծաղ­կի, Լի­բա­նա­նի ե­ղեւ­նիի պէս պի­տի մեծ­նայ». (Սաղ­մո­սաց ՂԲ 12)։ Կը տես­նուի, որ ծա­ռե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս բոյ­սե­րու յատ­կու­թիւն­նե­րը շատ գե­ղե­ցիկ օ­րի­նակ են ար­դա­րին, այ­սինքն՝ բա­րե­պաշտ մար­դուն, բնա­ւո­րու­թեան, նկա­րագ­րին եւ օգ­տա­կա­րու­թեան։

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2016

«Ե­ռա­գոյն» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-
Վեր­ջին ժա­մե­րուն Նոր Գիւ­ղի մէջ ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հրթիռ­ներ ին­կած են։

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ քննար­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Էջեր